Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Հայաստանէն արտագաղթի իրողութիւնը համայն հայութեան սիրտը կը ցաւցնէ: Խորհրդային վարչակարգի օրերուն Հայաստանէն կը գաղթէին բազմաթիւ հայ ընտանիքներ:

Անոնց գաղթը դէպի Միացեալ Նահանգներ կամ Եւրոպա եւ արեւմտեան այլ երկիրներ՝ կ՛արդարանար ձեւով մը իբրեւ համայնավարական վարչաձեւը չհանդուրժողներու վերաբերում: Քսան տարիներէ ի վեր փուլ եկած է համայնավարութիւնը, Հայաստան դարձած է անկախ երկիր, բայց առաւել զարգացած է Հայաստանէն արտագաղթելու փափաքը, տենչը, չդիմանալով տեղւոյն անգործութեան առկայութեան: Բազմահազարներու հասած է մեր հայրենիքէն դէպի արտասահման գաղթած մեր հայրենակիցներուն թիւը: Խորհրդային օրերէն արտագաղթածներ արդէն տուն-տեղ եղած են Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Աւստրալիոյ, նաեւ Լատինական Ամերիկայի, ինչպէս նաեւ եւրոպական ոստաններու մէջ: Ո՛ւր որ դառնաս, հայաստանցի հայը հոն կը տեսնես:

Հայաստանի անկախ հանրապետութեան նախագահութիւնը ստանձնած նախագահներ՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, Ռոպերթ Քոչարեան եւ ներկայիս Սերժ Սարգսեան չկարողացան առաջքը առնել արտագաղթի հոսքին: Հայաստանի գիւղերը դատարկուեցան երիտասարդ բնակիչներէ, հոն մնացին ծերունիներ, որոնք անկարող եղան հողը մշակելու: Հողին կապուած քիչ թիւով ընտանիքներ եթէ մնացին՝ շարունակելու հայրենասիրական աշխատանքները, հայրենական սիրտը նկատուող ԳԻՒՂԸ պահպանելու նուիրական տրամադրութեամբ, անոնց ալ ցոյց չտրուեցան հարկ եղած օժանդակութիւնները՝ վարուցանի քրտնաջան աշխատանքները կատարելու գիւղացին, շինականը, մշակը կարիքը ունէին արդիական միջոցներու: Եզները փոխանակելու արդիական մեքենաներով, բայց հոգացող չկար: Լռած էր հորովելը, լուծ ու լծկան կը սպասէին հրաշքի, որ չէր յայտնուեր:

Հայաստանը միայն Երեւանը չէ: Լեռնային թէ դաշտային շրջաններու մէջ գիւղական կեանքը մնացած է տխուր, որովհետեւ երիտասարդները գործ կը փնտռեն, երկրագործական կամ գիւղատնտեսական աշխատանքները քաջալերողներ չկան: Գիւղերէն Երեւան կու գան երիտասարդներ՝ գործ փնտռելու: Հոն ալ եթէ չյաջողին, դէպի Ռուսիա գաղթը ամէնէն ձեռնտուն է: Ռուսաց լեզուն լաւ գիտէ հայը, խորհրդային օրերէն փոխանցուած «եղբայրական» տրամադրութիւնը՝ առկայ, հետեւաբար եւ մասամբ դիւրին կ՛ըլլայ մերուիլը: Այս իրողութեան կը հետեւին ընտանիք եւ հարազատներ, կին ու զաւակներ, մոռնալու հարցը: Տարիները կ՛անցնին, նոր երդիք ու նոր ընտանիք կը կազմուի նոր տարածքներու վրայ: Տեսնուածն ու հաստատուածը այն է, որ հայաստանցի հայը դժուարութիւն չ՛ունենար օտար երկիրներու մէջ «եոլա երթալու»: Ճարպիկ են: Օտար լեզուներ, այս պարագային՝ անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն կամ սպաներէն, գրեթէ չեն գիտեր, կամ՝ քիչերու պարագային կարելի է ընդունելի լեզուներ ըլլան մեր թուած լեզուներէն որեւէ մէկը: Այս ալ նկատենք բարենիշ մը՝ մեր հայրենակիցներուն հաշւոյն:

Արտագաղթի հոսքին մղում տուող երեւոյթներէն կարեւորագոյնը անկասկած արտասահման վաղուց գաղթած եւ հոն «արմատացած հայաստանցիները եղան: Անոնք ինչ-ինչ պատճառներով կարողացած էին խորհրդային օրերուն հայրենիքէն դուրս գալ, յետոյ մէկիկ-մէկիկ իրենց մօտ հրաւիրել Հայաստան մնացած իրենց հարազատները:

1970-ական թուականներուն կար ԱՆՉԱ   կոչուած ամերիկեան գաղթականներու յատուկ կազմակերպութիւն մը, որ կը դիւրացնէր հայրենիքէն ելքը դէպի արտասահման: Միացեալ Նահանգներն էին սիրով ընդունողը Խորհրդային Միութենէն խոյս տալ փափաքողները: Որքան դիւրին եղաւ այս միջոցառումով Հայաստանէն հայեր արտահանելը: Երբ լիբանանեան պատերազմը սկսաւ, 1975-էն ետք Իտալիա եղաւ ԱՆՉԱ-ի կեդրոնը: Հռոմը, Լիբանանի նման կարելիութիւն չունէր գաղթականներու պանդոկի, կեցութեան եւ ժամանակաւոր օգնութիւն ցուցաբերելու:

1977-ին Լիբանանի պատերազմական վիճակը մասամբ մեղմացած ըլլալ կը թուէր: Ամառնային արձակուրդով դէպի Եւրոպա ճամբորդութիւն մը կատարելու բախտը ունեցայ քրոջս հետ: Կը գտնուէինք Հռոմի հայ կաթողիկէ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ: Տէր Գէորգ վարդապետը մեզ կ՛առաջնորդէ, կը մտնենք եկեղեցի: Քանի մը վայրկեան ետք եկեղեցին կը լեցուի բազմութեամբ: Արեւելահայերէն խօսող հայեր, կին ու այր՝ երեխաներով, հայ եկեղեցականի մը շուրջը բոլորուած կը հետեւին ցուցմունքի: Կին մը կը մօտենայ ինծի եւ կ՛ըսէ.

- Հայաստանի՞ց էք, Ամերիկա՞ պիտի երթաք, դո՞ւք էլ, ո՞ր գիւղից էք…

Զարմացայ: Մեզ առաջնորդող վարդապետին հարցուցի.

- Ո՞ւր կ՛երթան այս հայերը…

- Իտալական դեսպանատուն, վիզաներու կարգադրութիւն կ՛ընեն հոս: Մեր եկեղեցին կ՛օգնէ: Դուրս ելած են Հայաստանէն: Նախապէս այս կարգադրութիւնները Լիբանանէն կ՛ըլլային, հիմա Հռոմէն կ՛երթան Միացեալ Նահանգներ:

Արդեօք ո՞վ գիտէ ճիշդ թիւը Հայաստանէն արտագաղթած հայերուն: Իրարու յենակ եղան, մէկը միւսին հրաւէր տուաւ եւ Հայաստանը պարպեցին: Միլիոններ կը հաշուեն ներկայիս գաղթած հայաստանցիներու թիւը: Ներկայիս, երբ անկախութիւն է, պետական միջոցները ձեռնտու չեն հայը իր հայրենիքին մէջ պահելու: Մինչեւ այսօր Հայաստան կը դատարկուի իր բնիկ ժողովուրդէն: Գիւղերը ամայացած են, միայն ծերունիներ եւ հիւանդներ կան: Պետութիւնը գործ չի կրնար հայթայթել, իսկ ժողովուրդն ալ մոռցած է հայրենասիրութիւնը:

Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան կոչ կ՛ուղղէ արտասահմանի հայերուն «Արի տուն» կոչով ու կանչով: Կ՛ակնկալէինք, որ հայրենի մեր պետութիւնն ալ ըսէր իր ժողովուրդին. «Մի՛ գնա, հայրենիքը չեն լքի»:

Ըստ երեւոյթին, մեր հայրենի պետութիւնը, իշխանութիւնը տարբեր խնդիրներով զբաղած են: Աթոռը պահելու հարցը հիմնական է: Կաշառքը, փտածութիւնը, գողութիւնը եւ, ինչո՛ւ չէ, նաեւ ոճրագործութիւնը:

Հայաստանի պատկերասփիւռներէն ցուցադրուող «սերիալ»-ները ողջ ըլլան: Ընտանեկան, բարեկամական, անհաւատարմութիւններու եւ անուղղայ վերաբերումներու հեղինակները կը ստանան մէկ պատասխան.

- Կը սպաննե՛մ քեզ, կը մորթե՛մ քեզ…

Սարսափեցնող խօսքեր, ամէն օր լսուող: Որքա՜ն դիւրին է մարդ սպաննելը Հայաստանի մէջ, ոմանք պիտի պատասխանեն.

- Ամէն երկրի մէջ ոճիրներ կան, ինչո՞ւ կը մեղադրէք Հայաստանը.

- Ո՛չ, մէկ-երկու միլիոն բնակչութիւն ունեցող Հայաստանին համար այսքան ոճիր շատ է, շա՜տ…

Մեր սիրտը կը ցաւի Հայաստանէն շարունակուող այս գաղթին համար: Չարչարուած սուրիահայեր Հայաստան գացին, արդեօք պիտի կարենա՞ն լեզու գտնել մեր հայրենի հայրենակիցներուն հետ: Մեր հայրենիքը տակաւին չէ արժեւորած եւ չէ փառաբանած ազատ ու անկախ ըլլալու բախտը: Տակաւին յստակ է խորհրդային կարգերու ձգած մթնոլորտը. անհաւատարմութիւն, խաբեբայութիւն, ոճիր եւ միւսները:

Հետաքրքրական է դիտել, լսել Հայաստանի Հ1 պատկերասփիւռի կայանէն հեռար- ձակուող «Սպասիր, կը գամ» յայտագիրը: Իրարմէ բաժնուած, հարազատներ կորսնցուցած, 20, 30, 40 տարիներ իրարմէ անտեղեակ հարազատներ զիրար կը փնտռեն: Մոսկուայէն նախաձեռնած են այս փնտռտուքը եւ Հայաստանի հետ կապով բարիք կը գործեն մեր հայրենակիցները: Լաց եւ յուզում, հարազատներու միացում՝ հեռաձայնային զրոյցներով:

Հայրենիք ունինք, բայց կ՛ապրինք օտարութեան մէջ: Ափսո՜ս մեր բախտին:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ