(Հայու անարգ գնդակով զոհուած Պռոշեանի գիւղապետին)
Թախիծ մը կայ մէջը սրտիս
որ օրերով կը տանջէ զիս,
թախիծ մը որ ես չեմ կրնար
անխիղճ դառնալ ու զայն մոռնալ:
Անմարդկային արարք մըն էր,
որ հրահրեց ցասումը մեր,
դաւադիրներն այդ խօլական
պէտք է յայտնել, ուր որ ըլլան:
Պէտք չէ վախնանք ճշմարիտէն
արդարութիւն պահանջելէն,
յանցաւորին երբ որ յայտնենք
արդարութեան կը նպաստենք:
Ընկեր Հրաչը պէտք չէ մոռնանք,
հաւատարիմ պէտք է մնանք
իր երազին, իր իտեալին,
իր անձնուէր խոնարհ կեանքին:
Հիմա կանգնած իր շիրիմին
երդում կու տանք իր անունին,
որքան օրերն ալ անցնին
պիտի հասնինք մեր խոստումին ...
զի մարմինը նոյնիսկ մեռնի
նպատակը յաւերժ կ՛ապրի...
Մարգար Շարապխանեան