Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Կեանքի փորձութիւնները շատ անգամ թելադրեցին իրատեսութիւնը: Կ'երեւի թէ մեր սերունդը այդպէս դաստիա- րակուեցաւ: Միշտ դատապարտուեցաւ երազը, երազելը, տեսիլը: Նախապատուութիւնը տրուեցաւ փոր- ձուածին, գիտցուածին, կանխատեսելիին:

Հին եւ աւանդական դրութեամբ սորված ենք ոտքը վերմակին չափ երկարելու: Սա առակ մըն է, որ կը զգուշացնէ մեզ սահմաններու մէջ մնալու համար: Վերջապէս եթէ վերմակը կարճ է, դուն չես կրնար ոտքդ ազատ երկարել: Պիտի կծկուիս ստիպուած: Մենք՝ թրքահայերս ալ այդ այդպէս ըրած, կծկուած ենք ամբողջ հանրապետութեան շրջանի տեւողութեան: Հիմա մեզմէ ոմանք գոնէ կ'ուզեն իրենց ոտքերը քիչ մը ազատ երկարել եւ գիտնալ թէ ի՞նչ կը պատահի վերմակէն դուրս մնալով:

Ճիշդ այս էր որ փորձեց Պոյաճըգիւղի Թաղային խորհուրդի ատենապետը: Յաղթահարելով աւանդական կծկուածութիւնը, դիմեց երկրի Կրօնից Տեսչութեան, պահանջելով, որ իմամներու նման քահանաներուն ալ աշխա- տավարձը վճարէ պետութիւնը: Ինչպէս որ նախատեսուած էր Տեսչութիւնը մերժեց այս պահանջը: Ատենապետը  չվհատեցաւ եւ այս անգամ դիմեց Ընդհանուր Հաշտարարին (օմպուցմանին): Ան իր այս քայլով մատնացոյց ըրաւ կարեւոր խնդիր մը: Հիմա տեսնենք, թէ ով ինչպէս կը տեսնէ ցոյց տրուածը եւ ինչ արդիւնք կը քաղուի:

Անշուշտ չուշացան հակազդեցութիւնները, որոնք ընդհանրապէս կը բաժնէին պահանջի տրամաբանութիւնը, բայց հին աւանդութեան ազդեցութեան տակ անտեղի կը   գտնէին, քանի որ մինչեւ այսօր նման մերձեցում մը չէր յայտնուած: Ոմանք կը մտահոգուէին նաեւ այն հաւանականութենէն, որ եթէ կրօնական տեսչութիւնը ստանձնէ քրիստոնեայ քահանաներու վարձատրութիւնը, ինքնաբերաբար իրաւասու պիտի ըլլայ անոնց քարոզներուն ալ միջամտելու:

Յայտնենք որ այս մտահոգութիւնները անհիմն են, որովհետեւ այստեղ հոգեւորականներու ամսավճարը պահանջելը լոկ ժողովրդավարական իրաւունք մըն է:

Այս ծիրէն ներս տարին հաւաքաբար գումար մը յատկացնող տնօրէնութիւնը երբեք ի վիճակի չի կրնար ըլլալ եկեղեցւոյ անձնակազմը պետութեան պաշտօնեայ հա- մարելու: Եւ ինչու չէ, պէտք է նոյն պահանջը ներկայացուէր հայկական դպրոցներու ուսուցիչներուն համար ալ: Ինչպէս գիտենք, մեր դպրոցներէ ներս որոշ դասանիւթերու ուսուցիչները կրթական նախարարութեան կողմէ կը նշանակուին ու կը վարձատրուին: Իսկ որոշ դասանիւթերու ուսուցիչներն ալ դպրոցը կÿընտրէ եւ կը վճարէ: Այժմ ժողովրդավարութիւնը կը պահանջէ թէ բոլոր ուսուցիչները ընտրուին դպրոցներու տնօրէնութեանց կողմէ եւ բոլորն ալ վարձատրուին Կրթական նախարարութեան պիւտճէով: Այս պահանջը իրաւացի դարձնելու համար նախ պէտք է համոզուինք մեր իրաւունքներուն: Երկրորդ՝ պէտք է պայքարինք համայնքային վարժարանները յատուկ վարժարան համարող հասկացողութեան դէմ:

Մի գուցէ այսքանն իսկ բաւական երազային թուի մեր աւանդապաշտներուն: Մենք համոզուած ենք որ նոր ժամանակները, նոր մարտահրաւէրներ կը ներկայացնեն, յատկապէս ալ օրակարգի բերելով նոր գրականութիւն մը: Այդպէս եղած էր Ի դարու վրայ խոր ազդեցութիւն թողած «68ի շարժումը»: Յիշենք անոնց կարգախօսը՝ «Իրաւացի եղիր, անկարելին պահանջէ»: Երկար տարիներ արձագանգեց նաեւ՝ «Աշխարհը փոխէ, իսկոյն հիմա»:

Վերջին խօսքը թողունք Ալպէրթ Այնշթայնին՝ «Երազելը աւելի կարեւոր է, քան գիտնալը»:

 

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
This email address is being protected from spambots. You need JavaScript enabled to view it.