Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազին կողմէ տարածքային պահանջներու վերաբերող յայտարարութիւնը աննկատ չէ անցած թրքական կողմէն: Նախ, թրքական մամուլի մէկ ներկայացուցիչն էր, որ շատ զուսպ եւ զուտ լրատուական սահմաններուն մէջ կ՛անդրադառնար հարցին՝ ձգելով այն տպաւորութիւնը, որ թուրք պետութիւնը կամ առհասարակ թրքական դաշտը խնամքով անուշադրութեան կ՛ուզէ մատնել կարեւոր այս յայտարարութիւնը:
Նման յայտարարութեան մը հակազդելու առումով բաւական ուշացած համարուող հակադարձութիւնը ի վերջոյ երեւցաւ:
«Հայաստանի յաւակնութիւնները թուրքական հողերի նկատմամբ» հակասում են այնպիսի միջազգային կազմակերպութիւնների սկզբունքներին, ինչպիսիք են ՄԱԿ-ն ու ԵԱՀԿ-ն, որոնց անդամն է հանդիսանում պաշտօնական Երեւանը՝ ասւում է Թուրքիայի արտաքին գործերի յայտարարութիւնում, որն այսօր հրապարակուել է գերատեսչութեան կայքում:
Երեւանում Յուլիսի 5-ին անցկացուած Իրաւաբանների համահայկական խորհրդաժողովի ընթացքում Հայաստանի գըլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանը յայտարարել էր, որ Հայաստանը պէտք է Թուրքիայից վերադարձնի իր կորցրած տարածքները:
Թուրքիայի ար-տաքին գործերի նախարարութեան յայտարարութիւնում ասւում է, որ «Հայաստանի կառավարութեան այդպիսի աստիճանի պաշտօնական անձի նման յայտարարութիւնը խօսում է Հայաստանում տիրող խնդրայարոյց մտայնութեան մասին »:
«Բոլորը պէտք է յստակ հասկանան, որ ոչ ոք չունի Թուրքիայից հողեր պահանջելու իրաւունք», ասւում է հաղորդագրութիւնում:
Նախ պէտք է ըսել, որ հակադարձութիւնը ուշացած է: Երեւանի մէջ գումարուած իրաւաբաններու ժողովի թուականը 5 Յուլիսն է: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 8 օր սպասած է իր հակազդեցութիւնը իր պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրելու:
Երկրորդ արագ նկատուող երեւոյթը հակազդեցութեան եղանակն է: Նշենք, որ հակազդեցութիւնը ըստ ձեւի կատար-ւած յատուկ յայտարարութիւն չէ: Երկրորդ՝ արտաքին գործոց նախարարի ճամբով չէ, այլ նախարարութեան բանբերի: Երրորդ՝ նոյնիսկ բանբերը ոչ թէ տարածաշրջանային խնդիրներուն անդրադառնալով խօսած է այս մասին, այլ պատասխանած է լրագրողի մը հարցումին:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին թրքերէն բաժինը լուրը տեղադրած էր Շաբաթ, 13 Յուլիսին: Անգլերէն բաժինին վրայ թարգմանութիւնը երեւցաւ մէկ օր ետք:
Այսինքն՝ 5 Յուլիսէն 14 Յուլիս պաշտօնական Անգարան նախընտրած էր լուռ մնալ: Թերեւս շարունակուէր լռութիւնը, եթէ լրագրող մը այդ մասին հարցում չընէր: Այստեղ պէտք չէ բացառել պատուէր-հարցումի հաւանականութիւնը, հարցին մասին ուշացումով, երկրորդ մակարդակով եւ ոչ թէ յատուկ, այլ ի միջի այլոց անդրադառնալու համար:
Գլխաւոր դատախազի յայտարարութեան մէջ կար բաժին նաեւ հայ-թրքական սահմանի վիճելի ըլլալուն մասին. «Մենք տարածքային վէճեր ունենք ինչպէս Թուրքիայի, այնպէս նաեւ Ազրպէյճանի հետ»: Թուրք բանբերը այս բաժինը ճիշդ ընկալած էր ու վերարտադրած էր եւ ըսած, որ ըստ գլխաւոր դատախազին, հայ-թրքական սահմանը երբեք իրաւականօրէն չէ հաստատուած:
Թէկուզ՝ ուշացած հակազդեցութեամբ, թէկուզ՝ երկրորդ մակարդակով, թէկուզ՝ պատահական հարցումի պատասխանելով, այսուհանդերձ յստակ է, որ Հայաստանի պետական ուղերձը տեղ հասած է: Այդ ուղերձը հայ-թրքական ներկայ սահմանը չճանչնալն է, տարածքներու պահանջն է եւ առհասարակ մեր պահանջատիրութեան անթերի իրաւականացման սկիզբն է: Պաշտօնական Անգարան հասկցած է նաեւ, որ այս գլխաւոր դատախազին անձնական համոզումը չէ: Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը կը նշէր, որ գլխաւոր դատախազը այս յայտարարութիւնը կատարած է 5-6 Յուլիսին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հայ իրաւաբաններու համահայկական համաժողովին, որուն բացումը կատարուած է նախագահ Սարգսեանի ողջոյնի խօսքով: Այո՛. ուղերձը յղուած է բարձրագոյն մակարդակէ եւ տեղ հասած անշուշտ: Երեւանը վիճելի կը նկատէ հայ-թրքական սահմանը եւ տարածքներ կը պահանջէ Թուրքիայէն:
«Ազդակ»