2011-ի Մարտ ամսուն էր: Քանի մը ընկերներ Աթէնքէն Սելանիկ ժամանած էինք մասնակցելու համար տեղւոյն «Յակոբ Գասապեան» կոմիտէի Հ.Յ.Դ. 120-ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան: Համայնքի «Տէր Զաքարեան» սրահը բերնէ բերան լեցուն էր: Իսկ հոն առաջին կարգին վրայ նստած ան՝ Կարապետ Գալֆայեանը, կողքին ունենալով իր տիկինը, Անահիտը:
Եկած էր հակառակ իր տկար առողջական վիճակին, շնչառութիւնը դիւրացնող թթուածինի սարքը կողքին, անգամ մը եւս իր յարգանքի տուրքը մատուցանելու՝ հայրենիքի ազատագրութեան համար ծով արիւն թափած հսկային: Պահ մը խօսեցանք ազգային ու գաղութային հարցերու մասին ու ապա հանդէսը սկսաւ: Բացման խօսք, երգեր, արտասանութիւններ ու ապա օրուայ բանախօսութիւն: Խանդավարութիւնը հասած էր գագաթնակէտին:
Սակայն նման հանդիսութիւն առանց Կարապետի խօսքը լսելու՝ անկատար պիտի ըլլար: Ու ահա, օրուայ հանդիսավարուհին զինք բեմ հրաւիրեց, փոխանցելու համար իր պատգամը ներկաներուն: Իսկոյն՝ Կարապետը կերպարանափոխուեցաւ: Մոռնալով իր վիճակը, ակնթարթի մը մէջ դարձաւ հին օրերու բոցաշունչ բանախօսը՝ որու խօսած ատեն բեմը կը թնդար ու աչքերէն շանթեր կը ժայթքէին, երբ մեր աննման ֆէտայիներու հերոսական պայքարներուն փառքը կը հիւսէր: Աչքերը կը լեցուէին, յուզումը կը փոթորկէր հոգին ու ազատատենչ իր ոգին դրսեւորելով, յարատեւ պայ- քարի պատգամով կÿեզրաբակէր իր խօսքը:
Կարելի է երեւակայել Սելանիկը առանց Կարապետի՞: Դժուար: Ո՛չ որովհետեւ կը զբաղեցնէր այնպիսի պաշտօններ, ուր անձի մը ներկայութիւնը «անփոխարինելի» կը համարուի: Փաստօրէն, տասնամեակներ ամբողջ, նման դիրքեր չէր գրաւած: Սակայն չկար ազգային գործ մը Թեսաղոնիկէի համայնքին մէջ, ուր իր ներկայութիւնը վճռորոշ եղած չ"ըլլար:
Տասնամեակներ անցած են այն օրէն երբ հիմը դրուեցաւ Հայ Գթութեան Խաչի (ՀՕՄ) Խալքիտիքիի Ամարանոցին: Ան, ամարանոցի հիմնական մղիչ ուժերէն էր: Եւ անշուշտ անսահմանօրէն կը հրճուէր երբ կը տեսնէր մեր պատանի տղոց եւ սիրուն աղջիկներու մէկտեղումը ամառնային այդ փոքրիկ Հայաստանին մէջ: Հոն՝ ուր ազգային շունչը կը միախառնուի երիտասարդական խանդին հետ եւ խիտ ամպերու մէջէն գաղտագողի սահող արեւի շողի նման, Սփիւռքի մեր մռայլ իրականութիւնը քիչ մը աւելի կը լուսաւորէ:
Ապրիլ 24, Մայիս 28 ու Հայ Դատ: Կարապետը բանախօ՞ս: Անշուշտ, բայց ո՛չ միայն: Թեսաղոնիկէի պետական հեռուստակայանը նման առիթներով օրուայ պատշաճ ծրագիր մը կը ներկայացնէր յաճախ, ի պատիւ յունահայութեան: Իսկ հրաւիրեալը ինք՝ որ իբրեւ համայնքի ներկայացուցիչ ու քաղաքի ականաւոր անձնաւորութիւն, սահուն յունարէնով եւ անառարկելի փաստերով կը ներկայացնէր պատմական իրողութիւններն եւ Հայ Դատի արդարացիութիւնը:
Կարապետի համար սակայն, Հայ Դատի քարոզչութիւնը սոսկ քաղաքական միջոցներով կատարուելիք աշխատանք մը չէր: Ինք խորապէս համոզուած էր, թէ այդ գործին մէջ հիմնական նշանակութիւն ունէր մեր ազգային մշակոյթի ծանօթացումը օտարներուն: Այդ ծիրէն ներս, իր զաւակներու օգնութեամբ բծախնդրօրէն հաւաքած ու դասաւորած բազմաթիւ հայկական թանկագին գանձերը ցուցադրած էր Թեսաղոնիկէի Բիւզանդական թանգարանին մէջ, խորապէս տպաւորելով հայ թէ յոյն բոլոր այցելուները:
1988-ի երկրաշարժի օրերուն, իր բոլոր ուժերով մասնակցեցաւ տուժածներուն օգնութիւն ապահովելու գործին։ Իսկ քանի մը տարի ետք, երբ Հայաստանը վերանկախացաւ, եղաւ առաջինը որուն վստահուեցաւ ՀՀ.ը Յունաստանի մէջ ներկայացնելու պատիւը:
Տակաւին շատ բան կարելի է գրել Կարապետ Գալֆայեանի մասին: Սակայն որքան ալ փորձենք, անկարելի պիտի ըլլայ իր բոլոր գործերն ու շնորհքները ամփոփել այս քանի մը տողերուն մէջ:
Կարելի է անվարան մէկ բան ըսել սակայն: Թէ յունահայ եւ յատկապէս Սելանիկի համայնքին բերած իր մեծագոյն նպաստը եղաւ, մեր ազգային աւանդներն ու գաղաբարները տեղւոյն երիտասարդութեան մտքին ու հոգիին մէջ արմատաւորելու գործը: Այդպիսով է որ ան ճանչցուեցաւ իբրեւ շրջանի անվիճելի ղեկավարը: Եւ շնորհիւ իր տիրական ազդեցութեամբ դաստիարակուած սերունդին՝ Թեսաղոնիկէի ազգային կեանքը մինչեւ այսօր կը փայլի:
Յարգանք իր յիշատակին:
Արա Մանկոյեան