Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Հալէպ քաղաքը կը շարունակէ շրջափակուած մնալ: Եօթը ամիսէ ի վեր օդային ճամբաներու փակումին կը միանայ 11 օրէ ի վեր շարունակուող ցամաքային ուղիներու փակումը, թէ՛ ներքին՝ նահանգէ-նահանգ, թէ՛ արտաքին՝ երկրէն դուրս:
Սննդեղէնի ապահովման դժուարութիւնը կը շարունակուի, թէեւ նախորդ օրերուն հետ բաղդատելով դրական որոշ բան կարելի է նկատել, շուկան քանի մը տեսակ բանջարեղէն եւ կանաչեղէն կարելի է գտնել, սակայն սովորական սակագիներէն 12-15 անգամ աւելի բարձր գինով:
Պտղատեսակ գրեթէ չկայ: Դեղօրայք ապահովելու դժուարութիւնը կը շարունակուի:
Ի տարբերութիւն նախորդ ամիսներուն, ելեկտրական հոսանքի եւ ջուրի մեծ խնդիր չունինք: Թէ՛ հոսանքը, թէ՛ ջուրը քանի մը ժամ կ՛անջատուին ու կը վերադառնան:
Շաբաթ, 13 Յուլիսի գիշերը Սիւլեմանիէի հայաբնակ թաղամասերուն վրայ ինկան երեք հրասանդներ, որոնց պատճառած վնասները Փառք Աստուծոյ  միայն նիւթական էին:
Նոյն գիշեր Թելեֆոն Հաուայի շրջանին մէջ գտնուող Հայ աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ ուղղութեամբ արձակուած հրասանդ մը օդին մէջ պայթեցաւ, իսկ ուրիշ մը՝ եկեղեցւոյ դիմացի մայթին վրայ. կրկին մարդկային վնասներ չարձանագրուեցան:
Կիրակի, 14 Յուլիսին, այս դժուար ու երբեմն դաժան պայմաններուն մէջ, կենսասէր հալէպահայութեան խուռներամ բազմութիւնը հաւաքուած էր «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ, ուր Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութիւնը բարձր գնահատելի ճիգով մը ժողովուրդին հոգեկան աշխարհը              խանդավառեց: «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը, Թատրոնը, «Զուարթնոց» երգչախումբը եւ «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի «Սարդարապատ» պարախումբը կրկին ժպիտ գծեցին հալէպահայուն դէմքին :
Թեմիս առաջնորդ գերշ. տէր Շահան եպս. Սարգիսեան իր կարգին ոգեւորեց հալէպահայերը, որոնց մեծ մասն ալ իրենց տուներուն մէջ «Ռատիօ երազ»-ին ճամբով ունկնդրեցին ձեռնարկը, լսեցին սրբազան հօր յուսատու եւ ուժ ներշնչող պատգամներն ու յորդորները:
Այնքան հոծ բազմութիւն կար, որ մեծ թիւով հանդիսատեսներ սրահէն դուրս մնացին, այս իսկ պատճառով Շրջանային վարչութիւնը տեղւոյն վրայ որոշեց ձեռնարկը կրկնել յաջորդ Կիրակի, 21 Յուլիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, նոյն սրահին մէջ:
Այս է հալէպահայութիւնը, որ ընկրկում, յուսալքութիւն չի ճանչնար: Հալէպահայութիւնը ճանչցողը գիտէ, որ ան ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ  իր անցեալին, ներկային եւ ապագային տէրը կանգնելու ու արժանապատուութիւնը բարձր պահելու համար:

ՄԱՐԻԱ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ
Հալէպ - «Երկիր Մետիա»