Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Արցախի Հանրապետութեան փոխ վարչապետ Արթուր Աղաբէկեան մեր ազատագրուած հայրենիքի բնակեցման ծրագիրներուն մէջ բեկում կ՛ուզէ յառաջացնել:

Փոխ վարչապետը կը ջանայ անհրաժեշտ միջոցներ ապահովել՝ յառաջ տանելու համար աշխատանք մը, որուն առաջնահերթութեան, որուն ռազմավարական նշանակութեան գիտակից ենք ազգովին, բայց եւ անհասկընալիօրէն զայն իրականացնելու համար համահայկական զօրաշարժ չենք կրցած իրականացնել:

Վիճակահանութեան ծրագիրը, որ կը հանդիսանայ այս հանգրուանին դրամահաւաքի գլխաւոր միջոցը, թափով կ՛ընթանայ, եւ փոխվարչապետին ձեռնարկած քարոզչական եւ յարաբերական աշխատանքները վստահաբար պիտի արդիւնաւորուին: Այսուհանդերձ, որքա՛ն ալ մեծ ծաւալով, լայն աշխարհագրութեամբ իրականացուի վիճակահանութեան տոմսերու վաճառքը, կրնանք հաստատօրէն պնդել, թէ արցախեան երկիրը հազարաւոր նոր բնակիչներով հզօրացնելու գծով բեկումնային ցանկալի մակարդակի մը համար, հազիւ նախնական պայմաններ կարելի է ստեղծել:

Ռազմավարական նշանակութեան գործ մը իրականացնելու համար, համակողմանի, ամբողջական ծրագիր մը պէտք է շօշափելիօրէն ներկայացուի ազգին: Ցարդ, ո՛չ Հայաստանի եւ ոչ ալ Արցախի իշխանութիւնները անբնակ տարածքներու վրայ կենսունակ գիւղեր ու աւաններ կառուցելու ուղղութեամբ համապարփակ պետական ծրագիր մը հրապարակած են: Այս ուղղութեամբ, անկասկա՛ծ, կատարուած են մասնակի գործեր, որոնք սակայն ոչ մէկ նշանակալի արդիւնքի հասած են:

Այսուհանդերձ, փոխ վարչապետի մակարդակով վերաբնակեցման աշխատանքին վրայ կեդրոնացումը յոյս կը ներշնչէ մեզ, թէ նոր շունչ ու ոգի պիտի տրուի գործին: Զօրավար Արթուր Աղաբէկեանի նման անձնաւորութեան մը ստանձնումը այդ պատասխանատուութեան, արդէն իսկ յուսալի կը դարձնէ մեզ: Մենք վստահ ենք, որ փոխվարչապետը արժանապատուութեան հարց պիտի դարձնէ վերաբնակեցման գործընթացին մէջ բեկում արձանագրելը: Մենք ալ պատրաստ ենք մեր կարելին ընելու՝ իրեն օգնելու համար:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ