Print
Category: Յօդուածագրութիւն

«Ո՞վ գիտէ եթէ ապրիլը իրական մեռնիլ է,
կամ մեռնիլը իսկական ապրիլ:
Եւրիպիդիս (Ք.ա.)

Կեանքը ճշմարիտ կերպով ներկայացնելը մեծ առաւելութիւն մը եղած է բոլոր գրողներուն համար, ըլլան անոնք արձակագիր, բանաստեղծ կամ թատերագիր:

Հայ գրականութեան մէջ, յատկապէս Սովետական տարիներուն, ճշմարիտ գրողներ քիչ եղած են, որոնք գոյութիւն ունեցող կեանքը ներկայացուցած են այնպէս ինչպէս որ էր եւ ոչ թէ այնպէս ինչպէս իշխանութիւնները կը պարտադրէին իրենց գրել:

Անկեղծները, այրուողները, այդ անբաղձալի տարիներուն իրենց ճշմարտախօսութեան ու ճշմարտագրութեան պատճառաւ զոհ գացին բռնատիրութեան կազմակերպած ստուերային խաբէութիւններուն: Մարմինը սպաննեցին, բայց չկարողացան ողջերուն ժառանգ թողուցած իրենց ազգային ոգին ու գործը անհետացնել: Ոմանք տարբեր ապրեցան, զրկանքներով տոկացին, գրեցին գաղտնի, գզրոցներուն մէջ փակ դրին, երբեմն հարեւան երկիրներուն մէջ ժամանակաւոր կերպով ապաստանեցան, եւայլն եւայլն..

Այս վերջիններէն մէկն էր Արշակ գրողը (վիպագիր ու պատմուածագիր), որ ութսունըմէկ տարիներ առաջ ծնած էր Կիւմրի (հին անուններով Ալեքսանդրապոլ, Լենինական): Իր աւարտական ուսումը կատարած էր Երեւանին մէջ: Մասնագիտութեամբ մետաղագէտ էր: Հայաստան ու հարեւան երկիրներուն մէջ պատասխանատու գործեր վարած էր: Իր կեանքին երկրորդ մասը նուիրած էր հայ գրին ու գրականութեան: Գրելը, կեանքը իր իրական կողմերով պատկերացնելը, մտային ու հոգեկան պահանջ մը դարձած էր իրեն համար, հակառակ տաժանագին ըլլալուն:

Արշակը բանասիրական չէր աւարտած, բայց երիտասարդ տարիքէն բուռն սէր զգացած էր ռուսական ու ապագային հայկական գրականութեանց հանդէպ: Ան խորապէս կը գնահատէր Տոլստոյը, Տուրգենեւը, Չեխովը, Գոգոլը, Ֆոլքները, Հեմինգուէյը եւ քանի մը ուրիշ աշխարհահռչակ գրողներ: Մեծ համակրանք ունէր հայ մօրմէ եւ յունական արմատներ ունեցող հօրմէ, Կիւմրի ծնած ու համաշխարհային համբաւ վայելող Գեորգի Գիւրճիեւի մշակած, հոգեմտաւոր ու իմացական բնոյթ ունեցող գրութիւններուն հանդէպ, որուն մասին յաճախ կը խօսէր ինծի, երբ Ուշիի մեր հարեւան այգիներուն մէջ կը շրջէինք կողքևկողքի: Ինք, վերոնշեալ բոլոր հեղինակներու գործերուն ծանօթացած էր ռուսերէն լեզուով: Իր կեանքի սկզբնական ու երիտասարդական տարիներուն ռուսերէնը իր առաջնահերթ լեզուն դարձած էր: Մտաւորական գրող Կոստան Զարեանն ալ, որուն գրածները գիտակցաբար կը գնահատէր Արշակ, նոյն կացութեան մէջ եղած էր: Ան, սկիզբը, Ֆրանսերէն եւ Իտալերէն լեզուներով սկսած էր գրել, ապա Վենետիկի Մխիթարեան վարդապետներու թելադրութեամբ եւ գործնական օգնութեամբ հայ գրին վերադարձած էր ու գրած իր գլուխ գործոցները: Արշակին սակայն ոչ ոք թելադրած էր, որ հայերէնով արտայայտուի, ներքին ուժ մը, ինչպէս ան ըսած էր ինծի, զինք մղած էր, որ այդ ուղղութեամբ աշխատի: Անտեսանելի ուժ մը յաճախ գրելու մղած էր զինք: Գրած է տասնեակ մը վէպեր, վիպակներ ու հարիւրաւոր պատմուածքներ: Իրապաշտ գրականութեան հետեւորդ մըն էր ան: Գրեց ինչ որ նկատեց ու ապրեցաւ: Իր կեանքը սակայն, այնքան ալ հեշտ չէր եղած:

Նկարագրած անձերը, յաւելեան նկարագրականներով, իր կեանքին մէջ ապրող մարդիկ եղած են, ըլլան անոնք երկրորդ համաշխարհային պատերազմին մասնակցողներ, մեծ քաղաքներու բմակիչներ եւ կամ պարզ գիւղացիներ, Արագածոտնի մարզի Ուշի գիւղին մէջ բնակողներ, ուր իր կեանքի վերջին չորս տասնամեակներուն բնակած ու գրած էր ան, իր հանդարտ ու համեստ տան մէջ, ընդարձակ այգիով շրջապատուած: Ուշին, այս գեղատեսիլ գիւղը, առհասարակ նախկին արեւմտահայերով բնակուած էր ¥եւ է տակաւին¤ ու փռուած է Արագած ու Արա լեռներուն եւ Սուրբ Սարգիս հնադարեան պատմական վանքի մշտարթուն նայուածքներուն առջեւ: Նկատի առած իր ազգայնական մտորումներն ու հաւատացածները, ազգային հին ոգի ունեցող այս գիւղը, կեդրոնացման ու ապահով վայր մը եղած էր Արշակին համար: Այս գիւղին մէջ էր, որ ան մտերիմ զգացած էր տեղաբնակ նախկին արեւմտահայերուն ու յատկապէս իր մտածումներուն հետ: Հոս է, որ ստեղծագործած էր իր գլխաւոր գործերը: Յիշենք մի քանին. «Մի գիշերուայ ճանապարհ» վէպ, «Յաւէրժութեան հետեւից եւ Սիսոն» վէպեր, «Անպարտելին, Յանցաւոր Սէր եւ Ճգնաւորը» վէպեր, «Աքաղաղը» պատմուածքներ, «Միայնակ գայլը» վիպակներ, «Ճօճանակի օրէնքը» վիպակներ եւ այլ գործեր, բոլորն ալ երկու հազար տարեթիւէն ետք հրատարակ-ւած: Եօթանասունական եւ ութսունական թուականներուն իր հրատարակած գրքերը, «Գնչուհին» վէպ, «Մեր կեանքի փողոցը», «Երբ վերջանում են պատերազմները»,«Քաղաք», ¥բոլորն ալ պատմուածքներու հատորներ¤, լոյս տեսած են Արշակ Կիւմրեան գրչանունով: Տարիներ ետք գործածած է միայն Արշակ անունը: Իր ազգանունն էր Արշակեան: Իսկ ծննդեան անունը Սերգէյ:

Ընթերցողին խորհրդածութիւններ ու մտորումներ յառաջացնող գրողն է Արշակ, որուն բարեկամութիւնն ու մտերմութիւնը վայելած ենք Էլիզին հետ, քանի մը տասնեակ տարիներ, Թորոնթօ, ուր քանի մը անգամ այցելութեան եկած էր իր միակ աղջկան, Երեւան, ուր հարեւանութեամբ կը բնակէր մեր ունեցած յարկաբաժնին եւ Ուշի գիւղին մէջ, ուր մեր առանձնատները ու յատկապէս մեր այգիները կպած են իրարու, կեանքին ու գրականութեան հանդէպ մեր ունեցած մօտեցումներուն նման:

Հայ եւ օտար գրականութիւնը, բնութիւնը, տիեզերքը, արարչութիւնը, հեթանոսական ու քրիստոնէական աշխարհները, անոնց հասկացողութեան ու սխալ մեկնաբանութեանց ներկայ իրավիճակները,Հայաստանի քաղաքական եւ հասարակական այժմու կացութիւնները ու անոնց խորտուբորտ ծալքերուն մէջ պայքարող, դասալիք ու գլուխը առնող ու փախչող հայ մարդը, գրեթէ մեր ամէնօրեայ խօսակցութեանց, վիճաբանութեանց կարեւոր ու հրատապ նիւթերը դարձած էին...:

Արշակ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի գրողներու «Նոմենկլատուրային» (անուանացանկին, հաշուեցանկին) մաս չէր կազմեր, երբեք չէր կազմած: Վերադաս պաշտօններու վրայ եղող մարդոց առջեւ, անձնական շահերու նկատմամբ, խոնարհողը, քծնողը, սիրաշահողը չէր ան, այլ իր ազատութիւնն ու անկախութիւնը պահողն ու պաշտպանողն էր: Առանց փողի, առանց դմբռտոցի ու առանց իրենց շրջապատը խառնշտկելով ապրող մարդիկ կարծես գործ չունին ներկայ կեանքին մէջ: Դժբախտաբար այս է տիրող իրավիճակը:

Քանի մը տարի առաջ վրդովուած ըսաւ ինծի.ևև Մերոնք չեկան: Անոնք հայրենիք պիտի գային ու մասնակից դառնային նորանկախ Հայաստանի շինարարական աշխատանքներին: Մենք նրանց,
մերոնց, կարիքը ունէինք եւ ունենք դեռ: Դէպի Երկիր կոչը յուսադրիչ ահազանգ մըն էր, փրկարար պատգամ մը, բայց լսող չեղաւ: Նպատակին չծառայեց: Օտարամոլութիւնը հին դարերէն մնացած վատ սովորութիւն մըն է, որ արմատացած է մեր ժողովրդի հոգիին մէջ: Կեղծաւոր հայրենասէրներ ենք մենք, ուրիշ ոչինչ: Օտարի հողին ու ընդհանրապէս օտարին ծառայ ըլլալը մեզի համար ազգաքանդիչ հիւանդութիւն մը դարձած է: Կարծես պատիւ մը ըլլար այս մէկը: Ափսոս, հազար ափսոս...ևև:

Ես լուռ մտիկ կ՛ընէի ու իրեն նման, մտովին, ոչ թէ կ՛ափսոսայի, այլ խորապէս ու գիտակցաբար կը մեղադրէի մեր երազած անկախ հայրենիքին հանդէպ մեր բռնած անըմբռնելի դիրքին համար...: Բայց վերադառնանք Արշակին աւելի չվրդովուելու համար:

Արշակը ազգային մաքուր ոգի ունեցող գրող էր ու քաղաքացի, այս պատճառով ալ չէր գնահատուած համայնավար հայ իշխանութիւններուն կողմէ: Բայց ազատութենէն ետք ալ պէտք եղածին պէս չգնահատ-ւեցաւ ան: Արդե՞օք դեռ նոյն վարչաձեւի շարունակութեան մէջ կ՛ապրինք...Ո՞վ ստուգել կրնայ այս մէկը...

Կը գիտակցիմ նաեւ, որ քանի մը յօդուածներով ու գրախօսականներով դժուար է գրող մը ամբողջութեամբ ու իրաւացի արժէքով ներկայացնել գրասէր հասարակութեան: Անհրաժեշտ է, որ գրողին կարդալ ու միայն կարդալ, իր մասին կարծիք մը յայտնելէ առաջ եւ կամ եթէ կ՛ուզենք իր մտածումներուն ծանօթանալ եւ մօտէն ճանչնալ զինք:

Ծանօթ հանրային գործիչը, մտաւորականը, բանաստեղծ Կարօ Արմէնեանը անցեալ տարի Ուշի մեզի այցելութեան գալով ծանօթացաւ Արշակին ու երկար խօսեցան գրականութեան մասին: Ամիս մը առաջ, կը գրէր ան մեզի. «Շատ ցաւեցայ Արշակին մահը լսելով: Իր գրքերէն երկար ընթերցումներ ըրի անցնող տարուան ընթացքին: Տառապակոծ կեանքի մը հայելին են իր տողերը: Այս կեանքը դեռ ծածուկ կը մնայ այս աշխարհի մարդոց հոգիներուն խորը, քանի որ մարդիկ գիտակցաբար եւ աւելի շատ ենթագիտակցաբար կ՛ուզեն փախուստ տալ իրենց ցաւագին անցեալէն: Արշակը մէկն էր, որ խիզախօրէնևեւ Օշականեան բացարձակութեամբևբացաւ այդ կոտտացող վէրքերը: Շա՛տ ափսոս: Ինք մեծ վկայութիւն մը ունէր տալիք, զոր սկսեր էր տալ եւ որմէ կը զրկուի մեր գրականութիւնը անժամանակ»:

Ես վստահ եմ, որ գալիք սերունդները պիտի կարդան ու պիտի գնահատեն Արշակի գրականութիւնը ճշմարիտ կերպով, որովհետեւ այդ գնահատումին իսկապէս արժանի է ան:

Ներկայիս Արշակի աճիւնները, սերմերը պիտի ըսէի ես, ցրուած, միախառնուած են, Ուշիի, Սուրբ Սարգիսիևև Մեսրոպ Մաշտոցի, Ոսկան Երեւացիի եւ այլ արժէքաւոր մարդոց շունչը ու ոգին կրողևև վանքի շրջապատի կարմրագոյն հողին մէջ, առանց ցուցամոլական ու փարթամ գերեզմանի, խոնարհ ու համեստ:

 

Մարգար Շարապխանեան
Ուշի