Print
Category: Յօդուածագրութիւն

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

* Ի ՍՊԱՍ ԿԱՅՈՒՆ ԵՒ ԶԱՐԳԱՑՈՂ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ

* Ի ՍՊԱՍ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇԱՀԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հայաստանի անկախութեան վերականգնման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերահաստատման տօնը՝ 21 Սեպտեմբեր 1991ի հանրաքուէին տարեդարձը՝ 22րդ տարին ըլլալով կը դիմաւորենք:

Այսօր, աւելի քան երբեք, ազգային կայացած պետականութիւն ապահոված ըլլալու հպարտութեան ու պարծանքի զգացումով է որ կ'անդրադառնանք 22ամեայ անցեալ ունեցող թուականին, գիտակցելով դժուար անցած ուղիին, գիտակցելով մեր առջեւ դեռ գալիք դժուարութիւններուն, բայց նաեւ գիտակցելով մեր ազգի մեծագոյն նուաճման արժէքին եւ ուժականութեան:

Խորհրդային փլուզուող կայսրութենէն մինչեւ եւրոպական չափանիշներով յատկանշուած տնտեսութեան անցումը դիւրին չեղաւ: Մեր ժողովուրդը ժառանգեց անդամալոյծ եւ սնանկացած տնտեսութիւն մը, որ ընկերութեան մէջ ր հետ բերաւ տարբեր տեսակի երեւոյթներ:

Անխուսափելիօրէն այդպէս փոփոխուող ընկերութեան մէջ լուրջ հետեւանք ունեցան նորանկախ մեր պետականութեան ղեկավարութեան գործած քաղաքական եւ ընկերատնտեսական սխալները, որոնց հետեւանքով անարդարութիւն տիրեց հայրենի ժողովուրդի կեանքին մէջ, բոլորիս շատ ծանօթ՝ բնակչութեան տաս առ հարիւրի արտագաղթի տխուր վիճակը ստեղծելով: Երեւոյթ՝ որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Երեւոյթ՝ որ կը պարտադրէ իր երեսը եւ բոլորս կը մղէ այս կացութեան առաջքը առնելու մասին մշակուած քայլերու ձեռնարկելու:

Պարզ չէ ուղղել կացութիւնը: Մէկ կողմէ՝ պետութիւնը կը կարեւորէ համայն հայութիւնը համախմբելու գործը, իր ուժին անփոխարինելի աղբիւրը տեսնելով բոլորի միաւորման եւ արտաքին դժուարութիւններու դէմ միակամ կեցուածքին մէջ։ Միւս կողմէ, նոյնինքն հայկական ընկերութիւնը կը շարունակէ իր մէջ յամեցող դժուարութիւններով ընթանալ:

Ունինք չքնաղ հայրենիք, որուն անկախացումէն 22 տարիներ անցած են, բայց ծանրօրէն կը շարունակէ դիմագրաւել անգործութիւնը, ընկերային անապահովութիւնը եւ քաղաքական կեանքի առանձնաշնորհեալներու սանձարձակութիւնը...

Ունինք չքնաղ հայրենիք, որու պաշտպանութիւնը համազգային մեր ուժի համախբումը կը պարտադրէ:

Մեր հայրենիքը ենթակայ է միջազգային փոթորկոտ քաղաքական իրավիճակի պայմաններուն: Շրպատուած է թշնամիներով, իսկ թրքական եւ ազերիական ճնշումներուն ենթակայ է միջազգային քաղաքական շրջանակներէն ներս: Ի՛նչ խօսք, որ մենք ամուր դիւանագիտութեան եւ ճիշդ քայլերու կարիքը ունինք, եւ այդ գծով կարեւոր է գնահատել պետութեան գործին նպաստող բոլոր ուժերու ջանքերը:

Մեր հայրենիքի սահմանները ենթակայ են ատրպէյճանցիներու խախտումներուն եւ գրգռութիւններուն, որ օրէ-օր վտանգի կ'ենթարկեն Հայաստանի ու Արցախի Զինուած Ուժերուն մէջ ծառայող երիտասարդ սերունդը:

Մեր հայրենիքի տարածաշրջանային գոյութեան ծիրէն ներս կը դիմագրաւուի Ռուսաստանի նախաձեռնած մաքսային միութեան միանալու գործընթացը: Մեր պարագային յստակ է, թէ տնտեսական որեւէ համարկում պէտք է յստակ երաշխիքներ տայ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւններու անվտանգութեան պահպանման ու ամրապնդման եւ տնտեսական ապահով զարգացման համար:

Իսկ ներքին իմաստով՝ մեր հայրենիքը օգնութեան ձեռք կ'երկարէ Սուրահայութեան, խաղաղ ապաստան դառնալով մեր ժողովուրդի հալածուած բաժնին: Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած ազգի զաւակները նման դաժան փորձառութեան հետքերը իրենց ուսերուն եւ հոգիներուն վրայ կը կրեն դեռ, 100ամեակի նշումէն հազիւ երկու տարի առաջ:

Յատկապէս Հայաստանի անկախութեան վերականգնման տօնին՝ 21 Սեպտեմբերի 22րդ տարեդարձին առիթով, անդրադառնալով մեր առջեւ գտնուող մարտահրաւէրներուն, կ'ուզենք շեշտել անկախութեան ամրապնդումի ոգին բարձր պահելու անհրաժեշտութիւնը՝ ի սպաս կայուն եւ զարգացող Հայաստանի, ընդմիշտ ի սպաս՝ հայութեան շահերու պաշտպանութեան: