Print
Category: Յօդուածագրութիւն

27 Յուլիս 1983... Զոհողութեան խորհրդանիշ

27 Յուլիս 2013... 30-ամեայ ոգեշնչող պատգամ

Անցնող 30 տարուան ընթացքին բաւական խոր քննարկուեցան Փորթուկալի մէջ 1983ին իրագործուած Լիզպոնի տղոց արարքի ծալքերը: Անձնազոհութեան արարք մը, հազիւ 20-23 տարեկան հինգ երիտասարդներէ, որոնք իրենց ապագան զոհեցին, իրենց ազգի ապագան երաշխաւորելու համար:

Երիտասարդ արի հայորդիներու արարքը տարբեր տեսակի արժեւորումներու ենթարկուած է: Անոր պատգամած դասերը հայոց պատմութեան ընդմէջէն մեր քաղած   փաստերն են՝ թէ արդարութեան իրաւունքի կերտման ճանապարհին շարուած են երիտասարդ տղոց զոհուած կեանքերը:

Լիզպոնի հինգ տղաքը, որոնց անունները դրոշմուած կը մնան իւրաքանչիւր հայ անհատի մտքին, մա՛նաւանդ անոնց, որոնք երկար ատեն ներշնչուեցան անոնց անձնազոհ վեհ արարքէն, եւ կրակով մկրտուեցան՝ հայութեան արդար իրաւունքներու պահանջատիրական պայքարին մէջ:

Տղոց նպատակը յստակ էր. ընդարձակել Հայ դատի պայքարը, լսելի դարձնել հայութեան իրաւունքները եւ յաջողցնել ազատ Հայաստանի գաղափարը: Նպատակը մէկ էր, սակայն պատգամները ներազգային էին, համազգային էին եւ միշտ այժմէական:

Երիտասարդական խանդի սնունդը՝ յոյսն ու ուժն են: Որեւէ նահանջ չճանչցող ուժը, եւ միշտ աւելիին ու կատարեալին ձգտող յոյսը: Այս երկու զօրաւոր ազդակներն էին որ մղում տուին Արային, Վաչէին, Սարգիսին, Սիմոնին ու Սեդրակին՝ ծրագրել ու իրագործել Լիզպոնի մէջ թրքական դեսպանատան գրաւման դէպքը:

Անցնող 30 տարուան մէջ, անկասկած, շատ բան փոխուած է մարդկութեան ընկալումներուն մէջ: Նախ պէտք է յստակցնել թէ այսօրուայ պայմաններու բերումով, նմանօրինակ որեւէ արարք՝ ոճրագործութիւն պիտի նկատուէր համայն մարդկութեան կողմէ, իբրեւ բռնութիւն, ահաբեկչութիւն, ծայրայեղականութիւն բնորոշուելով: Երթալով սակայն 80ական թուականներուն եւ քննարկելով օրուայ պայմանները հասկնալի է, թէ անոնց արարքը այնքան զօրաւոր սկզբունքներու վրայ յենած էր, ցոյց տալու համար թէ հայ երիտասարդութիւնը բացարձակապէս կը մերժէ ռազմավարական նահանջը՝ հակաթուրք պայքարին մէջ, կը մերժէ զիջումները եւ թուլացումները հայութեան պայքարին մէջ:

Լիզպոնի «5»ի արարքը հոգեկան եւ գաղափա- րական հրթիռ էր, որ հետագային այն բոցը հանդիսացաւ, որ վառեց Արցախեան ազատագրութեան պայքարի կրակը, իրար միախառնելով Լիզպոնն ու Արցախը, փաստելով թէ երէկ եւ միշտ մէ՛կ է հայ մարտիկներու կտրած ուղին։

Նման պատգամ երբեք ժամանակավրէպ չէ: Այս մէկը կրնան հաստատել քաղաքական աշխատանք ծաւալող մեր Հայ Դատի Յանձնախումբերուն եւ Երիտասարդական միութիւններուն մէջ գործող հայորդիները, որոնք կը տեսնեն, թէ դժուար ժամանակաշրջաններու մէջ կը գտնուինք, ուր հայութեան դէմ մղուող պատերազմը ռազմադաշտ կը փոխէ շարունակ, Արցախեան սահմանագիծէն անցնելով միջազգային քաղաքական թատերաբեմեր, թրքական եւ ատրպէյճանական լրատուութեան ապատեղեկատուական գրոհէն՝ մինչեւ վարձու քաղաքագէտներու միջոցաւ ձեռք ձգուած հակահայ բանաձեւեր ու քուէարկութիւններ: Յաղթանակներն ու պարտութիւնները իրարու կը յաջորդեն եւ ճնշումները կը սաստկանան: Պայքարը սակայն կը մնայ նոյնը, ինչպէս եւ պատգամները կը մնան նոյնը՝ շարունակել մեր գործը Լիզպոնեան անսակարկ պատրաստակամութեամբ, մեր նոր զէնքերը գործածելով, ինչպիսին են գիտութիւնը, ու- սումը, միասնութիւնը, համախմբուածութիւնը, փորձառութիւնները, հեռատեսութիւնը:

Լիզպոնի տղոց իտէալիզմով վերամկրտուելու եւ մեր ուխտը վերանորոգելու համար ներկայ ըլլանք բոլորս այս Կիրակի առաւօտ, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցին, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան կողմէ կազմակերպուած ոգեկոչման հանդիսութեան:

Դարձեալ շօշափելու համար անոնց կտակած խորիմաստ ժառանգութիւնը: