Դժուար է՝ բայց կ՝արժէ
Աշխարհին մէջ կան երկիրներ, ցեղեր, ժողովուրդներ, ազգեր, մշակոյթներ, լեզուներ, որոնք վերջին տարիներուն կամ անհետացան աշխարհի քարտէսէն կամ միաձուլուեցան իրարու մէջ եւ կամ ալ նորեր ստեղծուեցան:
Պատմական մեծ երկիրներու միութիւններ հատուեցան՝ ստեղծելով պզտիկ պետութիւններ, իրենց ուրոյն մշակոյթը պահպանելով եւ զարգացնելով կամ բարեփոխելով՝ օտար մշակոյթի ազդեցութեան տակ: Ազգերն ու ժողովուրդները իրար խառնուեցան ու մէկը միւսին սովորութիւններն ու մշակոյթը որդեգրեցին:
Նաեւ պատերազմներու պատճառով ժողովուրդները հեռացան իրենց մայրենի հողէն ու ապաստան փնտռեցին մօտակայ երկրի մը մէջ: Կեանքի դշուառութիւնը ու քաղաքական հարցերը մղեցին ժողովուրդները գաղթել ուրիշ երկիրներ: Այսպէս՝ իրենց զաւակները այդ երկրի դպրոցները կը յաճախեն, նոյն ընկերային մթնոլորտին մէջ կը գտնուին տեղացիներուն հետ ու անկէ վերջ դժուար է զանազանել թէ ով է հայը, ով է յոյնը, իտալացին կամ ֆրանսացին:
Նոյն ընկերութեան մէջ ապրելով, տարբեր ազգութեամբ անձեր անխուսափելիօրէն կÿուղղուին խառն ամուսնութիւններու, որոնք պատճառ կը դառնան ազգի մը թիւի նուազումին:
Բայց թիւի նուազումը չէ միակ հարցը. խառն ամուսնութիւններով կը սկսի ազգի մը կազմալուծումը: Երկու տարբեր ազգերու երիտասարդներ կը որոշեն իրենց կեանքը շարունակել՝ ընտանիք կազմելով: Ընտանիք, զաւակներ, եկեղեցի, դպրոց, լեզու: Երկու ազգերէն ո՞ր մէկը պիտի գերիշխէ: Ո՞ր եկեղեցին պիտի ամուսնանան, ո՞ր դպրոցը պիտի երթան իրենց զաւակները, ի՞նչ լեզու պիտի խօսին իրենց զաւակներուն հետ: Եւ դժուարութիւններու շարանը չի վերջանար...
Երբ որ երիտասարդ տարիքի մէջ ես, լաւատեսութեամբ եւ բարեացակամութեամբ կը դիմագրաւես հարցերը. ամէն ինչ շատ պարզ կÿերեւի: Ի՞նչ հայ, ի՞նչ յոյն: Բոլորը նոյն սովորութիւնները, նոյն զբաղումները, նոյն զգացումները չունի՞ն… Բնական է որ սահմանագիծ չկայ զգացումներուն մէջ: Այսպէս դիւրին եւ պարզ ու բնական կը թուի որոշումը՝ ամուսնանալ տարբեր ազգի մը զաւկին հետ:
Թոյլ տուէք ըսելու որ այդ հանգրուանին հասնելէ առաջ՝ պէտք է եղած ըլլայ գործը: Երիտասարդները այնպիսի դաստիարակութիւն պէտք է ստացած ըլլան իրենց ընտանիքէն ու դպրոցէն, որ իրենց հայութեան զգացումը կանխարգիլէ դժուարին այդ կացութիւնը: Գէթ պէտք է գիտակցին թէ այդ քայլը, որքան մեծ անելի առջեւ կրնայ բերել նախ իրենց ընտանիքը եւ յաջորդաբար իրենց ժողովուրդը, մանաւանդ երբ այդ ժողովուրդը տարիներ շարունակ ապրած է օտարութեան մէջ եւ ջանք չէ խնայած պահպանելու համար իր ինքնութիւնն ու մշակոյթը:
Վստահաբար չկայ հայ ընտանիք մը, որու մէկ անդամը ամուսնացած չըլլայ օտարի մը հետ: Իրենք կրնան խօսիլ դիմագրաւուող դժուարութիւններուն մասին. օրինակի համար՝ հայկակա՞ն ամուսնութիւն պիտի ըլլայ, հայկակա՞ն անուն պիտի տրուի փոքրիկին, հայկակա՞ն դպրոց պիտի արձանագրուի փոքրիկ աշակերտը, հայերէ՞ն պիտի սորվի ու պիտի խօսի, հա՞յ բարեկամներ պիտի ունենայ, խնճոյքներու ընթացքին հայկակա՞ն երգեր պիտի երգէ, հայկակա՞ն միութիւններու պիտի անդամագրուի: Այս բոլորը կրնան անիմաստ դժուարութիւններ երեւալ սկիզբը, բայց կեանքի ընթացքին մեծ նեղութիւններ կրնան պատճառել ընտանիքին մէջ:
Ուրեմն ի՞նչ պէտք է ընել կանխելու համար խառն ամուսնութիւնները: Դժուար է ըսելը: Ամէն մէկ հայ ծնողք, պէտք է վայրկեան մը երեւակայէ իր կեանքը այս վիճակին մէջ: Կարելի՞ է հանդուրժել այդ պատկերը: Եթէ ոչ, պէտք է իր զաւակները դաստիարակէ այս ուղղութեամբ, գիտնալով հանդերձ որ որքան տարիները անցնին այս երեւոյթը սովորական պիտի դառնայ: Պէտք է հայապահպանումի արժէքը անոնց փոխանցէ ու հայկական մթնոլորտի մէջ անոնց պահէ, որքան որ կարելի է, սկսելով իրենց փոքր տարիքէն:
Ժամանակները փոխուած են, զաւակները դաստիարակելու գործը բաւական դժուարացած է: Բայց կÿարժէ հայ ազգին համար, որ երկար տարիներ տոկացած է օտարութեան մէջ, ամէն մէկ հայ իր կարելին ընէ որ խառն ամուսնութիւններու երեւոյթը տկարանայ հայկական ընտանիքներէն ներս:
Դժուար է՝ բայց կ՝արժէ:
Ալիս Յարութիւնեան-Աւետիսեան
Ոսկի եռանկիւնը
(Աստղերու դիւանագիտութիւն եւ քարոզչական այլ ձեւեր)
Պետութիւններու եւ կազմակերպութիւններու շահերու հետապնդման համար հնարաւորութիւնները, առիթները եւ տեղեկութիւնները կը կազմեն ոսկի եռանկիւն մը: Արտաքին քաղաքականութիւնը եւ հասարակութեան հետ կապերը բախտի վրայ չեն ձգուիր: Այս պատճառով է, որ երբ դիւանագիտական աւանդական ձեւերը քարացած են, երբ տեղքայլ կ’արձանագրեն կամ անոնց պաշտօնական հետապնդումը, փոխանակ լուծումի՝ դժուարութիւններու կ’առաջնորդէ, այլ միջոցներ կու գան շարժում մը ստեղծելու եւ ընթացքը վերակենդանացնելու, գործի դնելով ոսկի եռանկիւնը:
Անուղղակի, երկրորդ կարգի բայց ոչ երկրորդական կարեւորոթիւն ունեցող այս ձեւերը, կ’որդեգրուին հիմնականօրէն թիրախ ունենալով ամբողջ ժողովուրդներ եւ անոնց վրայ զգացական ազդեցութիւն բանեցնելու համար: Մէկ խօսքով, դիւանագէտներու միջեւ իրար համոզելու գործընթացը կը շարունակուի, սակայն անոր կողքին այլեւս կը միանան ահագին բազմութիւններ, որոնք կը մղուին զգացումներէ եւ ոչ տրամաբանական մտածումէ: Յունաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները նոր թափ առին 1999ին երկու երկիրներուն մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն վերջ. լաւ առիթ մը, որ շահագործուեցաւ պաշտօնական եւ անպաշտօն ձեւով: Մենք կը տեսնայինք ցաւը, այդ ցաւը թեթեւցնելու եւ դիմագրաւելու անհրաժեշտութիւնը մինչ միաժամանակ փորձ կ’ըլլար յառաջ քշել երկու երկիրներու միջեւ վստահութեան կառուցման ծրագիրը եւ յանկարծ մոխրագոյն գօտիները կամ կղզի գրաւելը իրենց կարեւորութիւնը կը կորսնցնէին... Կասկած չկայ թէ առաւելութիւնը ունի ան, որ կը յաջողի ժողովուրդ մը ձեռնկալել:
Պայքարները այլ դաշտերու մէջ եւս կը մղուին ինչպիսին է ֆութպոլը: Անշուշտ անդրադարձը կը վերաբերի Հայաստան Թուրքիա կապերու բարելաւման գործընթացին: Իսկ վերջին տարիներուն, քաղաքականութեան բոլորովին տարբեր բեմ մը կը հանդիսանայ Եւրատեսիլի մրցոյթը: Յիշենք Վրաստանի պարագան, որ քաշուեցաւ մրցոյթէն երբ մերժեց ըստ պատասխանատուներուն հակա - փութինեան քարոզչութիւն տանող, մասնակցող իր երգի բառերը փոխել: Նշելի է նաեւ, այս միջոցառման հետ կապուած «համագործակցութիւններուն» նկատմամբ տրուած կարեւորութիւնը, նախքին սովետական պլոքի եւ պալքանեան երկիրներէն: Եւ չմոռնանք՝ 2011ին Պա-տանիներու Եւրատեսիլին յաղթեց Հայաստանը իսկ միւսին Ատրպէյճանը:
Դիւանագիտութիւնը ընդարձակելով եւ զայն քարոզչութեան լայն ծիրէն ներս ներառնելով կ’ընդլայնուի նաեւ գործադրողներու աւազանը: Իւրաքանչիւր անձ կարող է քարոզչութիւն տանիլ, ազատօրէն: Այսպէս, շատ անգամ կը տես- նանք զանազան անձնաւորութիւններ գլխաւորաբար արուեստագէտներ, որոնք ընդհանրապէս համաշխարհային նպատակի մը կը նուիրուին դուրս գալով իրենց ազգային սահմաններէն: Ուրիշներ պաշտօնական ձեւով կ’օծուին «դեսպան», «պատգամաբեր» կամ «անձնաւորութիւն», ուրիշներ ալ անձնական շահեր հետապնդելու համար կամ ալ գիտակցութեամբ կը ստանձնեն պայքար մը յառաջ մղելու գործը: Իսկ հանրութեան համար աւելի մարսողական եւ գրաւիչ է փայլուն անձնաւորութեան մը յորդորանքը:
Խօսինք մեզի ծանօթ օրինակներով.-
-Մարիանա Վարտինոեանիս՝
UNESCOի Մանուկի եւ Ընտանիքի՝ Բարիացակամութեան Դեսպան
Հպարտօրէն կը կրէ Դեսպանի հանգամանքը եւ իր ծանօթութիւններու միջոցաւ ՄԱԿի նպատակը կը հետապնդէ:
-Անճէլինա Ժոլի՝
UNHCR Գաղթականներու Բա- րիացակամութեան դեսպան
Կ’ըսուի, որ կը պատրաստուի ԱՄՆի նախագահ դառնալ: Աշխարհի կարիքաւորներու եւ դժբախտներու կողքին ըլլալով հանդերձ, ԱՄՆի Արտաքին Կապերու Խորհուրդին անդամ է:
-Ճորճ Քլունի՝
ՄԱԿի Խաղաղութեան պատգամաբեր
Տարֆուրի Ցեղասպանութեան դէմ ամէնէն հաւատարիմ ակտիվիստը (notonourwatchproject.org):
-Սերժ Թանքեան
Հայ Դատի ակտիվիստ
Կ’երեւակայէի՞ք որ Սարդարապատը ռոք մեկնաբանութեամբ պիտի լսուէր ծայրէ ծայր լեցուն դաշտերու մէջ եւ թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը մեզմէ հեռու գտնուղ զանգուածներու պիտի հասնէր այսքան մեծ դիւրիթեամբ:
-Քիմ Քարտաշեան
Իր հայանպաստ tweetները աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող մօտ 9.5 միլիոն անձերէ կարելի է կարդացուին:
Հազարաւոր կազմակերպութիւններէ եւ նպատակներէ զանազանուելու համար պէտք է յաջողիլ լոյսը քու վրադ դարձնել եւ աւելի բարձրաձայն խօսիլ: Արդէօ՞ք ժամանակն է, որ ՀՕՄը այլ միջազգային կազմակերպութիւններու նման իր պատգամաբերները նշանակէ: Յարմար անձնաւորութիւն մը, որ պիտի կարենայ թարմ շունչ տալ եւ նոր զանգուածներու մօտենալ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն ներս, ձայն առնել միջազգային բեմերէն եւ լոպիստական աշխատանք տանիլ: Պատգամը կը մնայ միշտ նոյնը, անոր տարածումն է, որ օգնութեան կը կարօտի:
Այս յօդուածին նպատակը չէ ցոյց տալ թէ Ամերիկան գտնուեցաւ, Քօլօմպոսը արդէն աճապարեց այդ մէկը ընելու, սակայն ներկայ ժամանակներուն հետ քայլ պահելը եւ մասնաւորաբար արագօրէն արդիւնաւէտ ըլլալը կը պարտադրէ արդի ձեւերու որդեգրում եւ բաց միտքեր, որոնք ինչպէս որ կը պատահի այս տեսակի պարագաներուն, երբեմն մեր տարիներու սովորութիւններէն կը տարբերին:
Ալիս Ապրոյեան
Մէկ բառ,
հազարաւո՜ր նկարնե՞ր...
Ամառները, ընդհանրապէս կարդալու համար ճիշդ պէտք եղած եղանակն են. կարդալ՝ ո՛չ թէ դաս մը կամ պարտականութիւն մը կատարելու համար, այլ... միմիա՜յն հաճոյքի: Երբ նախընտրած գիրքդ ձեռքդ առած, նստած կամ երկնցած, կը սուզուիս անոր մէջ, բառերուն, տողերուն եւ էջերուն ընդմէջէն ճամբորդելով հազարաւոր տեղեր, հանդիպելով բազմաթիւ մարդոց եւ ապրումներու, որոնք միտքդ եւ հոգիդ առօրեայ տափակ իրականութենէն դուրս բերելով կÿառաջնորդեն քեզ դէպի զանազան եւ այլազան ուղղութիւններ, երբեմն անսպասելի, երբեմն զուարթ, շատ անգամ տխուր կամ զարմանալի...
Չկայ կարծեմ հաճոյք մը որ կրնայ փոխարինել ընթերցանութիւնը. գինիի չափ հարբեցնող, սիրահարութեան չափ խելագարող, յաջողութեան չափ թռիչք տուող, ընկերային ջերմութեան չափ երջանկացնող, գեղեցկութեան չափ սիրտը տրոփեցնող է ան, միայն թէ... այս բոլորը միաժամանակ կը պատահին մարդուս, ներդաշնակութեան ռումբի մը պէս պայթելով ուղեղին մէջ, որը խուզարկու թափով կը հոսի հոգիի ամէն մէկ բջիջէ ներս, նոյն վայրկեանին լեցնելով բոլոր զգայարանները: Տեսողութիւնը՝ աչքիդ առջեւ պարող բառերու հարստութեամբ եւ անոնցմով երեւակայութիւնդ կեանքի կոչող տեսարաններով, լսողութիւն՝ այդ բառերուն մէջէն ականջիդ հասնող քանի՜-քանի՜ հնչիւններով..., հոտառութիւնը՝ բառերէն եւ հնչիւններէն յառաջացող բոլոր բուրումներով, շօշափութիւնը՝ երբ մատներուդ ծայրով կը բռնես էջերը, ամէն անգամ դարձնելուդ նոր դուռ մը բանալով մտային աշխարհին մէջ եւ յամառութիւնը՝ երբ անզգալաբար, գրի առնուած գա-ղափարները, տեսարանները եւ անոնցմէ բխող բոլոր նիւթերը երբեմն լեղի, երբեմն քաղցր, երբեմն թթու կամ աղի համը կը փոխադրեն քիմքիդ... Կը ճամբորդես առանց տեղէդ շարժելու, կը սորվիս առանց պարտադրանքի, կը լիանաս, կը մտածես ու կը վերլուծես առանց արտաքին պահանջատէրներէ պարտադրուած ըլլալու, կը ճանչնաս հեղինակի մտային աշխարհը, կÿինքնամփոփուիս, կը մտնես ինքզինքիդ, քու մտքիդ ու հոգիիդ խորքը առանց ինքզինքէդ վախնալու...
Աներեւակայելի բաներ կրնան պատահիլ խելքիդ մէջ, անսպասելի մղումներ կրնան գրաւել ինքնութիւնդ, աննախնդաց թափով կը սկսիս քալել նոր ճամբէ մը, որ մինչեւ այդ վայրկեանը ծանօթ չէր քեզի...
Ո՛չ մէկ նկար կարող է փոխարինել բառը, տողը, նախադասութիւնը, էջը: Նկար մը շատ բան կրնայ ըսել, այո՛, բայց ոչ ա՛յդքան շատ. կրնայ վայրկեանի մը համար քեզ գրաւել, տեղն ու տեղդ շանդահարել, այո՛, բայց նկարը եթէ աչքիդ առջեւ չդնես ու անդադար չդիտես, տպաւորութիւնը շուտով կը մարի, կÿանհետանայ... իսկ կարդացած բառերդ, տողերդ, ... անոնցմէ ամէն մէկուն մէջ տասնեա՜կ նկարներ կան եւ երբ գիրքը կամ էջը աչքիդ առջեւէն հեռացնես, գոցես եւ հեռանաս, անոնք կարծես ա՛լ աւելի կը հզօրանան, կը վերլուծուին, կը «դառնան» ու կը «պարեն» մտքիդ մէջ, նոր իմաստ, նոր ինքնութիւն ստանալով ամէն անգամ, նոր պատուհան մը բանալով իմացականութեանդ մէջ, նոր նուէր մը պարգեւելով մտային եւ հոգեկան աշխարհիդ...
Ճիշդ է որ կան զանազան կարողութիւններով մարդիկ: Կան անոնք, որոնք աւելի լաւ կը տպաւորուին կամ կը սորվին տեսնելով, անոնք որոնք բան մը կը իւրացնեն՝ լսելով կամ կատարելով: Այս բոլորը ուղեղային կարողութիւններուն հետ կապուած են: Տեղը չէ հոս վերլուծելու հարցին գիտական երեսը: Տեղն է սակայն ըսելու թէ՝ նոյնիսկ երբ անձի մը զօրաւոր կէտը կարդալով սորվիլը չէ, նոյնիսկ եթէ կը նախըն-տրէ կամ կը յաջողի լսելով կամ կատարելով սորվիլ, դարձեալ ստոյգ է թէ, անկէ անկախ, ամէն մարդ կը հրապուրուի ընթերցանութեամբ, նոյնիսկ լսելով ուրիշ մէկուն որ իրեն բան մը կը կարդայ. ժամանակին, երբ հեռատեսիլ կամ ռատիօ գոյութիւն չունէր, մարդոց ժամանցը ընթերցանութիւնն էր. ընտանեօք կը հաւաքուէին նստասենեակ, ուր ամէն անգամ մէկը գրականութիւն կամ թերթ կը կարդար մնացեալներուն, որոնք ոչ միայն կը լսէին ու կը վայելէին, այլ յետոյ միասնաբար կը վերլուծէին կարդացուածը, կարծիքներ փոխանակելով, խորանալով, գաղափարները մշակելով քաղաքակիրթ մթնոլորտի մէջ: Ո՛չ մէկ հեռատեսիլի նկար կարող է այդպիսի մթնոլորտ յառաջացնել, բացառելով նշանաւոր նկարիչներու գործերը, տպուած, էջի մը վրայ, պարբերաթերթի կամ թերթի մը մէջ եւ անշուշտ դասական գծագրիչներու գործերը, որոնց առջեւ կարելի է երկար մնալ ու ... իմաստները... «կարդա՜լ...»:
Տեսողութեան հարցեր ունեցող մարդիկ անգամ, ընթերցանութեան մէջ ոչ միայն առաջնութիւններ շահած են, այլեւ մեծ գոհունակութիւն ստացած են անկէ: Քանի որ կարդալը, աչքերով չէ որ կÿընէ մէկը, այլ ուղեղո՜վ եւ հոգիո՜վ...
Ինծի համար մեծ դաս մը եղած է եւ երբեք չեմ մոռնար, նշանաւոր ակնաբուժի մը խօսքը, երբ տարիքոտ տիկին մը քննելէ ետք, պատասխանելով իր տագնապալի հարցումին թէ պէ՞տք է արդեօք վիրահատութեան ենթարկուի թէ ոչ, ըսաւ. «... այնքան ատեն որ տակաւին կրնաս կարդալ... Աստուծմէ տրուած այդ բացառիկ նուէրը կրնաս ամբողջութեամբ վայելել, ո՛չ»:
Լուսի Օննիկեան-Շահինեան
Մեր բռնագրաւեալ քաղաքները այս թիւով՝
Անի
Հայաստանի հնադարեան մայրաքաղաքներէն մէկը: Կը գտնուի Շիրակի՝ Արփա Ախուրեան գետերու ափերուն: 10-րդ դարուն քաղաքի բնակչութիւնը կը նկատուի մօտաւորապէս 50.000 – 100.000-ի, իսկ 11-րդ դարու սկիզբը Անիի բնակչութեան թիւը 100.000-է աւելի էր: Քաղաքը ունէցած է զարգացման 3 շրջան՝ Կամսարականներ, Բագրատունիներ եւ Զաքարեաններ: 961թ Բագրատունիները հռչակեցին Անին Բագրատունեաց թագաւորութեան մայրաքաղաքը: Անի՝ դառնալով մայրաքաղաք, 963-964թթ կառուցուեցաւ աճող քաղաք: Անին այնքան արագ ընդարձակուեցաւ, որ Սմբատ Բ-ի օրով՝ 989 թ, անհրաժեշտ եղաւ կառուցել քաղաքի պարիսպներու երկրորդ գիծը: Քաղաքի շուրջ շինուած պարիսպը, ունէր 2.500 մեթր երկարութիւն, 8-10 մեթր բարձրութիւն եւ մէկ մեթր թանձրութիւն: Քաղաքը ունէր ընդարձակ շուկայ: Այնտեղ կառուցուած էին եկեղեցիներ, տաճարներ, պալատներ, հիւրանոցներ եւ այլ շէնքեր: 961 թ յետոյ, երբ Աշոտ Բագրատունին դարձուց Անին իր երկրի մայրաքաղաքը, վերակառուցման աշխատանքներէն վերջ, քաղաքը բաժնուեցաւ Անիի նոր մասին եւ հին մասին միջեւ։ Անին առեւտըրական եւ արհեստագործական խոշոր կեդրոն էր։ Հանգոյց էր զանազան երկիրներու միջեւ։ Անի Հայաստանի ամենամեծ ու հռչակաւոր քաղաքն էր, յայտնի իր եկեղեցիներով: “Հազար ու մէկ եկեղեցիներ”-ով: Միայն պալատական համալիրի մէջ կը պարունակուէին 7 եկեղեցիներ, որոնցմէ ամենէն բացառիկը Մայր տաճար Աստւածածին եկեղեցին էր: Անիի այլ յայտնի եկեղեցիներն էին՝ Անիի Առաքելոցը, Ս. Փրկիչը, Տիգրան Հոնեցու, Մանուչեի եկեղեցիները։ Վերջինը վերածուած է մզկիթի:
11 դարու առաջին քառորդի վերջերուն Անի-Շիրակի թագաւորութեան ներքին կեանքին մէջ ծայր կ՝առնեն պառակ- տումներ։ Տարօնի իշխանութիւնը (966 թ.) եւ Վասպուրականի թագաւորութիւնը (1016 թ.) գրաւած Բիւզանդական կայսրութիւնը ամէն կերպով կ՝ուզէր նաեւ գրաւել Բագրատունիներու Շիրակի թագաւորութիւնը Անի մայրաքաղաքով։ Գրեթէ միաժամանակ կը սկսէր սելճուկեան արշաւանքներու վտանգը։ Անին գրաւելու համար Բիւզանդիոն մի քանի արշաւանքներ կը կազմակերպէ, որոնք բոլորն ալ ամօթաբեր պարտութեամբ կը պսակուին։ Սակայն, կայսրութիւնը կը յաջողի 1045 թ. գրաւել Անին։ Բայց բիւզանդական տիրապետութիւնը Անիի վրայ կը տեւէ մինչեւ 1064 թուականը, երբ Անին կը գրաւէ եւ կ՝աւերէ սելճուկներու սուլթան Ալփ Արսլանը։ Վերջինը 1072 թ. կիսաւեր Անին կը վաճառէ Դվթի Էմիր Աբլ-Սվարեն, որ իր հերթին կը յանձնէ Մանուչէին։ Այդ ժամանակներէն սկսած մինչեւ 1199 թուականը Անին կը գտնուէր Մանուչէեան էմիրների տիրապետութեան տակ եւ մի քանի անգամ կարճ ժամանակով անցած էր վրացի իշխանութեան տակ: Զաքարեան իշխանները 1199թ. Անին կ՝ազատագրեն օտար տիրապետութիւններէն եւ իբր սեփականութիւն իրենց ձեռքը կը պահեն:1238 թուականին Մոնկոլները նախ կը պաշարեն, ապա կը գրաւեն ու կÿաւերեն Անին։ Անիի պատմութեան մեջ եւս սկսաւ ամայութեան ժամանակաշրջանը եւ զանգուածային արտագաղթը: Անին աստիճանաբար տկարանալով 14-րդ դարու վերջաւորութեան արդէն գոյութիւն չունէր։
Ներկայիս, մնացած է փլատակ գիւղ մը, որը գրաւիչ է զբօսաշրջիկներու՝ Անիի աւերակները դիտելու համար:
Այժմ վաղեմի մայրաքաղաքէն 2—3 քմ դէպի արեւմուտք գտնուող թրքական Անի անշուք գիւղին մէջ ստեղծուած է խեղճուկ հիւրանոց մը, որտեղ կ՝այցելեն զբօսաշրջիկներ ամենատարբեր երկիրներէ՝ Անիի աւերակները դիտելու համար, իսկ անոր յուշարձաններու ու հնութիւններու պահպանման մասին խօսք անգամ չ՝ըլլար։ Ամէնահզօր ժամանակը եւ մարդու աւերիչ ձեռքը անխնայ կ՝ոչնչացնեն այդ անզուգական հնութիւններն ու յուշարձանները։
Քաղեց՝ Միրիամ Շիրակեան