Ծննդեան 155ամեակին առթիւ
(Բ. մաս)
Գերմանացի փրոֆ. Վալթէր Պոլլը Եոհաննէս Լեփսիուսին կ’անուանէ կատարեալ հերոս. «Եթէ համարձակութիւն ունի իր սեփական անձին սպառնացող վտանգի ներքոյ դիմադրել անարդար եւ գերազանց ուժին, ապա Եոհաննէս Լեփսիուսը իսկական հերոս է»:
1900ին ան իր առաքելութիւնը ձեւակերպեց այսպէս՝ առաքելութիւն ո՛չ թէ քարոզներով, այլ արեւելեան ապրելակերպի ըմբռնումով, ո՛չ մէկ քարոզչութիւն յանուն արեւմտեան քրիստոնէութեան, ստեղծել այնպիսի տնտեսական պայմաններ, որոնցմով ապահովուի գաղթական համայնքներու սեփական գոյութիւնը, հիմնել ընկերութիւններ: Պատուելի Եոհաննէս Լեփսիուս, ընդունուած ըմբռնումներէն դուրս եղած ըլլալով, եկեղեցական ղեկավար շրջանակներու կողմէ պարսաւի ենթարկուեցաւ իբրեւ «անհաւատ»:
1908ին, երբ Գերմանիոյ մէջ ամէնուր կ’ողջունուէր Երիտասարդ Թուրքերու յեղափոխութիւնը, Ե. Լեփսիուս վերապահ դիրք բռնեց. «Պետական կրօնքը դեռ իսլամականութիւնն է»: Արդեօք կարելի՞ է, որ այսպիսի ժողովուրդի, ցեղի եւ կրօնքի խառնուրդ մը, որ համակուած է դարերու թշնամութեամբ, արեան վրէժի քինախնդրութեամբ, ցեղամիջեան երկպառակութեամբ, ազգային եւ կրօնական հալածանքներու պատմութեամբ, այսպէս մէկ անգամէն փոխուի: Կարելի՞ է արդեօք, որ եւրոպական հիմունքներով համընդհանուր ազգային ըմբռնում մը մէջտեղ գայ: 1909ին ջարդերը ցոյց տուին, որ Եոհաննէս Լեփսիուս իրաւունք ունէր:
Պէրլինի մէջ կը հրատարակէ երկու թերթեր՝ «Տաս Ռայշ Քրիսթի» եւ երկրորդը՝ «Քրիստոնեայ Արեւելք», որ վերջը վերածուեցաւ միայն «Արեւելք»ի՝ ԳերմանԱրեւելեան առաքելութեան օրկանի:
Գորգի վաճառական եւ դոկտ. պատուելի Եոհաննէս Լեփսիուս, 1889ին կը ճամբորդէ Պարսկաստան, կ’անցնի Երեւան, կը շրջի Քիւրտիստանի մասերը եւ անցնելով Ուրֆայէն ետ կը վերադառնայ Գերմանիա: 1909ին Լեփսիուս կ’ամուսնանայ երկրորդ անգամ Ալիս Պրիւնիկի հետ եւ կ’ունենայ վեց երեխաներ՝ Գիթա, Վերոնիքա, Մանֆրէտ, Վիէօլա, Անգէլա եւ Գորինա:
Եւրոպայի տարբեր մայրաքաղաքներուն մէջ ստեղծուեցան հայկական կոմիտէներ, որով Եւրոպայի բարեկամներու օգնութեամբ կարելի էր աշխատանք տանիլ եւ համոզել մեծ պետութիւնները, որ հայկական բարենորոգումները չյետաձգեն: Ֆրանսայի, Անգլիայի եւ Զուիցերիայի մէջ ունէինք բարձր դիրքի վրայ գտնուող հայ ազգի ջերմ պաշտպաններ, իսկ Գերմանիոյ մէջ կային Եոհաննէս Լեփսիուսը, Արմին Թ. Վեկնէրը, էրնսթ Լոհմանը, Փաուլ Ռոհրպախը, էվալտ Շթիրը, Մարթին Ռադը ու քանի մը ուրիշ բարեկամներ, որ մեր նորագոյն պատմութեան արիւնոտ օրերէն սերտ յարաբերութեան մէջ մտած, մեր ազգը սիրած եւ յարգած էին:
Կ. Պոլսոյ Հ.Յ.Դաշնակցական Կ.Կ.ի ընկերները կ’որոշեն Պէրլին ղրկել Ռուբէն Դարբինեանը, երկու նպատակով: Առաջին՝ «Ազատամարտ» թերթի համար միջազգային քաղաքական կացութիւնը պարզող թղթակցութիւններ ապահովելու եւ երկրորդ՝ աշխատելու՝ Պէրլինի մէջ Գերման-հայ Կոմիտէի մը կազմութեան, որ կրնար մեծապէս օգտակար ըլլալ Հայ Դատի յաջող հետապնդման:
Ռուբէն Դարբինեան 1913 Դեկտեմբերի վերջը Պոլսէն Պէրլին կը հասնի: Պէրլինի Հայերուն մէջ Ռ. Դարբինեան այն ատեն այս նպատակին համար ամենէն կարեւոր ու անհրաժեշտ անձը կը նկատէր Ջեմս Գրինֆիլդը. իրաւաբան, շրջանաւարտ գերմանական համալսարանէն, շատ կիրթ եւ փափկանկատ, պարկեշտ եւ խիստ կարգապահ: Ջ. Գրինֆիլդ չափազանց ոգեւորուած կը լսէ Ռուբէն Դարբինեանէն Կ. Պոլսոյ մէջ եղած տրամադրութիւններու մասին եւ թէ Դաշնակցութեան ունեցած տեղեկութիւններուն համաձայն, ի՜նչ աշխատանքներ կը կատարուէին Ս. Փեթերսպուրկի եւ Փարիզի մէջ՝ Հայ Դատը հետապնդելու համար:
Կ. Պոլսէն եկած դաշնակցական Ռուբէն Դարբինեան եւ պէրլինաբնակ համակիր դաշնակցական Ջ. Գրինֆիլդը կ’որոշեն նոյն նպատակով անյապաղ ձեռնարկել Գերմանհայ Կոմիտէի մը կազմութեան՝ Պէրլինի մէջ: Իսկոյն կը կազմեն ցանկեր այն Հայերուն եւ Գերմանացիներուն որոնց պիտի դիմէին առաջին հերթին: Սակայն ամենէն առաջ կ’որոշեն խօսիլ Եոհաննէս Լեփսիուսին հետ, որուն մասնակցութիւնը չափազանց կարեւոր կը նկատէին իրենց գործին յաջողութեան համար:
Երբ Ե. Լեփսիուսի մասնակցութիւնը կ’ապահովեն, կը դիմեն դոկտոր Փաուլ Ռոհրպախին, անկէ յետոյ պատուելի էվալտ Շթիրին եւ շարք մը ուրիշներուն: Բոլորն ալ հաճոյքով կը համաձայնին: Շուտով Պէրլին կը հասնին Կովկասէն երկու դաշնակցական ընկերներ դոկտ. Մուրատեան եւ դոկտ. Վարդապետեան, քիչ ետք՝ Պոլիսէն ընկեր Լիպարիտ Նազարեանը եւ ուրիշներ, կազմակերպելու համար Գերմանհայ Կոմիտէն: Գերմանհայ Կոմիտէի կոչէն ետք 1914 Յունիս 16ին Պէրլինի թագաւորական թանգարանի ազգագրութեան ճոխ սրահին մէջ տեղի կ’ունենայ առաջին նիստը, ուր կ’ընտրուին հետեւեալ անձեր՝ «Գերմանհայ ընկերութեան» մէջ.- Եոհաննէս Լեփսիուս՝ նախագահ, ինչպէս նաեւ Շթիր, Ռոհրպախ, Մարկուարտ, դոկտ. Ջեմս Գրինֆիլդ, իրաւաբան դոկտ. Ռուբէն Դարբինեան, դոկտ. Հայրանեան, դոկտ. Մուրատեան դոկտ. Շահպազեան, Վահան Զաքարեանց. Ժընեւէն հրաւիրուած՝ Աւետիք Իսահակեան իբրեւ «Մեսրոպ» ամսագրի հայերէն բաժնի խմբագիր:
1914 Օգոստոս 1ին ծագեցաւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմը, աշխարհ իրար անցաւ եւ եւրոպական պետութիւնները բաժնուեցան երկու մասի: Դաշնակիցները՝ Ֆրանսա, Ռուսիա, Անգլիա եւ Պելճիքա պատերազմեցան Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Հունգարիոյ եւ ի վերջոյ Թուրքիոյ դէմ: Հայերը հակառակ էին Թուրքերուն պատերազմի մէջ մտնելուն. Հ.Յ.Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները ջանացած էին թուրք ղեկավարները համոզել, որ Թուրքիան պատերազմի մէջ չմտնէ, որովհետեւ Հայերը գիտէին թէ երբ Թուրքիան պատերազմի մտնէ, կը նշանակէ Թուրքիոյ կործանումը եւ հայութեան մեծ վտանգը:
Պատերազմի բռնկումէն ետք Գերմանիա հասան նոր տեղեկութիւններ Հայերու հալածանքներու մասին: 1915 Յուլիս 24ին Եոհաննէս Լեփսիուս Թուրքիոյ գերման դեսպանին միջոցաւ նորէն Պոլիս մեկնեցաւ, 1915 Հոկտեմբեր 8ին խօսակցութիւն մը ունեցաւ Էնվէր փաշայի եւ գերման դեսպան Վանկէնհայմին, ինչպէս նաեւ Զաւէն պատրիարքին հետ: Ոչ մէկ արդիւնք տուին Եոհաննէս Լեփսիուսի մարդասիրական դիմումները, ան գերման դեսպանի պահանջով հեռացաւ Թուրքիայէն:
Գերման ոստիկանութիւնը 1915ի վերջերը գրաւեց Եոհաննէս Լեփսիուսի գիրքերուն մէկ մասը եւ ամսագրին վերջին թիւը, որ կը կրէր հետեւեալ վերնագիրը.- «1,5 միլիոն Հայեր, աննկարագրելի թշուառութեան մէջ, քշուած են Միջագետքի անապատները...»: Պոլսոյ մէջ Եոհաննէս Լեփսիուսի խօսակցութիւնը Էնվէրի հետ, այս պատմական հանդիպումը եւ զրոյցը ներշնչեցին Գերմանացի հրեայ գրող Ֆրանց Վերֆէլին եւ ան մտաւ համաշխարհային գրականութեան մէջ «Մուսա լերան 40 օրերը» գիրքով: Մարդասէր Լեփսիուսը սկսաւ հալածուիլ ռազմական գրաքննութեան եւ ոստիկանութեան կողմէ, եւ դարձաւ անվստահելի անձ մը իր սեփական երկրին մէջ: Յուսահատ, ան հեռացաւ իր ընտանիքին հետ Գերմանիայէն եւ անցաւ Հոլանտա: 1916ին Հոլանտայի մէջ սկսաւ գործի անցնիլ, այստեղ ալ հոլանտացի եւ զուիցերիացի հայ բարեկամներու աջակցութեամբ շարունակեց օգնութիւն հասցնել աքսորէ եւ ջարդէ ազատուողներուն: Գրեց եւ խմբագրեց բազմաթիւ յօդուածներ այլազան թերթերու մէջ, Թուրքիոյ եւ Թուրքերու դէմ: Հոլանտայէն յարաբերութեան մէջ մտաւ լորտ Պրայսի, Արնոլտ Թոյնպիի եւ Պօղոս Նուպար փաշայի հետ:
1917ի Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն ետք, վերադարձաւ Գերմանիա եւ սկսաւ գործի անցնիլ. պրպտեց Արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանաթուղթերը եւ 1919ին իր բնակած քաղաքին, Պէրլինի մօտերը՝ Փոցտամի մէջ հրատարակեց «Գերմանիա եւ Հայաստան» հատորը՝ 1914-1918 դիւանագիտական վաւերաթուղթերու հաւաքածոն, հայկական ջարդերու մասին: Այս գիրքը մինչեւ այսօր ալ ամենէն լաւ աղբիւրն է հայկական ջարդերուն մասին:
1921 Մարտ 15ին, Պէրլինի Հարտէնպէրկ փողոցին մէջ հայազգի ուսանող դաշնակցական Սողոմոն Թէհլիրեան սպաննեց դահիճ Թալէաթին: Այս սպանութիւնը գրաւեց համաշխարհային հասարակութեան ուշադրութիւնը: Եոհաննէս Լեփսիուս ջանաց փաստեր հայթայթել եւ փայլուն ճառով հանդէս եկաւ դատարանի մէջ: Շնորհիւ Լեփսիուսին եւ ուրիշ ականատեսներու, ակնյայտ դարձաւ Թալէաթ փաշայի պատասխանատւութիւնը Հայոց Եղեռնին մէջ:
Հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ Եոհաննէս Լեփսիուսի առողջութիւնը կամաց-կամաց տկարացաւ, սրտի հիւանդութեան պատճառով: 1926 Փետրուարին ճամբորդեց դէպի ԻտալիաՄերան, հանգստանալու եւ բուժուելու, սակայն մի քանի օր ետք մահացաւ: Մահուան առթիւ հայ ժողովուրդի կողմէ հետեւեալն է ըսած Ջեմս Գրինֆիլդը.-«Գերմանիան կորսնցուց իր ամենէն ազնիւ զաւակներէն մէկը, իսկ հայ ժողովուրդը կորսընցուց իր միակ Եոհաննէս Լեփսիուսը, անփոխարինելի բարեկամը»:
Եոհաննէս Լեփսիուսի գործը 1980-2000ին շարունակողը եղաւ համալսարանի դասախօս փրոֆ. դոկտ. Հերման Կոլց: Ան 30 երկար տարիներ պրպտեց, գրեց եւ ուսումնասիրեց հայ ժողովուրդի պատմութիւնը եւ ի մասնաւորի Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Հիմնադիրը եղաւ Փոցտամի Եոհաննէս Լեփսիուսի Տուն-թանգարանի միութեան: Մենք իբրեւ նոյն միութեան վարչութեան անդամ առաջին օրէն, մօտիկ բարեկամներ էինք: Օր մը Ե. Լեփսիուսի մասին ինձ հետեւեալը ըսաւ.-
«19-20րդ դարերու հայ պատմութիւնը գրելը հնարաւոր չէ առանց Եոհաննէս Լեփսիուսի անունը յիշատակելու: Միւս կողմէ անոր կենսագրութիւնը գրել կը նշանակէ ցոլացնել հայ ժողովուրդի պատմութեան ողբերգական մէկ դրուագի պատկերը»:
Վերջին 45 տարիներուն, սերտ բարեկամական կապեր ունեցած եմ Եոհաննէս Լեփսիուսի ընտանիքի անդամներուն հետ՝ տիկնոջը եւ հինգ աղջիկներուն. շնորհիւ մեծ աղջկան՝ Գիթային, ծանօթացայ առաջին անգամ Մեծ Եղեռնի պատմութեան եւ հայ ժողովուրդի գերման բարեկամներուն:
1969ին հողին յանձնեցինք Արեւմտեան Պէրլինի Վալտֆրիտհոֆ գերեզմատան մէջ տիկին Ալիս Լեփսիուսը, այրին Եոհաննէս Լեփսիուսի: Հանգուցեալը 97 տարեկան էր, իր ամուսնէն 43 տարի յետոյ իր մահկանացուն կը կընքէր: Պէրլինի հայ գաղութը բաւական թիւով ներկայ էր թաղման հանդիսութեան: Պէրլինի Ազատ համալսարանի դասախօս դոկտ. Պետրոս Ֆրունճեան հայութեան կողմէ գերմաներէն դամբանական կարդաց մատուռին մէջ՝ յիշատակելով նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի օրհնութեան գիրը, զոր ուղղած էր ան, տիկին Լեփսիուսի Վիեննա գտնուած ժամանակ:
1976ին, հողին յանձնեցինք Վալտֆրիտհոֆի նոյն գերեզմանատան մէջ, տիկին Գիթա Լեփսիուսը: Թաղման արարողութեան Համօ Պետրոսեան Պէրլինի հայ գաղութին եւ Ֆրանսայի Հ.Յ.Դաշնակցութեան կողմէ գերմաներէն եւ հայերէն դամբանական մը կարդաց մատուռին մէջ.-
«Ամբողջ հայութիւնը միշտ երախտագիտութեամբ կը յիշէ մեծ հայասէր Եոհաննէս Լեփսիուսը: Այսօր եկած ենք, յուզումնահար, հողին յանձնելու հայ ժողովուրդի թանկագին բարեկամին դուստրը՝ տիկին Գիթա Լեփսիուսը: Հանգուցեալ տիկինը իր հօր հետ միասին մեծ աշխատանքներ կատարած էր հայ ազգին համար եւ հօր հետ եղած էր Թուրքիոյ զանազան քաղաքները եւ այցելած էր մեծ մասամբ հայկական որբանոցները ու դըպրոցները: Իր հօր բոլոր գիրքերը եւ յօդուածները, ինք անձամբ արտագրած, տեղաւորած եւ անուններն ու թուականները ճշդած էր: Փոքր տարիքէն սիրած էր հայ ժողովուրդը, սորված էր հայերէն գրել ու կարդալ եւ միշտ ալ կապուած էր հայութեան կեանքին»:
1981ին հողին յանձնեցինք Արեւմտեան Պէրլինի մէջ երրորդ զաւակը Վերոնիքան: Չէր ամուսնացած: Հօրը գրադարանը եւ արխիւները մնացեր էին իր զաւակներուն: Վերոնիքա կը խնամէր եւ հոգ կը տանէր: 1980ին յանձնեց Հալլէր Մարթին Լութէր համալսարանի դասախօս փրոֆ. Հերման Կոլցին: Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէն անգամ մը հրաւիրած էր Վերոնիքային եւ Հերման Կոլցին Սովետական Հայաստան:
Ժամանակին, 1978-1979ին մենք՝ այս տողերուն հեղինակը, երկու անգամ հանդիպում ունեցած ենք տիկին Վերոնիքային հետ, իր հօրը արխիւն ու գրադարանը տեղափոխելու Սովետական Հայաստան, Երեւանի Մատենադարան, իբրեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան նիւթեր, բայց ցաւօք, տիկինը մերժեց մեր առաջարկը...:
1987ին հողին յանձնեցինք հայասէրի ամենէն փոքր աղջիկը՝ Գորինան, Արեւմտեան Պէրլինի Վալտֆրիտհոֆի գերեզմատան մէջ: Գերման Աւետարանական եկեղեցւոյ անդամներուն հետ Գորինան այցելեց Հայաստան երկու շաբաթուայ համար, վերադարձին մեզ պատմեց.-
«Հայութեան օգնելը ես կը համարեմ պայքար արդարութեան համար: Ես այնչափ ուրախ եմ, որ հայ ժողովուրդը այսօր ունի իր հայրենիքը, ունի պետականութիւնը եւ մշակոյթը: Հայրս տեսաւ տառապեալ Հայաստանը, ես՝ երջանիկը»:
2005ին մահացաւ Եոհաննէս Լեփսիուսի Փոցտամ քաղաքի Տուն-թանգարանի միութեան պատուոյ նախագահ՝ տիկին Վիոլա Լեփսիուսը 98 տարեկան հասակին: Ծնած էր 1907ին, կ’ապրէր Գերմանիոյ Քասէլ քաղաքին մօտերը: Հանգուցեալ Լեփսիուսի անձնական արխիւը եւ գրադարանը տիկին Վիոլայի մօտն էին. մահէն առաջ յանձնեց իր զաւկին՝ իրաւաբան դոկտ. Մանֆրէտ Աշքիին: Մանֆրէտ Աշքի-Լեփսիուս ալ Եոհաննէս Լեփսիուսի Փոցտամ քաղաքի Տուն-թանգարանի միութեան վարչութեան անդամ է, եւ կը շարունակէ իր մեծ հօրը գործը՝ ի շահ Հայ Դատին եւ հայ ժողովուրդին:
Եոհաննէս Լեփսիուսի անունը անքակտելիօրէն կապուած է հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան: Առաջին պատերազմի վաղորդայնին, Լեփսիուս ծառացաւ ուրացումի դէմ, որուն կ’ենթարկուէր հայութիւնը եւ պաշտպանեց անոր արդար Դատը՝ գերմանացի կառավարութեան եւ դաշնակիցներու դէմ...:
Հ. Պ.
Գերմանիա (Վերջ)