Վաղ հեթանոսական շրջաններէն հասած, դեռ եւս մեզի յայտնի ամենահին հայկական հարսանիքներէն՝ Արտաշէս թագաւորի եւ Սաթենիկի հարսանիքի մասին, այսպէս գովերգած են հայ գուսանները.¬
«Ոսկի անձրեւ կը տեղար Արտաշէսի փեսայութեան պահուն, մարգրիտ կը տեղար Սաթենիկի հարսնութեան պահուն»։ Պատմութեան ընթացքին, քրիստոնէութիւնը փոխարինելով հեթանոսութեան, հայոց համար սկսաւ նոր ժամանակաշրջան։ Սակայն հայը կառչած մնաց իր աւանդութիւններուն ու ինչպէս հին ատեն, այնպէս ալ այսօր, հայը կը սիրէ իր զաւակը ամուսնացնել շքեղ հարսանիքներ կազմակերպելով։
Հայոց հին գաւառներուն մէջ, հարսանիքը շատ մեծ իրադարձութիւն էր, տղայ կամ աղջիկ ամուսնացնող ընտանիքը ամբողջ տարին կը պատրաստուէր այդ արարողութեան. գարնան կամ ամրան կþաշխատէին, բերքն ու բարիքը կþամբարէին, որպէսզի աշնան կամ ձմրան փառաւոր շուքով հարսանիք կատարէին։
Իւրաքանչիւր գաւառ ունեցած է իրեն բնորոշ հարսանեկան աւանդութիւններ, որոնց մեծ մասը փոխանցուած է այսօրուան, միւս մասն ալ ձեւափոխուելով, նորօրեայ շունչ ու ճաշակ ստանալով հասած է մեզի։ Այստեղ փակագիծեր բանալով պէտք է նշել սակայն, որ հայկական ծիսակարգային համալիրը եթէ մէկ կողմէ խափանուած է 1915-ի Եղեռնի հետեւանքով, արեւմտահայ հատուածի համար, ապա մէկ ուրիշ տարբերակը տեղի ունեցած է Արեւելահայաստանի մէջ, խորհրդային վարչակարգի կործանարար ազդեցութեան ներքոյ։ Երկու պարագաներուն ալ խախտելով ու ոչըն- չացնելով ազգային երանգ կրող բոլոր ծիսական աւանդութիւնները, յանգեցնելով մշակութային եղեռնի։
Հիմա որ թեւակոխած ենք բոլոր նշուած խանգարող հանգամանքները, արժէ որ մեր ժողովուրդը կրկին հաղորդակից դառնայ հայու մաքրամաքուր ոգիին, խորհուրդին, մանաւանդ երբ մերօրեայ օտարոտի սովորութիւնները կը վտանգեն մեր ազգային դիմագիծը. թէպէտեւ տրամաբանօրէն կարելի չէ վերադառնալ հին դարերու բնօրինակին, եւ ապրիլ մեր նախնիներուն պէս, բայց եւ այնպէս պէ՛տք է իմաստաւորել իւրաքանչիւր ծէսն ու արարողութիւնը, ներշնչանք ունենալով մեր նախնիներու խորհուրդներն ու ոգեղէնութիւնը։
Ուրեմն, վերադառնալով հայկական աւանդական հարսանիքին, ըսինք, որ գաւառները ունէին իրենց իւրայատուկ աւանդութիւնները։ Սովորութիւն էր փոքր տարիքէն աղջիկները վարժեցնել տնային աշխատանքի, ձեռագործ, ասեղնագործ, կար ու ձեւ, խմոր հունցել, հաց թխել, եւ այլն, եւ կþանցնէին իրենց օժիտի պատրաստութեան. իսկ տղաքը անհրաժեշտ էր, որ արհեստ մը ունենային։
Հին ժամանակ միշտ չէր որ տղան կþընտրէր իր հարսնցուն, շատ յաճախ այդ մէկը կþընէր իր մայրը։ Որոշ շրջաններու մէջ ալ գոյութիւն ունէր մէկ այլ իւրայատուկ եւ տարօրինակ սովորութիւն մը՝ «օրօրոցային խազը». այս միջոցով՝ կþորոշուէր միեւնոյն ժամանակ ծնած տղան եւ աղջիկը իրարու հետ պսակելը, իրենց ծնողներուն կողմէ։
Հարսանիքէն առաջ կը սկսէր աւանդական «աղջիկտեսը», ապա «խնամախօսութիւնը», «խօսքկապը» ու «նշանադրութիւնը», ապա «հարսնատեսը», ուր կը դրսեւորուէր հարսնցուին շնորհքները։
Հայերը ունեցած են նաեւ «փեսատեսի» սորովութիւնը, աղջկան հարազատներու կողմէ այցելութիւն փեսացուի տուն՝ ստուգելու համար փեսային ունեցուածքն ու կարողութիւնը. եղած է նաեւ ուրիշ ծէս մը, որուն ընթացքին երկու կողմերը որոշած են հարսանիքի հաւանական օրը եւ մնացեալ մանրամասնութիւնները, որ կոչուած է «հղէ կտրել»։
Գալով հարսանեկան տարազներուն՝ եղած են իւրայատուկ եւ գեղեցիկ, յաճախ ոչ ճերմակ այլ՝ գունաւոր, ուր գերակշռած է կարմիր գոյնը՝ ի նշան պտղաբերութեան եւ յարատեւութեան։ Կարեւոր բաղադրիչներն էին յատկապէս գօտին եւ քօղը։ Ամբողջովին ասեղնագործուած ու ձեռքով կարուած հարսանեկան տարազը կը պատրաստուէր փեսացուին ազգականներուն կողմէ եւ կը կոչուէր «պոյչափէքի» ծէս։ Այս գործին կը մասնակցէին յատկապէս ամուրի աղջիկները՝ իրենց բախտն ալ բացուելու ակընկալութեամբ։ Տղու կողմի պարտականութիւնն էր նաեւ ապահովել հարսի քօղն ու կարմիր կօշիկները։
Պէտք է նշել, որ հին հայաշխարհի հարսանիքները կը տեւէին եօթը օր, յատկապէս հարուստ ընտանիքներուն մօտ՝ եօթը օր ու գիշեր խրախճանքով եւ ուրախ արարողութիւններով կը նշէին այս իրադարձութիւնը։
Մինչեւ հարսանիքը, կարգ մը հետաքրքրաշարժ սովորութիւններ արժանի է թուարկել.
¬Սգաւոր ազգականներէ հարսանիքի թոյլտուութիւն կը խնդրուէր։
¬Հարսանիքի նախօրեակին գժտուած ազգականներու հետ կը հաշտուէին, որպէսզի հարսանեկան ուրախութիւնը լիարժէք ըլլար։
¬Հարսանիքէն երկու օր առաջ փեսային տան մէջ տեղի կþունենար հարսանեկան հաց թխելու արարողութիւնը՝ կանայք յատուկ երգերով եւ բարեմաղթութիւններով ուղեկցուած կը թխէին այդ հացը, որ կը կոչուէր «հացթուխ», «գաթաթուխ», «ալրամաղէք», «տաշտադրէք», տարբեր գաւառներ, տարբեր անուններով, իսկ եզ մորթելու արարողութիւնը՝ «եզմորթէք»։
¬Նոյն օրը պաշտօնապէս կը տեղեկացուէր հարազատներուն՝ հարսանիքի օրը։
¬Փեսացուն քանի մը ընկերներով կþայցելէր գերեզմանատուն, հին ու նոր ննջեցաելներու հոգիներուն արքայութիւն մաղթելու։
Վերեւ նշուածները կը վկայեն հայու աւանդապաշտութեան, մեծերը յարգելու գեղեցիկ սովորութեանց մասին։
¬Փեսայի տան մէջ յատուկ խնճոյքով կþընտրուէր ամուրի երիտասարդներու խումբ մը, զոր կը գլխաւորէր «ազապ պաշին» միշտ մնալու համար փեսայի կողքին. այս ընտրութեան ծէսը կը կոչուէր «ազպանստում»։
¬Հարսանիքէն առաջ երիտասարդ աղջիկներն ու տղաքը իրենց մատներուն հինա կը քսէին, որ կը կոչուէր «հինում»։
¬Փեսայի տան մէջ, մէկ օր առաջ խնճոյքի գինին համտեսելու եւ սափորներու մէջ լեցնելու արարողութիւնը, որ կը կատարուէր հարսի տղամարդ ազգականներու կողմէ կը կոչուէր «գինեթափէք»։
¬Փեսային տունը՝ փեսային հագցնելու ծէսը կը կոչուէր «թագադրում». փեսան՝ «թագաւոր» հարսը՝ «թագուհի»։ Փեսային տան բակը ընկերները կը նստեցնէին փեսան, կը սափրէին, մազերը կը կտրէին, ու կը լոգցնէին, անպայման քաւորի ներկայութեան, այս կը կոչուէր «փեսաբաղնիք», իսկ յաջորդ օրը, քաւորը կը հագցնէր «թագաւորին», իսկ ուղեկցող ազապները միաբերան կը բացականչէին «շնորհաւո՜ր....» այդ պահուն էր, որ քաւորի կամ կնքահօր սուրը, որ կարեւոր խորհրդանիշ էր հին հարսանիքներու ժամանակ, քաւորն այդ սուրը պէտք էր թաթխէր մորթուած եզան արեան մէջ պտտցնէր փեսային, յետոյ նաեւ հարսին գլխավերեւը՝ չար ուժերը փախցնելու նպատակով։ Այս պահուն ամուրիները՝ «ազապ»ները կը ջանային բան մը թռցնել քաւորէն, վերադարձնելու պայմանաւ, միայն այն ատեն, երբ քաւորը դրամ խոստանար։
¬Փեսային հագուստին վրայ կապուող խաչաձեւ երկու լայն ժապաւէնները, կարմիր եւ կանաչ գոյներով, այնքան տարածուած էր, որ յաճախ տղոց կը հարցնէին «ե՞րբ կանաչ կարմիր պիտի կապես», փոխանակ հարցնելու «ե՞րբ պիտի ամուսնանաս»։
Այսպիսի ժողովրդային խաղիկ կայ.
Մեր թագաւորն է խաչ
Խաչվառ խաչ ու մաչ
Պսակն էր կարմիր
Արեւն էր կանաչ...
Իսկ աղջկան կþըսէին.
Կարմիր ու կանաչ հագնիս,
Նռան հատիկ նմանիս...
¬Հարսի եւ փեսայի գովքը, հայկական աւանդական բանահիւսութեան մէջ կը կոչուէր «ծաղկոց»։ Այս գովքի ժամանակ կը թուէին հարսի եւ փեսայի արժանիքներն ու բարեմասնութիւնները։ Անմահն Կոմիտաս միայն, հարիւր ժողովրդական երգ ու խաղիկ մշակած է այս առիթով, որմէ ալ կարելի է ենթադրել, թէ որքան հարուստ եղած է հայկական հարսանեկան ծէսը, որուն հիման վրայ ստեղծուած է երգարուեստը, պարարուեստը, խաղիկներ, կենացներ, մեծարժէք խրատներ, եւայլն, որոնք սնուցած ու հարստացուցած են ժողովրդական արուեստը։
Այսպիսի երգ՝
«Թագուորի հետ դուրս արի,
Տես քեզ ինչեն են բերել...»։
Այժմ փեսայի տունէն տեղափուխուինք հարսի տուն։
Այստեղ հարսանեկան տրամադրութիւնը կը սկսէր հարսին լոգցնելու արարողութեամբ, իր ընկերուհիներու ընկերակցութեամբ դարձեալ նորէն յատուկ երգերով ծաղկեցնելով այդ առիթը։
Այստեղ արժանի է յիշել «հալաւօրհնէքը» երբ քահանան յատկապէս կը հրաւիրուէր հարսի, ապա փեսայի հանդերձանքը օրհնելու նպատակով։
Վերջապէս կուգայ հարսանիքի օրը։
Այդ առաւօտուն, փեսային տան կտուրէն զուռնան կþազդարարէր հարսանիքի սկիզբը, «նուագ զուռնայի»։
Այսօրուան հարսանիքներու ընթացքին հարսն ու փեսան կը հանդիպին եկեղեցիին բակը, մինչդեռ հին գաւառական կարգը այլ էր։
Փեսան, քաւորը, ընկերներով եւ ազգականներով կþերթային հարսին տունը, անոր ուղեկցելով եկեղեցի, այս արարողութիւնը կը կոչուէր «հարսնառ»։ Ներկայ կþըլլային նաեւ կնքահայր, կնքամայր, փեսախպէրը, հարսնքոյրը, պարողներու եւ մակարներու խումբով շրջապատուած, իրենց հետ տանելով նուէրներ, հարսին հագուստը, մատուցարանի վրայ զետեղուած։ Հարսին տունը, քաւորի կինը, ծաղկուորներու օգնութեամբ, երգելով, հարսին կը հագցնէին ու մազերը կը հիւսէին յատուկ գովերգներով, իսկ տունէն հարսին հրաժեշտ տալու ժամանակ մխիթարական ու տխուր երգեր կը հնչեցնէին ի դէպ՝ հարսանեկան երգերու մէջ միաժամանակ կը հանդիպինք ուրախ նաեւ տխուր «լացերգ»ներու, եղած են նաեւ կատակ երգեր։ Ահաւասիկ հարսանեկան խաղիկ մը.
«Մտանք տուն, իջանք ուշիկ¬ուշիկ
Փեսան կը նայէր լռիկ մնջիկ»
Մշու սարեր մշուշ էր
Աղջկայ տունը քնքոյշ էր
Հարսի քօղը նախշուն էր
Փեսի դէմքը անուշ էր...»։
Այսպէս, հարսին հագցնելով կը նստեցնէին վարագոյրին ետեւ։ Քաւորը կը կապէր հարսի գօտին ըսելով. «Աստուած ղոչ տղայ տայ», տեղին է նշել, որ հարսանեկան գօտիները՝ գեղեցկօրէն նաշխազարդուած կþըլլային ազգային նաշխերով, որ կը խորհրդանշէր պտղաբերութիւն, հասունութիւն։ Փեսան կը մօտենար արդէն զուգուած զարդարուած հարսին, կը բարձրացնէր քօղը ու կը նայէր հարսին դէմքին։ Կը պատահէր, որ փեսան հարսին դէմքը առաջին անգամ կը տեսնէր։
Հարսը հրաժեշտ կուտար հայրական օճախին, համբուրելով թոնրի շուրթը, տան մեծերը եւ «հարսնառներով» կþուղեւորուէր դէպի եկեղեցի։ Հարսի ձեռքին պարտադիր պէտք էր ըլլար ասեղնագործուած թաշկինակ մը կապուած փեսային գօտիին՝ ի նշան միասնութեան, բարձր երգերով, որպէսզի չար ուժերը հեռացնէին։
Եկեղեցին, նորապսակներուն գլխաւերեւը՝ քաւորը սուր ու վահան կը բռնէր «չար ուժերը» հեռացնելու մտադրութեամբ, իսկ եկեղեցիի խորանին առջեւ տեղի կþունենար մեզի արդէն յայտնի Ս. Պսակի արարողութիւնը, որ կը համարուի հայ առաքելական եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներէն մէկը. այստեղ է արդէն, որ քահանան հարսի գլխուն կը կապէր «նարօտը», որ բրդեայ գոյնզգոյն թելերով հիւսուած պսակ էր։ Ապա ժամերգութենէն յետոյ քահանան կուգար հանելու նարօտը, թոյլատրելով անոր մտնելու հարսանեկան առագաստ։ Պսակադրութենէն յետոյ հարսանառներու շքախումբը կþերթար տղու տուն, անպայմանօրէն ուրիշ ճանապարհով. կարգ մը շրջաններ հարսը կը նստեցնէին ձիու վրայ, աւելի ուշ՝ ձիակառքով բայց շքախումբը կþերթար քալելով։
Այսօրուայ հարսանիքները գուցէ աւելի շքեղ են, սակայն իմաստային առումով աւելի աղքատիկ են, քան հայոց աւանդական հարսանիքները։
Երբ հարսը կը մօտենար փեսայի տան շէմին, փեսայի մայրը անոնց երկուքին ուսերուն կը դնէր հայկական հացը՝ լաւաշը, ու անոնց կը կերցնէր մեղրով ընկոյզ, որ բարեբերութեան եւ ուժի նշան էր, իսկ հարսն ու փեսան կօշիկներու ուժեղ զարկերով կը կոտրէին տան մուտքին դրուած պնակները՝ չարը խափանելու մտադրութեամբ։ Այս երկու սովորութիւնները մինչեւ օրս ալ պահպանուած են Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Տուն մտնելէն ետք, հարսին կը նստեցնէին իրեն համար պատրաստուած յատուկ տեղը ու գիրկը կուտային տղայ նորածին երեխայ, որ նշան էր առողջ յղիութեան եւ տղայ բերելուն։ Ապա հանդիսաւոր շուքով հարսին կը տանէին աւանդական հարսանեկան խնճոյքին մասնակցելու։ Այս արդէն ճոխ արարողութիւն էր, որուն կը սպասէր ամբողջ գիւղը, առատ ուտելիք, երգ ու նուագ, պարով, բարեմաղթանքներով։ Խնճոյքը վարելու համար կþընտրուէր «սեղանապետ» կամ «թամատա», որ բազմաթիւ կենացներով կը ծաղկեցնէր ու կը քաղցրացնէր հարսանիքը։ Այդ կենացներէն կարեւոր տեղ կը գրաւէր, ծնողներուն, տան աւագներուն յիշատակին համար խմուած կենացները, իսկ նորապսակներու կենացներուն ընդմէջէն, անոնց կը մաղթէին բարի բախտ, ամուր ընտանիք, առողջ երեխաներ, մեծի խօսքը լսել ու յարգել, ոտքը քարին չդպչիլ, եօթը որդիով սեղան նստիլ, մէկ բարձին վրայ ծերանալ, եւ շատ այլ կենացներ։
Կենացներու սովորութիւնը այսօ՛ր ալ Հայաստանի մէջ բաւական լաւ պահպանուած է, ու զարգացած, նոյնիսկ յատուկ վճարովի թամատաներ կան կենացներ ծաղկեցնելու։
Հարս ու փեսայէն յետոյ հարսանիքի կարեւոր դերակատարները կը համարուէին քաւորն ու իր կինը. այդ պատճառով անոնց ընտրութիւնը եղած է բարդ ու պատասխանատու եւ կատարուած է երկար բանակցութիւններու եզրայանգումով, որովհետեւ ան միշտ մնալու էր ընտանիքի քաւորը, պիտի մասնացէր երեխայի ծնունդին մկրտմանը, ընտանիքի ուրախ եւ տխուր առիթներուն, իսկ քաւորին կինը իր հերթին պէտք է դեռատի աղջկան ծանօթացնէր ընտանեկան կեանքի մանրուքներուն ու խնդիրներուն, պահպանելու համար ընտանեկան անդորրը. մէկ խօսքով անոնք օրինակ պէտք է հանդիսանային նորապսակ զոյգին համար ի կարգին հաշտեցնելով ու մեղմելով անոնց գժտութիւնները։
Արժանի է յիշել այսպիսի հետաքրքրաշարժ սովորութիւն մը.
Հարսը հագցնելու ժամանակ հարսի եղբայրը կոչ կþուղղէ հաւաքուած մարդոց. «Ժողովո՛ւրդ, հարսի շապիկը չի մտներ հարսի գլուխէն, ի՞նչ ընենք» այդ պարագային, քաւորը յառաջանալով մէկ ոսկի կու տար, զգեստաւորումը շարունակելու համար, կամ ալ հարսին կօշիկը կը փախցնէր, եւ չէր վերադարձնէր մինչեւ քաւորը դրամ չտար։
Հարսին զգեստին կարեւոր մէկ բաղկացուցիչը կը կազմէր քաւորին նուիրած հարսանեկան ճերմակ քօղը։ Հարսը՝ եթէ այդ քօղը ամուսնական գիշերուան յաջորդող առտուն հանած ըլլար իր գլուխէն, կը նշականէ, թէ ամուսնութիւնը տեղի ունեցած էր եւ ամէն բան կարգին էր։
Ինչպէս ըսինք քաւորին կը վերագրուէր անսովոր ուժ մը, որուն շնորհիւ ի վիճակի էր պաշտպանելու ընտանիքը բոլոր չար ուժերէն եւ ապահովելու անոր բարգաւաճումը։ Հետագային, կնքահօր եւ կնքամօր իւրաքանչիւր այցը փեսային տունը, համընտանեկան իրադարձութիւն կը համարուէր, իսկ անոնց խօսքը՝ օրէնք։
Վերադառնալով հարսանեկան խնճոյքին՝ կþանցնէր ուրախ տրամադրութեամբ, երգերու եւ պարերու ուղեկցութեամբ։ Հայերը ունէին շատ մը հարսանեկան պարեր՝ «Լօրքէ», «Թամզարա», որոնք ապագային ներկայացուած են բոլոր ուրախութիւններու ժամանակ։ «Թամզարա» երգ¬պարը ունեցած է տասէ աւելի տարբերակներ, տարբեր գաւառներու մէջ։ Հարսանիքի ժամանակ նաեւ եղած է փեսային հօր եւ մօր միջեւ «կատակ պար» կռուի ձեւով, ուր միշտ կինն էր, որ կը յաղթէր եւ ամուսինը գետին կը փռէր։ Եղած են նաեւ «Շորորա» եւ «Ցուցք»՝ ցուցադրական պարեր, խմբային պարեր, շուրջպարեր եւ մանաւանդ մենապարեր։ Աւանդական հարսանիքներուն ժամանակ շատ կարեւորութիւն տրուած է հարսի պարին։ Մեր երաժշտական արուեստին մէջ կը գտնուին յայտնի եղանակներ, որոնք կը կոչուին «հարսի պարեղանակ», սովորաբար պարելու ժամանակ է, որ հարսին տուած են թանկարժէք նուէրներ։ Սա եղած է նախավերջին պարը, իսկ վերջինը եղած է «Մոմերու պարը», որ պարած են բոլոր երիտասարդները մեծ շրջանակ կազմելով եւ ձեռքերնին մէկական մոմ բռնած։
Հարսանեկան բուն օրուան խնճոյքը կþաւարտէր, երբ քահանան տուն կուգար եւ փեսային խաչկապն ու հարսին նարօտը կը հանէր, ինչպէս նաեւ փեսային սուրը՝ պատեանէն, ապա անոնց կը թոյլատրուէր մտնելու ամուսնական առագաստ։ Հայկական գեղեցիկ բառ մը ունինք՝ «թագվերաց», որ կը խորհրդանշէ նարօտը եւ խաչկապը վերցնելու արարողութիւնը։
Պսակէն մէկ շաբաթ ետք եղած է «գլուխ լուայ»ի արարողութիւնը։ Հարսին մայրը եւ ազգական կիներ կը լուային հարսին գլուխը։ Տեղի կþունենար նաեւ հիւրասիրութիւն, իսկ հարսը իր կողմէն փոքր նուէրներ կուտար այցելուներուն ¥ձեռագործ, կերպաս, եւայլն¤։
Եղած է նաեւ «խնամականչ». հարսանիքէն ետք հարսին ընտանիքը կը հրաւիրուէր փեսային տունը՝ հիւրասիրութեան։
Կարգ մը գաւառներուն մէջ գոյութիւն ունեցած է հարսանեկան «քառասունք»։ Այս միջոցին տարեց կիներ չէին երթար գերեզմանատուն, չէին երթար թաղումներու, հարսը չար ուժերէ պաշտպանելու հոգեբանութեամբ։ Իսկ հարսը քառասուն օր ետք «դարձ»ի կþերթար հօրը տունը եւ կը մնար մէկ շաբաթ։ Կար նաեւ հարսերու «չխօսկան»ութիւնը։ Հարսը կեսրայրին եւ տան միւս տղամարդոց հետ չէր խօսեր մինչեւ առաջին զաւակին ծնունդը։
Այսքանը, հայկական աւանդական հարսանիքներու մասին։ Աւանդութիւնները շատ են, բայց մենք ընտրեցինք անոնք, որոնք հիմնական եղած են բոլոր շրջաններուն համար, որպէսզի ձեզի փոխանցուածը միշտ ըլլայ ձեր ուշադրութեան կեդրոնը եւ միշտ պահէք ու փոխանցէք յաջորդ սերունդներուն։
(ԼՕԽի դաստիարակչական յանձնախումբի «Հայկական տօներ, աւանդութիւններ» գիրքէն)