Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ստորեւ տրուած գրութիւնը «Ազատ Օր»ին յանձնած էր «Հին պատկերներ» սիւնակի անցեալի մեր յօդուածագիրներէն Վրէժ Գալայճեանը, որ երկար տարիներ վարեց ու գործադրեց Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան վարչական աշխատանքները:
Հաճնոյ հերոսամարտի 93ամեակին առիթով եւ մեր անցեալի գործակիցի յիշատակին՝ կը հրատարակենք իր գրութիւնը:

«Էլլատա» կոչուող այս գեղեցիկ երկիրը հաստատուած հաճընցիները, 1926էն սկսեալ (նոյնիսկ պատերազմի տարիները), արժանի շուքով սգատօն, հոգեհանգիստ, ճիտապուրի սպասարկութիւն կը կատարէին, Հաճնոյ լեռներուն վրայ ինկած հերոսները կը յիշէին ու կը յարգէին:
Անոնց համար, Հոկտեմբերը համախմբուելու, հերոսամարտին նուիրւած աշխատանքներու մասնակցութիւն բերելու, իրար տեսնելու ամիս էր:
Առաջնահերթ աշխատանքներէն  մէկը Ֆիքսի Վասպուրական ակումբը ընդհանուր ժողովի գումարումն էր, ուր Ֆիքսէն զատ՝ Գոքինիայէն, Լիփազմայէն, Սինկրուէն, հեռաւոր Լաւրիոյէն, հեռացած-ցրուած հաճընցիներ «Հայաստան բուրող» ակումբը կը հասնէին, սուրբ վայր ներս մտնող ուխտաւորներու նման խոնարհ ու լուռ՝ իրենց տեղերը կը գրաւէին:
Հաճնոյ հերոսներէն՝ Արամ Կայծակը խնամուած զեկոյց մը կը ներկայացնէր, կատարուելիք աշխատանքներուն կÿանդրադառնար, երկար բացատրութիւններ կուտար, անտեղի ու աւելորդ  հարցումներու անգամ՝ համբերութեամբ կը պատասխանէր:
Սգատօներուն՝ յարգանքի խօսք արտասանելը Մազլըմեան Սրբազանը իրեն վերապահած էր: Այս պարտականութիւն-պատիւը ուրիշներու (եկեղեցական կամ աշխարհական) չէր տար, չէր զիջեր:
Առաջին կարգին, տեղ գրաւած կÿըլլային Կամսարական վարդապետը, վերապատուելի Ստամպուլեանը, Նիըր  Իսթի տնօրէն Մըստըր Թըրպըրը, Բարեգործականի կրթական քննիչ Շահնազար Քէօթահեանը:
Հոն կÿըլլային ղեկավար ընկերներ Գաբրիէլ Լազեանը, Միհրան Փափազեանը, Գէորգ Կառվարենցը, Գոքինիայէն՝ տնօրէն Արսէն Պալեանը եւ Արշակունի եղբայրները: Լիփազմայէն ալ՝ տէր եւ տիկին Գոհարունիները (չեմ կրնար չարձանագրել), երկու փոքրիկ տղոց՝ Յարութիւնին ու Գալուստին ձեռքէն                 բռնած:
Հոգեհանգիստի Կիրակի առաւօտուն, Ֆիքսի տախտակաշէն հին եկեղեցիի ընդարձակ բակին մէջ, տպա ւորիչ ու շքեղ տեսարան մը:
Հարիւրէ աւելի Հ.Մ.Ը.Մ.ի հայ արիներ, վրաններ լարած (նուէր Ամերիկայէն), դրօշներ պարզած, կարմիր-կապոյտ կապած, փողերով եւ թմբուկներով:
Խմբապետներ Գայեան եղբայրներ (անոնց առաջ՝ ժեներալներ խալթ կերեր էին...), շիք հագուած, կաշիէ կարճ տաբատներով, «քամպոյ»ներու յատուկ  գլխարկներ դրած, մետալներով, աստղերով, «շէրիտ»ներով զարդարուած:
Եկեղեցիին ներսը, բոլոր աթոռները գրաւուած են: Դուրսը՝ բակը, հոյակապ տեսարան մը եւս:
Երկսեռ երիտասարդութիւն, ուսանողներ, աշակերտներ, առանց շպարումի գեղեցիկ աղջիկներ, երգչախումբի անդամներ, մարզիկներ ու ֆութպոլիստներ, կիրակնօրեայ մաքուր հանդերձանքով, խանդավառ ու հայախօս, յարգանքով կը հետեւին ձեռնարկի գործադրութեան:
Շատ բան պիտի տայի՝ բանաստեղծին հետ «ու մեղր, ու կաթ, ու գինի» այսպիսի փառաւոր օր մը վերապրելու, սիրելի դէմքեր անգամ մը եւս տեսնելու, ձայներնին լսելու, ներկայութիւննին վայելելու, ժողովուրդիս մէջ կորսուած՝ պնակ մը օրհնուած ճիտապուր ճաշակելու համար:
1930ական թուականներէն, պատանութեանս տարիներէն, պատկերներ, ինչ որ կը շարունակէ մնալ՝ տժգունիլ սկսող յիշողութեանս պաստառին վրայ:


1945էն մինչեւ 1990

Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտին, 1945ի Ապրիլի գիշեր մը, այս տողերը գրողը Ֆիքսի հին եկեղեցին, Հաճնոյ Հայրենակցական միութեան տարեկան ընդհանուր ժողովին հրաւիրուած է:
Մօտակայ ու հեռաւոր շրջաններէ, հաճընցիներու բարբառով, «նաթրոնին պաշխօ» այսինքն խառնուածքնին տարբեր հայրենակիցներ, կարգապահ զինուորներու նման եկած ու գրաւած են իրենց տեղերը:
Այս ժողովին, հինգանդամ վարչութիւն մը կÿընտրուի: Ան քառասունհինգ տարիներ (քանի մը փոփոխութիւններով) գործեց, պատնէշին վրայ մնաց, խոհեմութեամբ շարժեցաւ, ամէն տեղ ու ամէնուն հասաւ:
Պայքարներէ հեռու մնաց, երկու մասի  չբաժնուեցաւ, ներգաղթողներու կողքին եղաւ, չքաւոր աշակերտներուն օգնութեան հասաւ:
Հաճնոյ Կեդրոնական Վարչութեան հետ (Պուէնոս Այրէս) սերտ կապը պահեց, Հայաստան Նոր Հաճըն աւանի շինութեան հանգանակութեան օրինակելի մասնակցութիւն բերաւ, «Հաճըն» ամսաթերթի ցրւումը ստանձնեց:
Գոհացուցիչ նկատուող այս աշխատանքները ներկայացնելու պահուն, յիշողութեանս թելը կÿերթայ ու կը մնայ Փակեալ Խորանի  Երկուշաբթիներուն: Կը վերյիշեմ, կը հրճուիմ, սրտիս խորէն «ախ» մը կÿելլէ:
Այդ տարիներուն, Փակեալ Խորանի օրը, հաճընցիներու կազմակերպած արշաւ-խրախճանքին, բոլոր հատուածներու պատկանող հայ ժողովուրդի զաւակներ, «Դաշնակ»ներ, Ռամկավարներ, «Կարմիր»ներ, մէկ օրուան համար, կուսակցական տարբերութիւններն ու բախումները մոռցած, Պրախամիի գեղեցիկ ու ծառախիտ գիւղը կÿարշաւէին՝ քէֆ ընելու...:
Երկու սիրուած նուագողներ, ջութակահար Քեազիմը «ղրնաթաճի» Միսաքին հետ սքանչելի տուեթօ մը կազմած, հաշտուած ժողովուրդին գլուխը անցած, նուագելով ու երգելով մուտք կը գործէին իրենց սպասող Պրախամիի հարուստ գիւղը:
Գիւղացիները, ձեռքերնին ծաղիկներ՝ ափսէներու վրայ առատ ընտիր գինի, տաքուկ բարակ հաց, հելվա, թարամա, տերեւի տոլմա, «քալոսթա արմենաքիա» բացականչելով, կը դիմաւորէին ժողովուրդը:
Նոյն օրը ու նոյն վայրը, «Հաճըն պիÿշտոնք» ըսողները, մէկ քարով  երկու թռչուն զարնելու պէս, Արամ Կայծակի Պրախամիի նորակառոյց տունը կÿայցելէին «կորսուած» Կայծակը յիշելու եւ յարգելու համար:
Տիկին Հերմինէ Կայծակը, տիպար հայուհի մը, մէկ օրուան համար սեւերը հանած, տան շեմին կանգնած, տխուր ժպիտ մըն ալ դէմքին (կÿըլլա՞յ մը, կÿըլլայ եղեր, ես  նշմարեցի...), Կայծակը չմոռցող ու յարգող այցելուները կÿընդունէր... գաղտնօրէն արցունքները սրբելով:
Եթէ Պրախամիի մեր հայրենակիցներուն քովը շարունակեմ մնալ, տեսածներս ալ պատմել, գրութիւնս պիտի երկարի, «Հաճընցին երկար գրեր է» պիտի ըսէք:
Ուստի ստիպուած եմ արտակարգօրէն փառաւոր Փակեալ-խորանեան խնճոյքէն՝ հաճընցիներուս քով վերադառնալ:
Հին վարչականները, քառասունհինգ տարի գործելէ ետք, տարիներու բեռին տակ կքած, դանդաղ քայլերով Ֆիքսի մեր եկեղեցին փոխանցում կատարելու եկած են:
Աշունի այդ գիշերը, հին վարչականները նորերուն պատմեցին, խրատեցին, շարունակելով այսպէս. «Այս սուրբ վայրէն կը մեկնինք, խիղճերնիս հանդարտ, քանզի վստահ ենք թէ մեր գործը նոյն նուիրումով պիտի շարունակէք»:
Հիները պարտականութիւն մը եւս ունէին կատարելիք. հաճընցիներուն իրենց ծննդավայրէն ու պատերազմի ճակատէն հետերնին բերած «մասունքներու» փոխանցումը, յանձնումն էր ան:
Թաւիշէ պայուսակէ մը դուրս կը բերեն, դողդողացող մատներով, Տէր Եզնիկ քահանայ հօր փայտէ սեղանին վրայ կը զետեղեն հրացան մը՝ փամփուշտներով միասին, դրօշակ մը կարմիր, կեդրոնը՝ ֆետայիներու զինանշանով՝ ծաղտիկներով ալ «սրբացած»:
Ինչպէս նաեւ հին աւետարան մը, նամակներ, հրահանգներ, լաթէ տոպրակի մը մէջ՝ Հաճընէն հող:
Աշունի այդ գիշերը, մոմերու լոյսին դիմաց, տասնեակ մը «բախտաւոր» տարեց ու երիտասարդ հաճընցիներու՝ ճակատագիրը խորհրդաւոր ու ցնցող պահեր վերապահած էր...:
«Հաճըն պիÿշտոնք»ները  զարնուած մնացած են: Երա՞զ է, թէ՞ իրականութիւն, չեն գիտեր: Մէյմը սուրբերու նկարներուն, մէյմը իրարու երեսը կը նային. «խեղճերը» ինչ ընելիքնին չեն գիտեր:
Մասունքները կը համբուրեն, կը շոյեն, ոմանք կուլան, խաչ կը հանեն, հաւաքաբար «Հայր Մեր» կÿըսեն: Նայուածքնին երկինք ուղղած, Աստուծոյ հետ կը խօսին, հայ ժողովուրդին ու  մեր հայրենիքին համար՝ խաղաղութիւն ու լաւ օրեր կը խնդրեն, կÿաղաչեն, կը պաղատին:
Հաճնոյ Հայրենակցական միութեան գործունէութենէն՝ հատուկտոր պատկերն, ինչ որ կրցայ յիշել ու ամփոփել քանի մը տողերու մէջ:

1990էն մինչեւ մեր օրերը

1990 թուականի առաջին ամիսներն էին, երբ նոր վարչութիւնը առաջին ժողովը կը գումարէ, դիւան կը կազմէ, աշխատանքներու դասաւորում կը կա-             տարէ:
Սակայն կը նկատէ, թէ միջավայրը ընդհանրապէս պայծառ չէ: Մութ կէտեր ունի:
Օրինակ, «Հաճըն պիÿշտոնք» ըսողներ, այդ երազով ապրողներ, այլեւս որքան ալ փնտռես՝ պիտի չկրնաս գտնել: Անոնց դագաղին մէջ, պատմական Հաճընէն ափ մը հող դրինք, դամբանական խօսեցանք, արժանի շուքով թաղեցինք, գլուխնիս կախ, որբ՝ տուն վերադարձանք:
Հայրենակիցներու մեծ թիւ մը, ովկիանոսներ անցնելով, հեռաւոր երկիրներ տեղաւորուեցաւ: Տարին անգամ մը, Կաղանդի գիշերը, միտքերնին կÿիյնանք: Կը հեռաձայնեն, «հելլօ» մը կÿըսեն, կը վերջացնեն:
Ուրիշներ, հարստացած, մօտակայ շքեղ ու փարթամ արուարձաններ հաստատուած, շիք ու զարդարուած, «էտօ քալա իմասթէ» կÿըսեն, երեսդ կը նային, կը ժպտին... բացակայ են:
Այս պայմաններուն ներքեւ, չորսանդամ վարչութիւնը վստահուած գործը գէշ-աղէկ շարունակել կÿաշխատի:
Սակայն, 2004ի Սեպտեմբերին, երեք վարչականներ (անհաւատալի կÿերեւի, բայց իրականութիւն է...) հիւանդ են, տունէն դուրս ելլել չեն կրնար:
Նոյեմբերին, բժշկուած՝ ոտքի են: Բայց ցաւով կը տեսնեն, թէ մինչեւ Դեկտեմբերի վերջերը բոլոր Կիրակիները գրաւուած են՝ հոգեհանգիստի համար ազատ Կիրակի չձգելով:
Աջ ու ձախ կը դիմեն, կը հեռաձայնեն, սակայն խնդրանքնին լսող, ցաւերնին բաժնող չեն կրնար գտնել:
Ութսուն տարիներ, Հոկտեմբերներուն կատարուող հոգեհանգիստներ 2004 թուականին չկատարուիլը՝ Հաճնոյ Հայրենակցական միութեան համար նահանջի, խաւարի, ամօթի տարի մը պիտի արձանագրուի եղեր:
Երեւակայեցէ՛ք՝ հոգեհանգիստ չկատարուելուն համար, կեդրոնական վարչութեան կողմէ (միշտ՝ Պուէնոս Այրէս), դիտողութեան արժանացանք: Այս գրութիւնը, իբր պատասխան, որոշեցինք հրատարակութեան խնդրանքով «Նոր Հաճըն» ամսաթերթին ուղարկել:
Օր մը («Մօտ է գարունը, շուտով կը բացուի»), եթէ ... եթէ կÿըսեմ, Արամ Կայծակին, Գայեան եղբայրներուն, Նազար Գալայճեանին եւ Պօղոս Բոշեանին          հանդիպին, յանկարծ դիմացնին ելլեն, ի՞նչ պիտի ըսեն: Հոգեհանգիստ չկատարելնին, հանդիսաւոր խոստումը դրժելնին ինչպէ՞ս պիտի արդարացնեն, ի՞նչ պիտի ըսեն... Ի՞նչ:
Երախտագիտութեան խօսք ունին այն հայրենակիցներուն ու բարեկամներուն, որոնք հետաքրքրուեցան, հարցուցին. «Ի՞նչ պատահեցաւ ու հոգեհանգիստ չկրցաք կատարել» ըսին,  ցաւ յայտնեցին:
Ուրիշներ, ինչպէս եղբայր Կիւտէնեանը կÿըսէր՝ «վերի արտի ցորեններ», առաջին կարգ գրաւողները, «ինչո՞ւ» մը չըսին, ձայներնին չլսեցինք:
Մեր վախճանեալ առաջնորդը՝ Այվազեան սրբազանը, Հոկտեմբերէն առաջ կը հեռաձայնէր, միասին հոգեհանգիստի թուական կÿորոշէինք, մանրամասնութիւններու տեղեակ ըլլալ կը      փափաքէր:
Առաջնորդարանի գրասենեակէն  մեզ  կը խրատէր, մեր գործը կը դիւրացնէր: «Ձեզի հետ եմ», կÿըսէր... Ի՜նչ լաւ էր:
* * *
Այս բոլորը չէին բաւեր, 2005ի Օգոստոսին, մեր մօտէն ընդմիշտ հեռացաւ վարչութեան ատենապետ Մինաս Էրջէնեանը:
Արժանի շուքով թաղումէն ետք, կը տեսնենք թէ վարչութեանս վիճակը լաւ չէ: Երեք վարչականներ մնացած ենք:
Եւ ի՜նչ վարչականներ: Երեք «կիսափուլ» հաճընցիի զաւակներ: «Հոյակապ» Զօհրապը, խաղաղ Սոֆին ու այս տողերը գրող «յանցաւորը», անցեալ տար- ւան «թերացում»էն սիրտերնիս այրած, որոշեցինք արագ շարժիլ, ամիս մը առաջ թերթով գրաւեալ օր յայտարարեցինք, խնդրեցինք հոգեհանգիստի Կիրակին ձեռնարկ չկազմակերպել:
Այս Կիրակի, Հոկտեմբեր 23ի առաւօտը, հայ ժողովուրդի զաւակները ան- խտիր բոլորն ալ Ֆիքսի Սուրբ Կարապետ եկեղեցին կը սպասենք, միասնաբար մոմ վառելու, «Հայր մեր» ըսելու, Հաճնոյ լեռներուն վրայ ինկած հերոսները յիշելու եւ յարգելու համար: