Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ատրպէյճանի ղեկավարները հաւանաբար տեղեակ չեն, որ իրենց անճարակ ստորադասները ինչ ահռելի վնասներ կը հասցնեն սեփական երկրի շահերուն եւ հեղինակութեան: Նախագահ Ալիեւ պէտք է կարճատեւ դադար առնէ՝ հայերուն ուղղուած ամէնօրեայ սպառնալիքներէն եւ յաւելեալ ուշադրութիւն

դարձնէ իր կառավարութեան ներքին «թշնամիներուն»:
Նախ սկսինք այն կէտէն, որ ատըրպէյճանցի պաշտօնեաները հաշուել չեն գիտեր: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը օրեր առաջ հրապարակեց «սեւ ցուցակ»՝ բացայայտելով 41 երկիրներէ 335 անձերու անուններ, որոնք 2005 թուականէն սկսեալ Արցախ այցելած են «առանց Պաքուի արտօնութեան»: Ատրպէյճան մուտք գործելը արգիլող «փերսոնա նոն կրաթա» ցուցակին մէջ ընդգրկուած են՝  խորհրդարանի անդամներ, գործարարներ, լրագրողներ, արուեստագէտներ եւ այլ հանրածանօթ մարդիկ: Անոնք կը մեղադրուին Ատրպէյճանի սահման- ները խախտելու եւ երկրի «ազգային ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը» չյարգելու մէջ: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նա- խարարութեան կայքէջը խեղճուկրակ ձեւով կÿընդունի, որ՝ «Լեռնային Ղա- րաբաղը ժամանակաւորապէս Ատըրպէյճանի Հանրապետութեան հըսկողութենէն դուրս է»:
Ատրպէյճանցիներուն ներկայացուցած՝ Արցախ այցելած 335 մարդոց ցուցակը չի համապատասխաներ իրականութեան: Աւելի քան 16.000 զբօսաշըրջիկ աշխարհի 86 երկրէ միայն 2012 թուականին այցելած է Արցախ: Ատըրպէյճանցի մեծահարուստ պաշտօնեաները, որոնք պատրաստած են այս «սեւ ցուցակ»-ը, ոչ միայն չեն կրնար հաշուել, այլեւ չեն կրնար գտնել հրապարակայնօրէն մատչելի տեղեկատուութիւնը: Թէեւ յայտնի չէ Արցախ մտնող իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկի անունը, սակայն կը թուի, թէ Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւնները արթուն չեն: Զարմանալիօրէն Հայաստանի ղեկավարներէն ոչ մէկը յայտնուած է Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակ»-ին մէջ, հակառակ անոր որ անոնք երբեք չեն թաքցուցած իրենց պարբերական ուղեւորութիւնները Արցախ: Արդեօք ասիկա չի՞ նշանակեր, որ ատրպէյճանցի պաշտօնեաները Արցախը կը համարեն Հայաստանի մաս, եւ այդ իսկ պատճառով իրենց սեւ ցուցակին մէջ չեն ընդգրկած այնտեղ այցելած հայ քաղաքացիները:
Սխալ հաշուարկն ու ցածորակ հետախուզութիւնը յաւելեալ խնդիրներ կը ստեղծեն Ատրպէյճանի համար: 335 անձերու անուններ ներառող ցուցակին              մէջ յայտնուած են այնպիսի մարդիկ, որոնք երբեք չեն եղած Արցախ, մինչ- դեռ ուրիշները, ինչպէս՝ Եոնաս Հոլանտերը Գերմանիայէն, այցելած են Արցախ, սակայն անոնց անունը դուրս մնացած է «սեւ ցուցակ»-էն: Հոլանտերը Դիմատետրի իր էջին մէջ ցուցադ- րելով «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան» համար իր մուտքի արտօնագիրին լուսապատճէնը՝ տեղադրած է հետեւեալ հեգնական մեկնաբանութիւնը. «Յարգելի Ատրպէյճան, վերջերս դուք հրապարակած էիք այն մարդոց ցուցակը, որոնց արգիլուած է մուտք գործել ձեր երկիր: Ես խորապէս վիրաւորուած եւ հիասթափուած եմ, որ իմ անունը տեղ չէ գտած ձեր ցուցակին մէջ: Կից կը ներկայացնեմ Ղարաբաղի մէջ գտնուելու իմ ապացոյցը եւ կը խնդրեմ այդ սխալը ուղղել հնարաւորինս շուտ: (Ստորագրուած) Եոնաս Հոլանտեր՝  տխուր եւ անկարեւոր ըլլալու զգացումով»:
Դէպի Ատրպէյճան հետագայ այցելութիւններու արգելքը ծաղրելու նպատակով հայերը ստեղծած են Դիմատետրի էջ՝  «Ես այցելած եմ Արցախ առանց արտօնութեան» վերնագիրով:
Ահա սեւ ցուցակին մէջ անարդարացիօրէն յայտնուած նշանաւոր ան- ձերու քանի մը քննադատական արձագանգներ.
- Մարչելօ Քաթելմի, արժանթինական յայտնի «Քլարին» պարբերականի միջազգային քաղաքականութեան բաժինի գլխաւոր խմբագիր. «սեւ ցուցակի հրապարակումը քստմնելի եւ բարբարոսական արարք է: Ասիկա խտրական մեթոտ մըն է, որ պատմականօրէն կիրարկուած է բռնապետներու եւ բռնակալներու կողմէ, որոնք  մտադիր էին դաժան ձեւով պատժել այլակարծութիւնը»:
- Ի. Վէյն Մերի, Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ գծով աւագ գիտաշխատող, Ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան խորհուրդ, Ուաշինկթըն. «Ատըրպէյճանը միայն ինքզինքին կը վնասէ Ղարաբաղ այցելած մարդոց իր «սեւ ցուցակ»-ով: Պաքուի համար  խելամիտ քաղաքականութիւն պիտի ըլլայ անմիջապէս Ատրպէյճան հրաւիրել իւրաքանչիւր մարդու երրորդ երկրէ, որ այցելած է Ղարաբաղ»:
Երբ պարզուեցաւ, որ «սեւ ցուցակ»-էն դուրս մնացած են տարիներու ընթացքին Արցախ այցելած տասնեակ  հազարաւոր մարդոց անուններ, Ատըրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուական ծառայութեան ղեկավար Էլման Ապտուլայեւը ամչնալով յայտարարեց, որ այդ ցուցակը պիտի թարմացուի եւ ընդլայնուի: Յոյսով եմ, որ ան չի մոռնար աւելցնելու նաեւ իմ անունը «սեւ ցուցակ»-ին մէջ, յատկապէս որ ես խմբագրական գրած եմ Արցախ կատարած իմ յիշարժան այ-ցելութեանս մասին:
Հայ պաշտօնեաները պէտք է օգնեն ատրպէյճանցիներուն՝  հրապարակելով այն բոլոր անձերուն անունները, որոնց բախտ վիճակուած է այցելելու Արցախ վերջին 20 տարիներուն ընթացքին, որպէսզի արգիլուի անոնց բոլորին մուտքը Ատրպէյճան՝ այդ երկիրը ձգելով աւելի քիչ այցելուներով եւ զայն մեկուսացնելով քաղաքակիրթ աշխարհէն:
Յարութ Սասունեանը
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր է
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքէջը