Print
Category: Յօդուածագրութիւն

ՄԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ՏԻՊԱՐԸ ԵՒ ՀԱՒԱՏՔԻ ՕՃԱԽԸ

Ս. Աստուածածինը ապրեցաւ սրբակենցաղ կեանք, կամեցաւ բարին, եղաւ ողորմած եւ մարդասէր, դարձաւ բարի օրինակ իր շրջանակին եւ ի վերջոյ,

Աստուած ունեցաւ իր մէջ եւ դարձաւ Ս. Կոյս Աստուածածին։     
Եղաւ Մայր համայն աշխարհին՝ բառին վաւերական եւ հարազատ իմաստով։
«Լոյս լուսոյ Մայր, եւ կենարար բանին բնակարան»։
Շարականագիրը իր այս բառերով կþուզէ Աստուածածինը տեսնել համապարփակ լոյս, որովհետեւ իրմէ բխեցաւ աշխարհի Լոյսը, որովհետեւիրմէջբնակեցաւկեանքիաղբիւրը։ Ս. Կոյս Աստուածածինը Աստուծոյ նկատմամբ իր ունեցած հնազանդութեամբ դարձաւ տիպար օրինակ ի հեճուկս Ադամի եւ Եւայի անհնազանդութեան։ Աստուածամայրը իր հզօր հաւատքով  Աստուա՛ծ ունեցաւ իր մէջ եւ մերժեց չարին պտուղը։
Աստուածամայրը հաւատքի զօրութեամբ, Աստուծոյ հանդէպ իր ունեցած վստահութեամբ եւ հնազանդութեան ոգիով դարձաւ «Անկէզ մորենի» եւ այդ մորենին այսօր կուգայ հիմնական երկու պատգամներ փոխանցելու մեր ազգի զաւակներուն.-

 

Ա) ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆԸ ՈՐՊԷՍ ՀԱՒԱՏՔԻ ՋԱՀԱԿԻՐ
Աստուածամայրը իր խոնարհութեամբ, հեզութեամբ եւ անբիծ կենցաղով եղաւ առաջին քայլը Աստուծոյ փրկագործական ծրագիրին։ Աստուածամայրը մեզի համար դարձաւ այն ճշմարիտ ճանապարհը, որմէ պէտք է ընթանան բոլոր Հայ Մայրերը։
Աստուածածինը կրնանք կոչել «բանալի  փրկութեան» եւ կամուրջ Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ։
Աստուածածինը իր տիպար օրինակով կþուզէ մեզի յիշեցնել թէ՝մարդ պէտք է ունենայ մաքուր սիրտ եւ խոնարհ միտք ու ճշմարտասիրութեան ոգի։ Սակայն, ինչ օգուտ այս բոլորը, առանց հաւատքի։ Հաւատքը շնորհք մըն է եւ այդ շնորհքը կը տրուի միայն ընդունողին, յօժարակամին, գործակցողին, ինչպէս՝ Ս. Մարիամ Աստուածածինը։

Բ) ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐԸ ՈՐՊԷՍ ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ՄԱՅՐ
Մարիամ իր կեանքը նուիրեց Աստուծոյ, մերժեց մեղքը եւ ընդունեց սրբութիւնը, հեռացաւ ժամանակաւոր կեանքէն եւ մօտեցաւ յաւիտենական կեանքին, մերժեց աշխարհիկ հարստութիւններն ու յոռ երեւոյթները եւ ընդունեց երկնային հարստութիւնը, խուսափեցաւ անցաւոր ուրախութիւններէն  եւ ընդունեց յաւիտենական ու մնայուն երջանկութիւնը։
Երջանկութիւնը կեանքի յաջողութեան բանալինէ։ Մարդ երջանիկ է, երբ բարութիւն կը բխի իր ներսիդէն, ինչպէս՝ Մարիամ, «աղբիւր բարութեան» կոչուեցաւ, որովհետեւ իրմէ բխեցաւ կեանքի աղբիւրը՝ Յիսուս Քրիստոս։
Մայրը ոչ միայն աշխարհ կը բերէ զաւակ մը, այլ զաւակին համար կþապրի։ Մայր ըլլալը շատ դժուար է , ամէն զաւակ ունեցող մայր չէ, իսկական մայրը կը զոհուի նոյնիսկ եթէ ցաւի եւ տառապի, բայց ունի տոկունութեան ոյժը չսպառող՝ իր մայրութիւնը։ Իսկական մայրը կը դառնայ երկրորդ արարիչ։
Մայրը նոր լոյս կու տայ այս աշխարհին, երբ զաւակ մը ունենայ, սակայն մօր պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնն է այդ լոյսը վառ պահել այս աշխարհի խաւարին դիմաց, իր կրթութեամբ եւ մայրական հայեցի դաստիարակութեամբ, որովհետեւ Մօր սիրտը երեխային դասարանն է։
Խորհրդածութիւնս կ’ուզեմ աւարտել շարականագիրին բառերով, ուր Մարիամ Աստուածածինը կը պատկերացնէ քառեակ տուներու մէջ.-
«Խնկի ծառի նման ես, պտուղ դու քաղցրահամ  ես,
Զբարի պտուղ բերեալ ես, Աստուածածին, մեղա՛յ քեզ։
Դու հողանիւթ սրովբէ ես, հարսն ի յերկրէ յերկինս  ես.
ԶԱստուած մարմնով ծնեալ ես, Աստուածածին, մեղայ քեզ։
        
Յովհաննէս Աբղ. Սաղտըճեան
(Հոգեւոր Հովիւ Գոքինիոյ)