Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ան բախում կþունենայ իր հայկական մականունին պատճառով, սակայն կը յաղթահարէ զայն՝ երբեք չփոխելով անունն ու մականունը, իսկ հետագային արդէն կը հպարտանայ իր անունովն ու մականունով 

«ԺԱՄԱՆԱԿ».- Եւրոպան նորաձեւութեան հայրենիքն է, իսկ Փարիզը՝ մայրաքաղաքը։ Այդպէս ընդունուած էր ըսել անցեալ դարուն, այդպէս կ'ըսեն նաեւ այսօր։ Ճանչցուած ըլլալու համար իւրաքանչիւր տիզայնըր պիտի անցնի փարիզեան քննութիւն։ Եթէ նոյնիսկ ան կը ստեղծագործէ Ֆրանսայէն դուրս, ապա բարձր նորաձեւութեան ասպարէզին մէջ ճանչցուած եւ ընդունուած ըլլալու համար անհրաժեշտ պայման է Ֆրանսայի մէջ յայտնուիլ եւ խստապահանջ փարիզեան նորաձեւութեան նոր ուղղութիւններ առաջարկել կարենալ։

Տակաւին 20-րդ դարու կէսին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կը հնչէին «եան» վերջաւորութեամբ մականուններ, կը շեշտուէին նորաձեւութեան հայ աստղերու անուններ։

Ժան Վանտոմ (Յովհան Թուդարեան) որդին՝ Թիէրի Վանտոմ, Ալէն Մանուկեան, Թադէոսեան, Տիտիէ Բարակեան, Ալէն Միքլի (Ալէն Միքլիթարեան), Եուլիա Դալլաքեան, Էտմոն Աւագեան, Գարին Արապեան, Վոն Վոննի, Վարդուհի Նազարեան եւ այլք։

Անոնց ստեղծած հագուստները, կը զարդարեն հոլիվուտեան աստղերու, ֆրանսական ազնուականներու, բազում մեծահարուստներու, աշխարհահռչակ բնորդներու զգեստապահարանները։ Անոնց ստեղծած ակնոցմերը, ոսկերչական զարդերը, ադամանդեայ եւ այլ քարերով պատուած վզնոցները, մատանիներն ու այլ զարդերը հիացմունք կը պատճառեն նշանաւոր մարդոց։

Անոնցմէ է ֆրանսահայ տիզայնըր-նկարչուհի Գարին Արապեան, որուն անունը մէկուկէս տասնամեակէ աւելի է, որ կապուած է եւրոպական նորաձեւ կօշիկներու, պայուսակներու, հագուստի եւ նորաձեւութեան կաշիէ ու այլ իրերու հետ։ Այսօր «Գարին Արապեան» ապրանքանիշով խանութներ կան աշխարհի քանի մը խոշորագոյն քաղաքներուն մէջ՝ Փարիզ, Լոնտոն, Նիւ Եորք, Թոքիօ, Մոսկուա։

Փարիզի մէջ (ուր կը բնակի եւ կը ստեղծագործէ ձեւաւորողը) «Գարին Արապեան» անուանումով խանութը կը գտնուի Փափիյոն փողոցին վրայ։ Ատկէ զատ, ան եւս երկու տաղաւար ունի Փարիզի մեծ ու հեղինակաւոր վաճառասրահներուն մէջ։

Մոտելաւորող-ձեւաւորողի իր գործունէութիւնը Գարին Արապեան, կարելի է ըսել, ժառանգած է։ Անոր մեծհայրը (որ Փարիզ գացած է պատմական Հայաստանէն) կօշկակար եղած է, իսկ հայրը՝ դերձակ։ Գարին Արապեան իր մանկութիւնը յիշելով՝ միշտ ըսած է, թէ տակաւին փոքր հասակէն զինք միշտ գերած է կաշիին հոտը. երբ մեծհայրը կօշիկ կը կարէր կամ կը նորոգէր, Գարին հմայուած կը դիտէր այդ աշխտանքը։ Նաեւ մեծ հօր ընկեր-վարպետներու աշխատանքին հետեւելու սովորոյթ ունէր Գարին Արապեան։

Ան վստահ է, որ իր մասնագիտութեան ընտրութեան մէջ անշուշտ կարեւոր դեր ունեցած է ընտանեկան գործօնը՝ սակայն ոչ՝ վճռական։ Մոտելաւորողը մասնագիտութեան ընտրութեան հարցին մէջ միշտ վիճած է ծնողքին հետ. անոնք դէմ էին, որ իրենց աղջիկը ընտրէ այդ մասնագիտութիւնը, հակառակ անոր, որ ատիկա ընտանեկան մասնագիտութիւն եղած է։

Գարին Արապեան ընտրած է մեծհօր եւ հօր աշխատանքը, սակայն ստեղծած է իր ինքնուրոյն ձեռագիրը, ժանրը։ Յատկանշական է, որ իր եղբայրը, որ նոյնպէս այդ միջավայրին մէջ մեծցած է, բոլորովին այլ մասնագիտութիւն մը ընտրած է. Գարին Արապեան հասկցած է, որ նորաձեւ հագուստ, կօշիկ եւ կիներուն անհրաժեշտ այլ պարագաներ ստեղծելը իրեն տրուած շնորհ մըն է, որմէ չի կրնար հրաժարիլ։

Ան քանի մը տարի ուսանած է նորաձեւութեան ESMOD հեղինակաւոր բարձրագոյն դպրոցին մէջ ու, համագործակցելով «Զվարովսքի» ու «Շանէլ» նորաձեւութեան տուներուն հետ, որոշած է ստեղծել իր սեփական ապրանքանիշը եւ ոչ միայն աքսէսուարներ արտադրել, այլեւ՝ «կինը ոտքէն գլուխ հագցնել»։

Իր առաջին հաւաքածոն ստեղծելէ ետք Գարին Արապեան սկսած է հաւաքածոներ պատրաստել «Զվարովսքի»ի եւ «Շանէլ»ի համար։ Մանաւանդ շատ բան սորված է «Շանէլ»ի հետ աշխատանքի ընթացքին՝ նշելով, թէ պատահական չէ, որ «Շանէլ» անունը տարիներ շարունակ մնացած է բարձրութեան վրայ. անիկա նորաձեւութեան իսկական դպրոց մըն է։ Առաջին երկիրը, ուր գացած է Գարին Արապեանի հաւաքածոն, եղած է Ճափոնը։

Գարին Արապեանի հաւաքածոյի մէջ մեծ տեղ ունին նաեւ պայուսակները։ Անոր ստեղծած պայուսակները մեծ են, նորաձեւ ու տարողունակ եւ հասցէագրուած են ժամանակակից կիներուն։ Իսկ ժամանակակից կիներու պայուսակը մեծ պէտք է ըլլայ, քանի որ յարդարման պարագաներէն զատ այսօր այլ իրեր, ելեկտրոնային սարքեր եւ թուղթեր պէտք է տեղաւորուին հոն։

Գարինի գործերով  կը հետաքրքրուի երգչուհի Մատոնան,
որ «Գարին Արապեան» ապրանքանիշի սիրահար է եւ
յաճախ կօշիկ կը գնէ հայ մոտելաւորողէն։

Ի դէպ, Գարինի մշտական այցելուներու կարգին են Վանեսա Փարատի,
Իզապէլ Ատժանի, Սքարլէթ Եոհանսոն եւ ուրիշներ։

Գարին Արապեան որպէս զբօսաշրջիկ առաջին անգամ ընտանիքին հետ Հայաստան գացած է 1999 թուականին։ Զինք մէկ անգամէն զգացած է ինչպէս իր տան մէջ։ Հայաստանէն երթալէն քիչ անց հայրենիք վերադարձած է գործնական այցով. նպատակ ունէր ուսումնասիրել Վերնիսաժի հայ վարպետներու տարբեր աշխատանքները։ Զինք գրաւած էին հայ արծաթագործներու, ժողովրդական վարպետներու ձեռային իւրայատուկ աշխատանքները, որոնք իբրեւ զարդեր, տուներու ձեռագործ իրեր կամ յուշանուէրներ կը վաճառեն Վերնիսաժին մէջ՝ արժանանալով օտարներու ուշադրութեան։

Որպէս նիւթ ընտրելով տախտակը, ակաթն եւ արծաթը՝ Գարին Արապեան Վերնիսաժի վարպետներուն հետ կը մշակէ կօշիկի, պայուսակի ու ապարանջանի հաւաքածոյ մը։ Ատիկա կ'ըլլայ իր առաջին հայկական հաւաքածոն, որ Փարիզի մէջ կ'արժանանայ մասնագէտներու բարձրագոյն գնահատանքին։

2003 թուականէն սկսեալ, Գարին Արապեանի հաւաքածոները ամէն տարի կը մասնակցին Մոսկուայի նորաձեւութեան շաբաթին. ան նորաձեւութեան տարածման գործակալութիւններ ունի նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ, իսկ Ֆրանսայի մէջ ան մշտական համագործակցութեան մէջ է Մարսէյլի նորաձեւութեան թանգարանին մէջ։

Անդրադառնալով Հայաստանի հետ իր ծրագիրներուն եւ նպատակներուն, Գարին Արապեան կ'ըսէ. « Իմ մեծ երազանքներէս մէկը Հայաստանի պատկերը փոխելն է։ Ես, աշխատելով «լիւքս» մակարդակի վրայ, շատ մեծ ցանկութիւն ունիմ Հայաստանը կապել «լիւքս» հասկացողութեան ու նորարար մօտեցման հետ»։

Խօսելով հայ կիներու հագուելակերպին մասին՝ Գարին Արապեան նշած է, որ Հայաստանի մէջ շատ բան, այդ կարգին նաեւ նորաձեւութիւնը ցոյց կուտայ մարդոց ընկերային դիրքը։

«Կան կիներ, որոնք շատ փափաքելով իրենց հագուստին մէջ ընդգծել սեփական հարստութիւնը՝ կը նախընտրեն սուղ հագուստ, որու արդիւնքին կը կորսնցնեն իրենց անհատականութիւնը։ Անոնցմէ շատեր կը ձգտին նմանիլ շուրջիններուն՝ յաճախ հագնելով սուղ, բայց ոչ-յարմարաւէտ հագուստներ։ Լաւ կ'ըլլայ, որ հայ կիները աւելի պարզ հագուին։ Արեւելեան ազգերուն պէս հայերը շատ կը սիրեն փայլուն ու զարդարուած հագուստ կրել, մինչդեռ աւել գնահատելի ու գեղեցիկ է պարզութիւնը։ Անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի մէջ հայ կիներու համար շատ ցուցադրութիւններ կազմակերպուին նորաձեւութեան նորոյթները ներկայացուին, այդ ամէնը կ'ընդլայնէ մարդոց մտահորիզոնը»։

Գարինը հիմա արդէն կարելի է դասել նորաձեւութեան աշխարհի ամենայաջողակ հայերու կարգին։ Ամբողջ կեանքի ընթացքին գործընկեր-հայրենակիցներու գործունէութիւնը ուսումնասիրելով՝ ան 2007 թուականին Սիլվի Ռիշոյի օգնութեամբ հրատարակած է գիրք մը, որուն մէջ կը պատմէ Ֆրանսայի մէջ գործող հայ նորաձեւութեան տիզայիներու քանի մը սերունդներու մասին՝ սկսեալ 17-րդ դարէն մինչեւ մեր օրերը։ Այս գիրքով ան յարգանքի տուրք կը մատուցէ ժամանակակից նորաձեւութեան հայ հսկաներուն՝ Ալէն Միքլիին, Ստեֆան Քէլեանին ու Ալէն Մանուկեանին։

Ան հայկականութեան առընչուած է թէ՛ պզտիկ տարիքին, թէ ալ՝ այսօր՝ հասուն տարիքին։ Մեծմօր շնորհիւ հայերէնը շատ փոքր տարիքին սորված է երիտասարդ Գարինը:

 Անուշ Թրուանց