Եուլիա Պետրոսեան համաշխարհային մետիայի մեծագոյն ընկերութիւններէն մէկուն՝ «National Geographic»ի արտասահմանեան հրատարակութիւններու տնօրէնն է։
Խորհրդային համակարգին մէջ ամէն ինչ միագոյն եւ միաձեւ էր. դուրսի շատ նորութիւններ անհասանելի էին այդ համակարգին մէջ ապրող մարդուն։ Աշխարհը այլ կեանքով կ'ապրէր, խորհրդային երկիրները՝ այլ։
Այդ տարիներուն արտասահմանեան ու գունաւոր ամսագրերը երազանք կը թուէին խորհրդային պատանիներուն եւ երիտասարդներուն համար։ Դուրսէն եկած ամէն մէկ գունաւոր հրատարակութիւն, թերթ, ամսագիր կամ գիրք ձեռքէ ձեռք կ'ացնէր, բազմիցս կը թերթուէր՝ պատռուելու աստիճան։
Երեւանի Փուշքինի անուան դպրոցի աշակերտուհի Եուլիա Պետրոսեանի միտքէն անգամ չէր անցըներ, որ տասնամեակներ ետք ինք պիտի ըլլար արտասահմանեան գունաւոր ամսագրերէն մէկուն պատասխանատուններէն մին։ Ան շատ մը պատանիներու եւ պարմանուհիներու պէս երազանքներ ունէր, եւ այդ երազանքներու մեծ մասը գունաւոր ու վառվռուն էին։ Եուլիան շատ կը սիրէր ճամբորդել, տարբեր երկիրներ տեսնել, նոր մշակոյթներու եւ ժողովուրդիներու հետ ծանօթանալ, անոնց հետ խօսիլ իրենց իսկ լեզուներով։ Շատ կը սիրէր մանաւանդ սպաներէն լեզուն եւ որոշած էր դպրոցը աւարտելէ ետք դիմել համալսարան եւ ուսումնասիրել սպաներէնը։
Դպրոցը աւարտելէ ետք Եուլիա Պետրոսեան կը դիմէ Երեւանի Պետական համալսարանի սպաներէն լեզուի բաժինը, սակայն քանի մը միաւոր չի բաւեր՝ հոն ընդունուելու համար եւ Եուլիան կ'ընդունուի Երեւանի Պրիւսովի անուան օտար լեզուներու համալսարանի Երկրագրութեան բաժինը։ Իր ուսումնասիրութեան երկիրներն էին ԱՄՆ-ը եւ Մեծն Բրիտանիան։ Այսօր ան, քսան եւ աւելի տարիներու հեռաւորութենէն կ'ըսէ, որ ճիշդ ընտրած է մասնագիտութիւնը, քանի որ այդ ժամանակ ստացած գիտելիքները այսօր խիստ օգտակար են իրեն՝ աշխատանքի ընթացքին։
Վերադառնալով ԱՄՆ-էն՝ ան փողոցը պատահաբար կը հանդիպի իր դպրոցական ուսուցչին՝ Մարկ Գրիգորեանի։ Տեղեկանալով, որ Եուլիան աշխատանք կը փնտռէ, Մարկ նոյն օրը զինք կը տանի իր ընկերոջ՝ ծանօթ լուսանկարիչ Ռուբէն Մանգասարեանին քով, որ այդ ժամանակ ստեղծած էր եւ կը ղեկավարէր «Patker» լուսանկարչական գործակալութիւնը։ Ռուբէն Հայաստանի լաւագոյն լուսանկարիչներէն մէկն էր, ան նշանաւոր է մանաւանդ ղարաբաղեան պատերազմի նիւթով իր լուսանկարներով (տարիներ առաջ լուսանկարիչը վաղաժամ հեռացաւ կեանքէն)։
Եուլիա Պետրոսեան «Patker» լուսանկարչական գործակալութեան մէջ աշխատած է մէկ տարի, այդ ընթացքին համագործակցած է նաեւ անգլիական «Macmillan» հրատարակչութեան հետ, որ կը ծրագրէր համատեղ ձեռնարկութիւն մը բանալ Հայաստանի մէջ։ Եուլիան կ'օգնէր հրատարակչին՝ Հայաստանի մէջ անհրաժեշտ կապեր հաստատելու գործին կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ թարգմանչի դեր կը կատարէր գործնական հանդիպումներու ընթացքին։ Մէկ տարի վերջ իրեն աշխատանք առաջարկեցին «Macmillan Armenia»ի նորաստեղծ հրատարակչութեան մէջ, եւ ան կ'որոշէ «Patker» գործակալութենէն տեղափոխուիլ հրատարակչութիւն։
Գործընկերները գոհ չէին իրենց լաւագոյն աշխատակիցներէն մէկուն այդ որոշումէն. ինք՝ Եուլիան ալ, կը խոստովանի, որ հակառակ լուսանկարչական գործակալութիւնը ձգելուն, իրեն համար հաճելի եղած էր աշխատիլ այնպիսի արհեստավարժ մարդոց հետ, ինչպիսին է Ռուբէն Մանգասարեան, Եուլիան «Patker»ի մէջ հիմնականին կը զբաղէր թարգմանութիւններով եւ լուսանկարները արեւմտեան գործակալութիւններուն փոխանցելով։
Ան օրինակ կը բերէ, որ այդ տարիներուն Հայաստանի կապի միջոցները խստօրէն կը տարբերէին այսօրուան արհեստագիտութեան միջոցներէն, զորս իրենց ձեռքին տակ ունին լրագրողները. 1995 թուականին ելեկտրոնային փոստով բարձր որակի լուսանկար մը ուղարկելը, ըսենք, «Magnum» ամերիկեան գործակալութիւն, կրնար տեւել քանի մը ժամ։ Կապը յաճախ կ'ընդհատուէր, կանոնաւոր ելեկտրականութիւն ալ չկար եւ ստիպուած կþըլլային համակարգիչով սկսած աշխատանքին նորէն սկսիլ։ Սակայն իր հարցազրոյցներուն մէջ Եուլիա Պետրոսեան յաճախ երանութեամբ կը յիշէ այդ տարիները, կ'ըսէ, թէ իրեն հաճելի էր ապրիլ՝ շրջապատուած Ռուբէն Մանգասարեանի արուեստով, շփուիլ անոր ընկերներուն հետ։
Ամերիկայէն վերադառնալէն ետք շուրջ տարի մը Եուլիան շարունակած է աշխատիլ «Macmillan Armenia» հրատարակչութեան մէջ, որմէ ետք աշխատանքի անցած է Երեւանի մէջ Բրիտանական խորհուրդի նորաստեղծ գրասենեակը, ուր եղած է առաջին հիմնական աշխատողներէն մէկը։
Բրիտանական խորհուրդին մէջ աշխատելէ ետք Եուլիան եւ իր ամուսինը՝ Էրիքը մեկնած են Ղազախստան։ Ալմա-Աթայի մէջ Եուլիան սկսած է համակարգել USAID-ի՝ առողջապահական մարմիններու համար ուսումնական ծրագրերու կազմակերպման աշխատանքը։ Անկէ ետք անոնք ապրած են Քիեւ, ապա Միացեալ Նահանգներ։ Եուլիա Պետրոսեան-Փոյլ աշխատանքի առաջնութիւն չունէր. երկու ամիս վերջ Քկիեւի գործընկեր ընկերներէն մէկը խորհուրդ տուած է դիմել «National Geographic», ուր «National Geographic traveler»ի տնօրէնի թափուր աշխատատեղի կար։

«Patker» գործակալութեան մէջ աշխատելէ տարիներ ետք Եուլիա Պետրոսեան վերսկսաւ համագործակցութիւնը Ռուբէն Մանգասարեանի հետ, անոնք նախաձեռնեցին Հայաստանի մէջ
«National Geographic Traveler» ամսագրի հրատարակման նախագծին։ Ցաւօք, լոյս տեսաւ ամսագրի ընդամէնը քանի մը համար. հայաստանեան շուկային մէջ դժուար էր ապահովել նման ամսագրի վաճառքը։ Եուլիա եւ Ռուբէն կը փնտռէին այլ ուղիներ, սակայն Ռուբէն մահացաւ....
Եուլիա Պետրոսեան ի վերջոյ հասկցած է, որ հրատարակչական ասպարէզը այն է, զոր ինք ամէնէն շատ կը սիրէ եւ որուն կրնայ նուիրուիլ անմնացորդ։ Սկսած է զբաղիլ «Traveler»ի օտարերկրեայ հրատարակիչներու որոնմամբ, մէկուկէս տարուան աշխատանքի ընթացքին «Traveler»ի օտարալեզու ամսագրերուն թիւը վեցէն հասած է տասնհինգի։ Գնահատելով այդ արդիւնքները՝ Եուլիային յանձնարարած են արտօնագրել նաեւ գլխաւոր ամսագրերը՝ «National Geographic Magazine»ը։
Ներկայիս Եուլիա Պետրոսեան-Փոյլ «National Geographic Magazine»ի ընդհանուր թիւով երեսունինն օտարալեզու ամսագրերէն պատասխանատու է, ինչպէս նաեւ պատասխանատու է «National Geographic Traveler»ի տասնեօթ ամսագրերէն եւ «National Geographic Kids»ի տասնութ ամսագրերէն, նաեւ՝ գիրքերու արտասահմանեան հրատարակումներուն։
2013 թուականի Փետրուարէն ի վեր Եուլիա Պետրոսեան-Փոյլ կը զբաղեցնէ «National Geographic»ի արտասահմանեան հրատարակութիւններու եւ գործարար զարգացման գիծով աւագ փոխ-նախագահի պաշտօնը («Senior Vice President, International Publishing and Business Development»)։ Եուլիայի խումբը բաղկացած է տասնինն աշխատակիցէ։ Անոր գլխաւորած բաժինը կը զբաղուի նաեւ ընկերութեան արտասահմանեան ծրագրերով՝ կապուած թուային մետիայի հետ («National Geographic»ի կայքէջերը, շարժական յաւելուածները)։
Իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ Եուլիա Պետրոսեան ըսած է. «Ես շատ կապուած եմ հայրենիքիս հետ եւ կը փորձեմ հետեւիլ Հայաստանի մէջ ծաւալւող իրադարձութիւններուն։ Ինքզինքս կը նկատեմ Հայաստանի ամբողջական մասնիկը։ Միշտ կը փափաքիմ Հայաստան այցելել: Հայաստան հարազատներ գրեթէ չունիմ, փոխարէնը ունիմ շատ լաւ մտերիմներ եւ ընկերներ եւ բազմաթիւ անկրկնելի յիշողութիւններ»:
Անուշ Թրուանց