Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Պաշտօնական ժողովներու աշխատանքներու աւարտին, սովորութիւն դարձած է հրատարակութեան տալ յայտարարութիւններ, որոնցմով կը ներկայացուին հետագայի հաշւոյն մշակուած ծրագիր(ներ)ի նախագիծը կամ որդեգրուած սկզբունքներուն խտացումը:

Այդօրինակ յայտարարութիւնները ընթերցող հանրութիւնը լուսաբանելու նպատակին հետ ՝ ենթակայ մարմիններուն, վարչական կառոյցներուն եւ ուղեկից կազմակերպութիւններուն համար կը հանդիսանան առաջիկայի գործունէութեան ուղեցոյցը:

Արդեօք այդ մարմիններն ու վարչութիւնները նկատի կ’առնե՞ն տրուած ցուցմունքը եւ համապատասխանաբար աշխատանքի յայտագիր կը պատրաստե՞ն թէ ոչ, խնդիր չի դրուիր հոս եւ ներկայ գրութեան նիւթն ալ այդ չէ արդէն:

Խնդիր է սակայն, եւ յաւելեալ լուսաբանութեան կարիքը զգացուի թերեւս, ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին ու այդ առիթով Կիլիկիոյ Կաթղ.եան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին կողմէ մամուլին յանձնուած յայտարարութիւնը, որուն թիւ 5 պարբերութեան մէջ կը կարդանք. « ...Միանգամայն մեր սպասումն է, որ Հայաստանը ու Սփիւռքը իր մէջ ներառող ու Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի հովանաւորութիւնը վայելող այս (100-ամեակի պետական) Յանձնաժողովը սոսկ ձեռնարկները «համակարգող» մարմին չդառնայ, այլ՝ որոշակի ու յստակ որոշումներ առնէ՝ յատկապէս մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը շեշտող ու համայն աշխարհին յիշեցնող...»: 

Մարտահրաւէրի շեշտով ու դրուածքով 100-ամեակի Պետական Յանձնաժողովէն այս «սպասումը» ակընկալելի էր ու տրամաբանական այն պատճառով, որ հակառակ նշանակումէն երկու տարի անցած ըլլալուն եւ հակառակ ժողովական նիստեր գումարած ըլլալու արձագանգումներուն, նոյնիսկ իբրեւ «համակարգող» մարմին իր ներկայութիւնը զգալի չդարձուց ան: Հանրութիւնը չէ իրազեկուած տակաւին թէ 100-աեակի Յանձնաժողովը ինչ կը մտածէ, ինչ կ’ընէ, համահայկական տարածքով համադրելի աշխատանքներու ձեռնարկա՞ծ է թէ ոչ: Եթէ նոյնիսկ ծրագիրները «գաղտնի» պահելու խնդիր մը կայ, կ’ակընկալուէր որ գէթ 100-ամեակի սկզբունքային հետամտութիւնը յստակացուէր եւ անիկա հրապարակուէր կամ յղուէր գաղութներու մէջ կազմուած ենթայանձնաժողովներուն ՝ իբրեւ տնօրինուած ուղղուածութիւն (directive):

Տարբեր օրերու մէջ եւ տարբեր պարագաներու տակ, առնուազն տարօրինակ պիտի թուէր Ազգային Ընդհ. Ժողովի «Սպասումը» այն մասին, որ Յանձնաժողովը «Մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը շեշտող ու համայն աշխարհին յիշեցնող» մարմին դառնայ :

Մենք պիտի չզարմանանք, եթէ «մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը շեշտող» մարմին չկամենայ դառնալ ՀՀի նախագահին հովանաւորութեամբ գործող Յանձնաժողովը, քանի որ Հայաստան-Թուրքիա ամօթալի արձանագրութիւններու թակարդին ճնշիչ ստուերը եւ... «պետական մտահոգութիւնները» կը կաշկանդեն պրն. Սերժ Սարգսեանի գործելու ազատութիւնը :

Պահանջատիրութիւնը կը հակադրուի արձանագրութիւններուն եւ փոխադարձաբար՝ արձանագրութիւնները մերժումն իսկ են պահանջատիրական տրամաբանութեան:

Խնդիր է տակաւին, որ 100-ամեակի սեմին, պահանջատիրութեան հանգրուանը եկած համարելով հանդերձ, «Ի՞նչ է ձեր պահանջածը» պարզ հարցումին պատասխանը չենք յստակացուցած: Անշուշտ խօսքը կը վերաբերի այնպիսի պատասխանի, որու շուրջ համազգային նուազագոյն համախոհութիւն մը գոյացած ըլլայ :

Զգո՜յշ :

Անորոշ իմացումով պահանջատիրութիւնը կրնայ թակարդ մը դառնալ մեզի համար, այնքան ատեն, որ չի յստակացուիր, թէ ինչ կը պահանջուի:

Այնքան ատեն, որ ի զօրու կը մնան տխրահռչակ արձանագրութիւնները, անհաւանական չէ , որ չյստակացուած «պահանջատիրութեան» տրուի   նիւթական ու բարոյական հատուցումի մը բովանդակութիւնը միայն:

Միհրան Քիւրտօղլեան