Երկու տարբեր զգացումներով մարդ կը վերադառնայ Հայաստանէն: Մէկը ուրախութեան, վերանորոգուած խանդի ու եռանդի գերակշիռ զգացումն է, երկրորդը՝ սրտնեղութեան, ափսոսանքի, երբ Երեւանէն դուրս գալով՝ քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ առաջին եւ վերջին վերտառութիւնն ու պաստառը որ
կը տեսնես՝ ...«Վաճառւո՜ւմ է»:
«Վաճառւո՜ւմ է» բնակարանը, վաճառախանութը, հողամասը...:
Մամուլի լրատուութեան ընդմէջէն բոլորս կը հետեւինք Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն, երբ ամէն տարի, ամէն վեց ամիս, նոր թիւերու մասին կը զեկուցէ, ուր մնայուն պատկերը՝ նուազումն է: Կը նուազի մեր երկրի բնակչութիւնը, կը նուազի մեր երկրի երիտասարդութիւնը, որ աշխատանք ու ապրուստ կը փնտռէ հայրենիքէն հեռու:
Պարզ շրջագայութիւն մը Հայաստանի մարզերուն մէջ, դիւրաւ հասկնալի կը դարձնէ ահազանգող իրավիճակը: Սովորական այցելութիւն մը դպրոց եւ աշակերտութեան թիւերու մասին հարցում մը՝ ի յայտ կը բերէ գրեթէ կէսի հասած (որոշ պարագաներու նոյնիսկ կէսը անցած) աշակերտութեան թիւի ներկայացուցած պատկերը:
Այլ շրջագայութիւն մը քաղաքի շուկայէն ներս, ուր կը վաճառուին դպրոցական իրեր: Կը փաստուի թէ վաճառականները անցեալին երկու կամ երեք անգամ մեծաքանակ ապրանք կը բերէին խանութ, իսկ այսօր դժուարաւ կը վաճառեն մէկ անգամ բերուած դպրոցական ապրանքատեսակը:
Տարբեր վիճակագրութիւններ հրապարակուած են մամուլին մէջ: Անցեալներս կարդալով Թաթուլ Յակոբեանի «Ազդակ»ի մէջ լոյս տեսած մէկ գրութիւնը, ցնցիչ կերպով կÿանդրադառնայինք Հայաստանէն արտագաղթած վերջին հինգ տարիներու ընթացքին ժողովուրդի թիւերուն, երբ կ'ըսուէր թէ շուրջ 300 հազար մարդ մեկնած է երկրէն: Այսինքն՝ Հայաստանի բնակչութեան 10% տոկոսը:
Տնտեսական սուր տագնապը, աշխատանք ապահովելու մղձաւանջը եւ ապագայի անհեռատես վիճակը մեր հայրենակիցներուն կը մղեն լքելու երկիրը: Եւ ոչ միայն: Սեփական ապագան երաշխաւորուած տեսնելու եւ ուսման, աշխատանքի ու կեանքի հնարաւորութիւններէն չզրկուելու տագնապը, պարտադրուած վազքի կ'ենթարկեն հայրենի երիտասարդութիւնը, որ ինքզինք կայացած կ'ուզէ տեսնել, հոգ չէ՞ թէ հայրենիքէն հեռու ըլլայ այդ հնարաւորութիւնը...:
Իսկ այս պարագային միայն հայրենիք լքել չէ, այլ լեզու, մշակոյթ, սովորութիւններ լքել է, ընտանիքէն հեռանալ է կամ աւելի տխուր՝ օտար երկրի մէջ օտար ընտանիք կազմելն է:
Յունիս - Օգոստոս ամիսներուն Երեւանը նոր կեանք կը ստանայ: Սփիւռքահայերու այցելութիւններ, հայրենիք վերադարձող հայրենակիցներ, որոնք ամառնային կարճ արձակուրդը հայրենի հողին վրայ ամպայմանօրէն անցնելու զօրաւոր փափաքը կը զգան: Այլ երկիրներու մէջ ուսանող երիտասարդներ, վերամիաւորուած ընտանիքներ:
Ուրախ եւ խանդավառ են Երեւանեան գիշերները, գեղեցիկ միջավայրի մէջ, շէն ու պերճ խանութներու, ճաշակաւոր շրջապատի եւ մշակուած պարտէզներու մէջ:
Որպէսզի երբեք պատրանքի չվերածուի գեղեցիկ այս պատկերը, այլ ընդարձակուի Երեւանէն դուրս եւս, կարեւոր է արդար ակնոցով կատարուած ճշմարիտ մօտեցում:
Ժողովուրդը իր զրոյցներուն մէջ կ'անդրադառնայ հայաստանեան ընկերութիւնը յատկանշող շարք մը երեւոյթներու: Հարստութիւնն ու շռայլութիւնը մեր շուրջն են՝ գեղեցիկ (եւ սուղ) պանդոկներու, արժէքաւոր ինքնաշարժներու մեծ թիւ, որ երբ կը բաղդատես քու գիտցած ժողովուրդի կարողութիւններուն՝ գէթ զարմանալի կը նկատես այդ՝ հազիւ 20 տարուայ անկախ կեանք ունեցող մեր հայրենիքին մէջ:
Դարձեալ մամուլին մէջն է որ կը կարդանք, թէ Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ կան 20 միլիոնատէր պատգամաւորներ: Ուրախանա՞լ, տխրի՞լ, զարմանա՞լ, ընդվզի՞լ...
Եթէ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հարց տրուի թէ ինչո՞ւ այս վիճակը, պատասխանատուութիւնը կը փնտռուի ազատ տնտեսութեան, մարդոց բարքերու եւ առարկայական այլ պատճառներու: Իսկ նոյն հարցումի պատասխանը երբ կը փնտռեն ընդդիմութիւն կամ երիտասարդական աշխուժ խումբերը՝ բոլորովին այլ քննադատութիւն մըն է որ ի յայտ կուգայ: Կաշառակերութիւն, անարդարութիւն, հիասթափութիւն, զզուանք:
Որքա՞ն արդար են քննադատութիւնները: Լաւը տեսնելու եւ նուազագոյն գնահատանքը տալու կամ վատին իրազեկուելու եւ սրբագրութեան նուազագոյն ճիգը թափելու անկեղծ մօտեցում կա՞յ:
Մեզ ներշնչողը մեր հայրենիքն է: Մեզ զօրացնողը մեր ազգի յատկանիշներն են: Մեզ միացնողը մեր լեզուն ու մեր բարքերն են, եւ վերջապէս մեզ ընդմիշտ շնչավորողը ազգային մեր գիտակցութիւնն է:
Հայրենիքիս ուժը հողն է, մարդիկն են, հերոսներն են:
Հայրենիքիս ուժը սէրն ու յարգանքն է որ երկրին հանդէպ ունին քաղաքացիները, համոզումն է այն աւանդութիւններուն հանդէպ, որ ազգ, լեզու եւ մշակոյթ կը պահպանեն:
Դրականը պահելու եւ ընդարձակելու գրաւականը մեր կարեւոր երաշխիքն է:
Հռիփսիմէ