Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Գոյութիւն ունեցող արտագաղթը քանդիչ երեւոյթ մըն է մեր հայրենիքին համար, որուն դէմ կանգնիլը մեր պետութեան առաջնահերթ գործը պրտք է նկատուի:

Այս ուղղութեամբ սակայն, ցարդ ոչ մէկ իրագործում չէ պատահած, ոչ կառավարութեան, ոչ կուսակցութիւններուն, ոչ կրօնական եւ ոչ ալ հասարակական հաստատութիւններուն կողմէ, որոնք ծնունդ առած են ժողովուրդին ծառայելու, անոր հարցերը մեղմացնելու կամ լուծելու նպատակով: «Ազատ երկիր ենք, ով որ ուզում է թող երթայ» կը յայտարարեն անոնք: Ու վերջ:

Ու գիտակցաբար կը մտածեմ. արդեօք ա՞ս կը նշանակէ երկիր կառավարելը, ժողովրդին ապրելակերպը բարելաւելը, նոր գործարաններ կառուցելը, ժողովուրդին ու յատկապէս երիտասարդութեան համար աշխատանքի առիթներ ստեղծելը, հողմացրիւ հայութիւնը իր սեփական հայրենիքին մէջ հաստատելը, եւայլն...եւայլն... Ու կամօրէն կը մտածեմ դարձեալ. արդեօ՞ք մեր երկրին մէջ բարձր քաղաքականութիւն մը ի գործ կը դրուի, որ ինծի պէս պարզ քաղաքացիին համար անըմբռնելի է: Ով գիտէ կ՛ըսեմ ու անկեղծ մտածումներս կը յանձնեմ թուղթին առանց վերացական սաւառնումներ ունենալու: Յոյսս սակայն, միշտ կառչած կը պահեմ ազգասէր ու գիտակից կազմաւորուող սերունդին վրայ, որ պիտի գայ անպայման:

 

Կը մեկնին հայեր...

Հայրենիքէս հեռացել եմ,
Խեղճ պանդուխտ եմ տուն չունիմ...
Աւետիք Իսահակեան

Կը մեկնին հայեր օտար երկիրներ
վիշտ պատճառելով հայրենիքին մեր,
բայց ան պիտ՛ կանգնի, փիւնիկի նման,
որքան ալ զինքը լքեն ու երթան:

Անոնք չեն գիտեր ինչ ըսել է տուն,
չեն գիտեր ապրիլ ուրախ եւ ժպտուն,
նոյնիսկ դրամներու եթէ տիրանան
իրենց հոգւոյն մէջ տխուր պիտ՛ մնան:

Օտար հողերուն փրկութիւն չկայ
ամէն հայ այնտեղ խեղճուկ կը մնայ,
կը խառնուի ան օտար ցեղերուն
ձուլում կը ձօնէ իր զաւակներուն:

Օտար ազգերը դիւթած են միշտ մեզ,
անոնց մէջ կ՛ապրինք կեանք մը աղէկէզ,
կը տենչանք ըլլալ ծառան օտարին
քան թէ տէր դառնալ մեր հայրենիքին:

Անձնասէր հայեր ամէն տեղ կ՛ապրին
որոնք ազգային, ոգի, խիղճ չունին,
անոնց կեանքին մէջ դրամն է տիրական
որուն կը պաշտեն Աստուծոյ նման:

Նոր սերունդին վրայ հաւատքնիս դնենք,
անոնց հոգւոյն մէջ հայութիւն դրոշմենք,
զանոնք պատրաստենք ազգասէր դառնան
հայրենիք պաշտեն, անոր տէր դառնան:

Մարգար Շարապխանեան

 

 Հրճուանք հայրենական                       

Օտարի երկրին ինչ որ շինեցի
թողուցի ետիս, Հայաստան եկայ,
որ մեր երկրին մէջ նորը կառուցեմ
ու ազգիս երթին նպաստս բերեմ:

Ասկէ աւելի մեծ հրճուանք չկայ,  
կեանքս հոս է որ իմաստ կը ստանայ,
մեր հողին կառչած կÿաշխատիմ սիրով
շուրջս կը բաշխեմ եռանդ ու գորով:

Իմ գիւղի մարդոց ես ձեռք կ՛երկարեմ
իրենց ցաւերը կրծքիս կը սեղմեմ,
մասնակից կ՛ըլլամ գիւղի մեր կեանքին
ուժերուս յենած կ՛ընեմ կարելին:

Օտար հողերուն իմաստ չգտայ,
օտար կոչուեցայ եւ չնոյնացայ
ոչ մարդոց հետը եւ ոչ ալ անձիս,
օտարութիւնը կը տանջէր հոգիս:

Հիմա երջանիկ կը զգամ ես ինծի,
երազ կը հիւսեմ գալիք օրերի,
կ՛աշխատիմ անդուլ, անձէս դուրս կ՛ելլեմ
ու գիւղիս փարած վերելքին կ՛օգնեմ:

Ինչ լաւ պիտ' ըլլար, ցիրուցան հայեր,
հողին կառչէիք հայրենիքին մեր,
որ ան զօրանար եւ հզօր դառնար
ու ազգերուն մէջ յաւերժ ան մնար:

Քարոզ չեմ խօսիր հիմա ես ձեզի
եւ ոչ ալ խօսքեր կ՛ըսեմ սնոտի,
գործով մենք ցոյց տանք, գործով դրական,
որ երկիրը մեր մնայ յաւիտեան:

Մարգար Շարապխանեան
Ուշի