Պայծառակերպութիւն Քրիստոսի եւ Վարդավառ
Ա. ՎԱՐԴԱՎԱՌԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը ծանօթ է նաեւ որպէս Վարդավառ։ Հեթանոսական շրջանէն եկող կարգ մը սովորութիւններ պահպանուած են քրիստոնէական այս տօնին մէջ։
Ժողովրդական լեզուով վարդէոր, վարդեւոր, Վարդավառ բառին ճշգրիտ ծագման ստուգաբնութիւնը չէ եղած։ Անոնք որոնք համամիտ եղած են ուարդ, ջուրի սրսկումին, Վարդավառը կապած են Անահիտ դիցուհիին հետ, որպէս առատութեան տօն։ Անոնք որոնք համամիտ եղած են Վարդ բառէն ծագած ըլլալու ստուգաբնութեան, զայն կապած են Վարդամատն դիցուհի՝
Աստղիկի հետ, իսկ ուրիշներ ալ ջրհեղեղի յիշատակին հետ՝ աղաւնի թռցնելու եւ ջուրի սրսկումի սովորութեան։ Վարդավառը կը տօնուէր Յուլիսի կէսերուն։
Բ. ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Անցեալին սովորութիւն էր Վարդավառը տօնել սարերու վրայ, աղբիւրներու ակունքներուն մօտ, այդ առիթով կազմակերպել ուխտագնացութիւններ դէպի սրբավայրերը։ Յիշենք այդ առիթով տեղի ունեցող քանի մը աւանդութիւններ։
ա.- Բաց դաշտերուն մէջ, ակունքներու մօտ կողով մը կը զարդարէին, յատակը ցորենի հասկեր կը դնէին, մէջտեղը խաչափայտ մը, զայն կը զարդարէին եղանակի ամէն տեսակի բանջարեղէններով եւ պտուղներով կը զետեղէին տախտակի վրայ եւ շուրջը շրջանակներ կազմելով երիտասարդ թէ տարէց, միասին կը պարէին ի նշան միասնականութեան եւ կենսունակութեան։
բ.- Իրարու վրայ ջուր թափել եւ թրջուած հագուստով մնալ ամբողջ օրը՝ կը նշանակէր ջուրերու առատութիւն եւ իղձերու իրականացում։ Հարսերը իրենց կեսուրներուն վրայ գաղտնի ջուր կը թափէին, որպէս սիրոյ եւ միասնականութեան արտայայտութիւն։
գ.- Ուխտի կþերթային, մանաւանդ Մշոյ Ս. Կարապետ եկեղեցին։ Ուխտաւոր մանուկներուն մազերը կը կտրէին, հսկայ կաթսաներով մատաղ կþեփէին, կերուխում կ'ըլլար։ Տղամադիկ ձիամրցում կը կատարէին. իւրաքանչիւրը կը փորձէր իր դիմացինին գլուխը ջուրին մէջ թաթխել։ Կիներ եւ աղջիկներ ճօճախաչ կոչուող մրցումը կը կատարէին (օրօրուիլ, պարան ցատկել)։
դ.- Սովորութիւն էր նաեւ աղջիկ ուզել, նշանել, աշնան ամուսնացնելու համար։
ե.- Խաչ փունջեր կազմել վարդերով, ծաղիկներով եւ ցորենի հասկերով ու նուիրել եկեղեցիին, բերքի առատութեան համար եւ կամ նուիրել սիրած անձերու։
զ.- Ուրախութեան, խնդուքի պատկեներ կը ներկայացնէին, աղաւնի կը թռցնէին կենսունակութեան նպատակով։
է.- Սովորութիւն էր նաեւ մինչեւ Վարդավառի օրը խնձոր չուտել, այդ օրը խնձոր ղրկել իր սիրած անձին։
(ԼՕԽի դաստիարակչական յանձնախումբի
«Հայկական տօներ, աւանդութիւններ» գիրքէն)
Վարդավառի աւանդը անցեալին
Հայրենիքէն ներս Յուլիս ամսուան սկիզբը, Աստղիկին նուիրուած տօնախմբութիւնները Վարդավառ կը կոչէին։
Աստղիկ՝ ջուրի եւ սիրոյ չաստուածուհիի յայտնուելուն, ժողովուրդը աղբիւրներու եւ գետերու ափերուն խմբուելով գոհաբանական աղօթքներու եւ զոհերու մատուցումներով, իրենց արօտատեղիներու, պտղաստաններու եւ այգիներու յօգուտ անձրեւներ կþաղերսէին։
Վարդավառի տօնը, բերքհաւաքի օրերու զուգադիպելուն, կատարուած աղօթքները, ստացուած բերքի փոխան՝ երախտագիտական եւ գոհունակութեան մատուցում մը կը նկատուէր ժողովուրդին կողմէ։
Վարդավառին, հայերու իրենց անասուններու ճակտին ծաղկեփունջեր զետեղելը, աղաւնիներ թռցնելը, ջրախաղեր եւ խնճոյքներ կատարելը աւանդական սովորութիւններու յիշատակում մըն էր։ Անոնք կը հաւատային թէ, Վարդավառին, բոլոր սուրբերու վրայ կ'իջնէր լոյս մը եւ ո՛վ որ այդ լոյսը տեսնէր, իր ուխտը ընդունուած կը զգար։
Աւանդներ, որոնք այսօր, պայմաններու փոփոխութեամբ որոշ չափով միայն կը յարգուին, իրենց տեղը տալով արդի եւ այլ կերպի սովորութիւններու. հաւաքական դաշտագնացութիւններ, արշաւապտոյտներ դէպի ջրառատ եւ կանաչապատ վայրեր, նպատակ ունենալով յիշատակել անցեալի աւանդները միայն։
Վարդավառի տօնի առթիւ ջրախաղերու եւ աղաւնիներ թռցնելու հինէն եկող աւանդութիւնը կարելի է հետեւեալ կերպով լուսաբանել։
Երբ ջրհեղեղը վերջ կը գտնէ եւ Նոյ նահապետի տապանը կը հանգչի, Նոյ կը թելադրէ իր տղոց իրարու վրայ ջուր ցօղել։
Վարդավառի տօնի օրերուն մեծ ու փոքր, բոլորը, դաշտերու մէջ եւ մանաւանդ գետերու, աղբիւրներու եւ առուակներու ափերուն շուրջ համախմբուած, յարգած ըլլալու համար Նոյի ժամանակէն մեզի եկած աւանդը, իրարու վրայ ջուր ցօղելէ ետք, ծնղները իրենց զաւակաց վիզերուն ծաղկեհիւսքեր փաթթելով, կը փութան եկեղեցի։
Եկեղեցւոյ խորանի երկու մասերու գրակալներէն մէկուն վրայ կ'ըլլայ Աւետարան մը եւ նշխարհ, եւ միւսին վրայ թասով մը ջուր։ Արարողութեան աւարտին, ժամաւորները երբ Աւետարանը համբուրելու եւ նշխարհ ստանալու համար կը յառաջանան դէպի խորան, հոն տիրացուն, Վարդավառի սովորութեամբ ձեռքին բռնած ծաղկեփունջը ջուրին թաթխելով կը ցօղէ անոնց գլխուն։
Աղջիկները տունէ-տուն շրջելով կը բաժնեն ծաղիկներ։
Խաշնարածներ իրենց անասուններու վիզերը կը զարդարեն ծաղիկներով։
Հովիւները ճակատը կարմիր ներկած եւ ծաղիկ ու լաթի կտորներով զարդարուած խոյով մը շրջագայելով կը հաւաքեն նուէրներ։
Վարդավառի աւանդութիւնը, իր պահած կրօնական բնոյթէն անկախ՝ ընտանեկան մեր կեանքէն ներս այսօր, խանդավառ եւ ուրախ տօնակատարութեանց առիթը շնորհած է։
Վարդավառի տօնին կը յիշատակուին՝ Վարդգէս, Վարդեվառ, Վարի, Պատրիկ, Սիրվարդ, Զուարթ, Լուսավարդ, Նուարդ, Պայծառ, Վարդանուշ, Վարդիթեռ, Վարդենի, Վարվառէ եւ այլ անուններ։
Կ. Գ.