Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Հայաստանի մէջ երբ կ'ըսուի՝ «մեծ աստղագէտ», ակամայ կը յաջորդէ պատասխանը՝ Վիկտոր Համբարձումեան։

Արտասահմանի գիտական հանրութիւնը Վ. Համբարձումեանի կողքին՝ որպէս հաւասար մեծութիւն, կը զետեղէ նաեւ Բենիամին Մարգարեանի անունը։

Բիւրականի մէջ սակայն երբ կը հնչէ Բենիամին Մարգարեանի անունը՝ յառաջ կուգայ կարճ ու խոր լռութիւն, ապա՝ անվիճելի համոզմունքով կ'ըսուի՝ «իսկակա՛ն գիտնական, մարդ, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց աստղերուն»: Նաեւ կ'աւելցուի թէ ան իր բնաւորութեամբ ու ապրելակերպով վստահաբար՝ ...ո՛չ երկրային էր։

Ցաւալիօրէն, Բիւրականի պատասխանատուներու խորհուրդը այսօր աչքի չ'իյնար իր համախմբուածութեամբ ու փոխադարձ յարգանքի դրսեւորումներով, բայց կան անուններ, որոնք անվիճելի հեղինակութիւն են բոլորի՛ համար։ Ահա, անոնց շարքին՝ Մարգարեան աստղագէտը։ Տասնհինգ տարի շարունակ Հիւսիսային երկինքը մանրակրկիտ նկարահանած ու հետազօտած մարդու համար խորթ եղած են երկրային ճղճիմութիւնները, փառամոլութիւնը, չարախօսութիւններն ու չկամութիւնը։ Ան իր ապրած կեանքով ապացուցեց, որ կրնան մեծագոյն արժանիքները հակադարձ համեմատական ըլլալ ծայրայեղ համեստութեան։ Աստղագէտ Արեգ Միքայէլեանի խորին համոզմամբ՝ նուիրեա՛լ այն քիչերէն էր որոնց կարելի է բնութագրել ճիշդ այս բառով։

Աւաղ, հայրենի երկրէն ներս քիչքերու մօտ ծանօթ է Մարգարեանի անունը։ Իսկ ան, որ լսած է նոյնիսկ, արդեօ՞ք տեղեակ է իր գործունէութենէն։ Ի վերջոյ, ի՞նչն է իր անունը դրել գիտութեան համաշխարհային մեծութիւններու կողքին։ Սկսինք անկէ, թէ Մարգարեանի աշխատանքները այսօր անգամ հիմք կը հանդիսանան շատ գիտական յայտնագործութիւններու համար։ Ամերիկացի աստղագէտ Դանիէլ Վիդման անկեղծօրէն ըսած է՝ ես չէի ըլլար այն, ինչ եմ այսօր, եթէ Մարգարեանին ճանչցած չըլլայի եւ գիտեմ որ իմ հռչակիս համար մեծ մասամբ պարտական եմ իրեն:

Բիւրականի մէկ մեթրնոց աստղադիտակի օգնութեամբ, Բենիամին Մարգար- եանը կատարեց աստղային երկինքի առաջին շրջահայութիւնը, այսինքն՝ ան մաս առ մաս նկարահանեց ամբողջ երկինքը։ Այս գործը տեւեց տասնհինք տարի։ Աւարտին, հնարաւոր եղաւ նկատել մեծ թիւով թոյլ կալաքտիկաներ, աւելի ճիշդ, նոյնիսկ ոչ թէ նկատել, այլ եզրակացնել, որ երկնագոյն շերտերը կալաքտիկաներ են։ Ատոր համար այն պէտք էր ուսումնասիրութիւնները կատարել աւելի հզօր աստղադիտակով։ Եւ ահա այստեղ էր, որ Համբարձումեանը այդ նպատակով ԱՄՆ ուղարկեց Բիւրականէն ներկայացուցիչ մը, որ Վիդմանի հետ աշխատելով կատարեց յանձնարարութիւնը՝ հաստատելով Մարգարեանի ենթադրութիւնը։

Համբարձումեանը իր յուշերուն մէջ կը գրէ. «Բիւրականի մեթրնոց Շմիդտը լաւ օգտագործուեցաւ Բ. Մարգարեանի եւ Մ. Ղազարեանի կողմէ կապոյտ կալաքտիկաները փնտռելու գործին մէջ: Երբ յայտնաբերուեցան առաջին կապոյտ կալաքտիկաները, մենք Խաչիկեանին գործուղեցինք Միացեալ Նահանգներ, որպէսզի այնտեղի աստղադիտակներուն վրայ այդ կալաքտիկաներու տուեալները ստանայ աւելի մեծ դիտանկիւնով: Առաջին իսկ տուեալները, որ Խաչիկեանը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Վիդմանի հետ, ցոյց տուին պայծառ գիծերու առկայութիւն: Ապացուցուեցաւ նաեւ, որ Մարգարեանի կալաքտիկաներու զգալի տոկոսը բնոյթով Սեյֆերտեան են:   Լոյս տեսած իրենց առաջին յօդուածին մէջ այդ մասին, ինչպէս նաեւ յօդուածի խորագրին մէջ, այդ կալաքտիկաները կոչուեցան «Մարգարեանի կալաքտիկաներ»: Այդ գործը ընդհանուր հետաքրքրութիւն առաջացուց, իսկ անուանումը ընդունուեցաւ բոլոր աստղագէտներուն կողմէ»։

Իհարկէ, իտէալական արդիւնք ստանալու համար երկիրը գիտնականի աշխատելու համար պիտի ստեղծէ գոնէ բաւարար պայմաններ։ Այսօր մեր գիտնականի համար չկան այդ պայմանները։ Ճիշդ է՝ արտասահմանեան ուղեւորութիւնները դիւրացած են, բայց ֆինանսաւորման խնդրով, բան ու գործ թողած, գիտնականը ինքը պէտք է զբաղի։ Հիմա «ուղեղների արտահոսք» արտայայտութիւնը միջանցիկ քամիի պէս կ'անցնի մեր ղեկավարներու կողքով՝ չգործելով որեւէ ազդե- ցութիւն իրենց վրայ, հիմա գիտնական ու գիտութիւնը պետութեան կողմէ մատնուած են խորին անտարբերութեան։ Սովետներու երկրին մէջ ճշգրիտ հակառակ ծայրայեղութիւնն էր, այնտեղ կը գործէր վախը, որ իր գիտնականը կրնայ լքել երկիրը եւ իր գիտական միտքը ծառայեցնել օտար երկրի։

Կարծիքներ կան, որ Մարգարեանի հետազօտութիւնները կրնային աւելի խորը եւ համակողմանի եղած ըլլալ, եթէ ան արտասահմանեան գործուղումներու կամ արտասահմանեան որեւէ առաջատար գիտական կեդրոնի մէջ աշխատելու հնարաւորութիւն ունենար: Գուցէ իրապէս մենք կÿունենայինք աւելին, քան ունինք այսօր, բայց եղածն ալ մեծ է՝ ճանչնալու, գնահատելու, հպարտանալու Մարգարեան աստղագէտով։

Վերջին տարիներուն Մարգարեանի աշխատանքներու ուղղութեամբ կատարւած կարեւորագոյն գործերէն էր իր շրջահայութեան թուայնացման գործը, և ներկայիս հոն պարունակուող կարեւորագոյն տեղեկատուութիւնը ընդմիշտ պահպանուած է։ Այդ աշխատանքը Հայաստանի մէջ առաջին թուայնացման նախագիծն էր: «Այդ աշխատանքն ինձմէ պահանջեց երեք տարիէ աւելի՝ 2002-2005 թթ.։ Ես գոհ եմ, որ կատարեցի այդ գործը, ու այն հնարաւորութիւն ստացաւ ընդգրկուելու ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի «Աշխարհի յիշողութիւն» ծրագրին մէջ։ Բացի այդ, ինձ համար հաճելի էր այն գիտակցութիւնը, որ ես մասնակցութիւն եմ ունենում մի գործի, որը կատարել էր մեծ աստղագէտը»,- կ'ըսէ Արեգ Միքայէլեանը։ Հայաստանէն այդ ծրագրին մէջ դեռ եւս 1997էն ընդգրկուած էր Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանը: Մարգարեանի շրջահայութիւնը երկրորդն էր Հայաստանէն, որ գրանցուեցաւ «Աշխարհի յիշողութիւն» ծրագրի միջազգային ցանկին մէջ: Յիշեցնենք, որ այս ծրագիրը կը գործթ՝ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող արխիւներու եւ գրադարաններու արժէքաւոր հավաքածոներու անհետ կորուստը կանխելու նպատակով:

Իսահակեան կ'ըսէ թէ «Ժամանակը իր վախճանին կը հասնի, եւ Արեւը մի բուռ մոխիր կը դառնայ…», արդեօ՞ք տեղի կÿունենայ վարպետի՝ բանաստեղծական այս «կանխատեսումը»՝ կը դժուարանան պատասխանելու նոյնիսկ աստղա- գէտները, բայց դեռ եւս տիեզերքի մէջ մեր մոլորակը խաղաղօրէն իր հերթական պտոյտը կը կատարէ: Աստղերը կը շարունակեն իրենց պտոյտը կատարել կալաքտիկաներու կեդրոններուն շուրջ՝ աստղագէտներուն «ստիպելով» աստղադիտակները ուղղել դէպի իրենց։ Մարգարեանը աստղ է։ Վիդմանը յայտնի գիտնական դարձաւ, Խաչիկեանը՝ ակադեմիկոս, Վիդմանի հետ կապերը կը շարունակուին:

Աշնան այս օրերուն Բիւրականը իր ներքին կահաւորումով ու դար մը ապրած սարքաւորումներով կը յիշեցնէ տուն-թանգարան, ուր ոչինչ չի փոխուիր՝ չխախտելու համար յիշողութիւնը։ Այո՛, այնտեղ, ինչպէս թանգարանի մէջ կը պահուին երբեմնի փառքի յիշողութիւնները: Յիշողութիւններ, որ կը պատմեն   անցած, բայց յաւերժ ապրող անուններու մասին։

ՄԱՆԷ ՅԱԿՈԲԵԱՆ