Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Յուլիս 1-ին անակնկալօրէն պայթեցաւ Ֆրանսայի թեմակալ առաջնորդ Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեանի հրաժարականը, պատճառ դառնալով մեծ յուզումներու եւ ալեկոծումներու Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Գրեթէ ամէն օր յօդուածներ գրուեցան եւ տակաւին կը գրուին այս նիւթին շուրջ։

Հրաժարական նամակի բովանդակութենէն եւ անոր արձագանգներէն կարելի է հետեւցնել, որ հրաժարման պատճառ եղած են գլխաւորաբար երկու ազդակներ՝ Վեհափառ Հայրապետի ստորնացնող եւ արժանապատուութիւնը ոտնակոխող վարուելակերպը եւ թեմէն ներս յաճախակի միջամտութիւնները։

Վեհափառ Հայրապետը իր 3 Յուլիս թուակիր նամակով իր զարմանքը կը յայտնէր հրաժարականի բովանդակութեան համար եւ Սրբազանը կը հրաւիրէր որ իր բացատրութիւնները տայ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ժողովին, որու թուականը այլ նամակով մը կը ճշդուէր՝ 30-31 Յուլիս։

Սրբազան Հօր հետ կատարուած շփումները ի յայտ բերին, որ հրաժարականը անդառնալի է, Սրբազանը անդըրդուելի կը մնայ իր որոշումին վրայ։ Գաղութէն ներս յուզումը այնքան անմիջական եղաւ, որ Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդը, աւանդական կուսակցութիւններն ու այլ կազմակերպութիւններ խիստ ոճով հաղորդագրութիւններ հրապարակեցին, ի պաշտպանութիւն Նորվան Սրբազանի։ Բազմաթիւ զօրակցական նամակներ յղուեցան ծխական խորհուրդներու եւ անհատներու կողմէ։ Անհաշիւ էին հեռաձայնային պատգամները։ Ֆրանսահայ մամուլը խմբագրականներով եւ յօդուածներով արտայայտեց իր յստակ կեցուածքը։

Մեզի համար անհասկնալի մնաց կեցուածքը Թեմական Խորհուրդին, որ շուտով հաշտուեցաւ ստեղծուած կացութեան եւ հազիւ մէկ շաբաթ անց արդէն սկսաւ խօսիլ նոր առաջնորդի ընտրութեան համար եռանուն ցանկի մասին։ Մինչդեռ պէտք էր նախ փնտռէր այն պատճառները որոնք այսքան վիրաւորած էին մեր առաջնորդը, որովհետեւ ասիկա վիրաւորանք է նաեւ Թեմական Խորհուրդին եւ ամբողջ թեմին։ Պէտք էր Թեմական Պատգամաւորական Ժողովը աւելի ընդլայնուած քննարկումի ենթարկէր ստեղծուած կացութիւնը, համապատասխան կեցուածք ճշդէր եւ որոշումներ կայացնէր։ Ինչպէս կ’ըսէր Մարսէյի մեր ազգայիններէն մէկը՝ «կրակը առանց մարելու նոր առաջնորդը չենք կրնար նստեցնել նոյն կրակին վրայ»։

Պարզ կերպով հասկնալի է, որ Սրբազան Հայրը չուզեց ներկայանալ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի «դատաստանական» նիստին, որովհետեւ ամէն պարագայի պիտի չկարենար արդարացուած դուրս գալ այդ ժողովէն, որովհետեւ իր արդարացումը պիտի նշանակէր Վեհափառ Հայրապետի դատապարտումը, ինչ որ բացառուած էր։

Եւ արդէն ԳՀԽը ժողովէն ետք հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որով կը յայտարարէր, որ «քննութեան առաւ» հրաժարականը, «ընդունեց» զայն եւ «խնդրանք ներկայացրեց Վեհափառ Հայրապետին հաստատելու այն»։ Նաեւ «ափսոսանք յայտնեց հրաժարականում Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հասցէին ուղղուած անհիմն գնահատականների առընչութեամբ»։

Տակաւին չենք հասկցած, թէ երբուընէ՞ ԳՀԽ-ը առաջնորդի հրաժարական «կ’ընդունի» եւ զայն կը ներկայացնէ կաթողիկոսի հաստատման։ Երանի այդպէս ըլլար, երանի այդ խորհուրդը անկախ ըլլար կաթողիկոսէն, զբաղէր հրաժարականներու ընդունմամբ կամ նոր նշանակումներով, զբաղէր կարգալուծութեան վճիռներով կամ այլ պատիժներու տնօրինումով, հակակշռելով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անսահման լիազօրութիւնները։

Հաղորդագրութիւնը չի բացատրեր սակայն թէ ինչո՞ւ «անհիմն» էին այդ գնահատականները։ Այս հաղորդագրութեան ի պատասխան Նորվան Սրբազան մամուլին տուաւ յայտարարութիւն մը, որով կը պահանջէր հիմնաւորել այդ «անհիմն» բառը համապատասխան բացատրութիւններով, մանաւանդ որ «վերոյիշեալ ժողովին ընթերցուելու խնդրանօք մենք 4 էջնոց բացատրողագիր մը ղրկած էինք «անհիմն գնահատականների» առնչութեամբ» կ’ըսէր ան։ Մենք տակաւին կը սպասենք այդ «4 էջնոց բացատրողագիր» նամակի հրապարակման։ Հակառակ մեր խնդրանքներուն, Նորվան Սրբազան չուզեց խմբագրութեանս տրամադրել այդ նամակը, կրակը չբորբոքելու նախանձախնդրութեամբ։

Բայց Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամները իսկապէ՞ս անհիմն նկատեցին Նորվան Սրբազանի պոռթկումը։ Չե՛նք հաւատար։ Մեր եպիսկոպոսները իրենց մորթին վրայ բազում անգամներ չե՞ն կրած արդեօք այդ ստորնացուցիչ վերաբերմունքի դառն փորձառութիւնը։ Մեր թեմակալ առաջնորդները իրենց գործունէութեան մէջ չե՞ն զգար անհարկի միջամտութիւնները։ Անոնցմէ ոեւէ մէկը չհամարձակեցա՞ւ ըսել, որ այստեղ իսկապէս որ Վեհափառ Հօր վարուելակերպին մէջ խնդիրներ կան, որոնց մասին պէտք է խօսիլ։ Բայց ոչ ոք բերանը բացաւ։ Ու տակաւին հիմնաւորուած փաստեր կ’ուզեն։ Լերկ լերան լերկութիւնը հաստատելու համար վկա՞յ է պէտք։

Եւ ահա խղճի ձայնին ականջ տալով ձայնը բարձրացուց եւ կեցուա՛ծք ճշդեց Երուսաղէմի նորընտիր Պատրիարք Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան, որ հզօր բովանդակութեամբ նամակով մը իր բողոքը յայտնեց կատարուած անարդարութեան նկատմամբ։ Ու պաշտօնապէս հաստատուեցան շրջան ընող փսփսուքները, որ Նորվան Սրբազան միակը չէր որ կ’ենթարկուէր անարգական վերաբերմունքի, որ կարգալուծութեան սպառնալիքը ի զօրու էր բոլորի՛ն նկատմամբ, եւ այդ սպառնալիքի ստեղծած սարսափի մթնոլորտին մէջ անկարելի էր սպասել սիրոյ մթնոլորտ եւ ստեղծագործ աշխատանք։ Այս նամակը նոյնքան անակնկալ էր որքան Նորվան Սրբազանի հրաժարականը։

Մամուլի մէջ յօդուածները բորբոքեցան, գրեթէ բոլորը կը պաշտպանէին արդարութեան ի խնդիր ձայն բարձրացնելու երկու բարձրաստիճան հոգեւորականներու կեցուածքը։ Քանի մը յօդուածներ ալ երեւցան որոնք կը պաշտպանէին հակառակ թէզը, թէեւ անոնք առարկայական ըլլալէ աւելի կը ծառայէին Վեհափառ Հայրապետի մօտ բարենիշ շահելու նպատակին, գրեթէ գործնական արտայայտութիւնը դառնալով Նուրհան Պատրիարքի գործածած բառերուն…։

Ոմանք ձայն բարձրացուցին ըսելով՝ որ Հայ Եկեղեցին հեռու պէտք է պահել ցնցումներէ, պէտք է Եկեղեցւոյ ներքին պատերուն մէջ լուծել բարձրացուած հարցերը եւայլն։ Բայց չէ՞ որ այսքան տարիներ ներքին պատերուն մէջ մնալով հարցերը մեծցած են ու խորացած։ Ու ներքին կարգով երբե՛ք չեն արծարծուիր այս հարցերը, որովհետեւ հոն երկխօսութեան կարելիութիւն չկայ, այլ կայ «կ’որոշեմ եւ կը հրահանգեմ»ի դրութիւն, որուն դէմ նայուածք նետողն իսկ ենթակայ է կարգալուծութեան։ Պէտք է ի վերջոյ ընդունինք, որ վէրքը խորացնելու լաւագոյն միջոցը զայն ծածկելն է…։

Ոմանք այս հարցերուն մասին բարձրաձայն խօսիլը կը նկատեն Հայ Եկեղեցւոյ դէմ յարձակում եւ Հայ Եկեղեցին հարուածելու համազօր արարք։ Տակաւին մարդիկ կան որոնք չեն հասկցած պետութեան եւ իշխանութեան, հաստատութեան եւ ղեկավարութեան տարբերութիւնը, եւ իշխանութեան դէմ պայքարը կը նկատեն պետութեան դէմ հարուած, ղեկավարութեան դէմ պայքարը կը նկատեն հաստատութեան դէմ հար-ւած։ Մենք համոզուած ենք, որ Նորվան Սրբազանը իր կեա՛նքն իսկ կու տայ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Ս. Էջմիածնի անսասանութեան համար։

Մեր համոզումով, Թեմական Պատգամաւորական Ժողովը պէտք է խոր քննարկման եւ վերլուծման ենթարկելով մերժէ՛ ստեղծուած կացութիւնը, պահանջէ Նորվան Սրբազանէն մնա՛լ պատնէշի վրայ եւ յաւելեալ ժամանակ տալ, որպէսզի բազմակողմանի շփումներով եւ ուսումնասիրուած հանգրուաններով հասնինք խաղաղ նաւահանգիստ, մերժելով ժողովրդավարութեան մեր իրաւունքին հանդէպ որեւէ ոտնձգութիւն։ Մանաւանդ որ նախընթացներ ունեցանք, երբ Աւստրալիոյ պարագային առաջնորդը նշանակուեցաւ, իսկ Քանատայի պարագային նախապէս համաձայ- նեցուած եռանուն ցանկէն կատարուած ընտրութիւնը չվաւերացուեցաւ։ Երկու պարագաներն ալ ան հասկնալի մնացին մեզի։

Յամենայն դէպս պէտք է յստակ ըլլայ, որ Սփիւռքի մշակոյթին չի յարմարիր ուղղահայեաց, վերէն իջնող լուծումներու դրութիւնը։ Սփիւռքի համար օդի պէս անհրաժեշտ է ժողովրդավարութիւնը եւ ինքնավարութիւնը, իրենց իսկական եւ ամբողջական իմաստով։

«Ֆրանս-Արմէնի»ի ընտանիքը կը գիտակցի Հայ Եկեղեցւոյ դերին, խոր սէր եւ ակնածանք կը տածէ մեր Սրբութիւն Սրբոց Սուրբ Էջմիածնի հանդէպ, բայց նաեւ նախանձախնդիր է թեմի ինքնավարութեան, ժողովրդավարութեան եւ արժանապատուութեան։

 

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
«Ֆրանս-Արմէնի»