Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Արտագաղթի հարցը դարձեալ հրատապօրէն կ'արծարծուի մեր հայրենիքէն ներս, իր վրայ կեդրոնացնելով հայաստանեան քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներու ուշադրութիւնը։

Իրաւացիօրէն այսօր արտագաղթը կը համարուի մեր մայր հայրենիքը՝ Հայաստանը ճգնաժամող ամենահրատապ եւ ամենամտահոգիչ հիմնախնդիրներէն, զոր անպայման եւ ամէն գնով պէտք է սանձել, ընդմիշտ կասեցնել, որովհետեւ ուղղակիօրէն կը սպառնայ մեր ազգային անվտանգութեան, մեր գոյութեան։

Մեր երկրէն արտագաղթի ծաւալները այնքան մագլցած եւ ահագնացած են, որ Ատրպէյճան սկսած է իր հետագայ քաղաքական հաշուարկները կառուցել այս ուղղութեամբ ցնորական երազներ որոճալով եւ դէպի արտասահման հայերու հսկայազանգուած հոսքին մեծ յոյսեր կապելով։

Արդարեւ, 29 Մայիս 2013-ին, Ատրպէյճանի անկախացման տարեդարձին առիթով իր արտասանած ճառին ընդմէջէն Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է. ,Եթէ Ատրպէյճանի բնակչութեան աճի կշռոյթը պահպանուի ներկայ համեմատութեամբ, ապա 5-7 տարի յետոյ մեր երկրի քաղաքացիներու թիւը տասնապատիկ աւելի պիտի ըլլայ քան Հայաստանինը։ Իսկ նման տարբերութիւն մը ինքնին մեծ ներուժ կը պարունակէե։

Ալիեւ կրտսերի վերոյիշեալ յայտարարութիւնը պէտք է զետեղել ներքին եւ արտաքին ճակատներու սպառման համար նախա- տեսուած հնարքներու շրջագիծին մէջ։

Ալիեւ աւելի ճիշդ պիտի ընէր, եթէ Հայաստանէն արտագաղթող հայերու մասին արտայայտուելէ առաջ անդրադառնար իր երկրէն հեռացող ատրպէյճանցիներու հարցին։ Յիրաւի՝ այսօր մեծաթիւ ատըրպէյճանական համայնք գոյութիւն ունի Ռուսաստանի մէջ։ Կատարուածը, ինչպէս կանխանշեցինք, պարզապէս քարոզչական նպատակներով հրապարակ-ւած յայտարարութեանց շրջածիրին մէջ պէտք է տեղադրել։ Յստակ է նաեւ, որ եթէ խաղաղութիւն հաստատել կը ցանկանք պէտք է պատրաստ ըլլանք պատերազմի, ամրակայենք մանաւանդ մեր անվըտանգութեան եւ ռազմական ենթակառոյցները։

Պէտք է ընդունիլ, որ Ատրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւնը հայութեան համար ճշմարտութեան բաժիններ եւ օգտակար յղումներ կը ներփակէ։ Թշնամի պետութեան ղեկավարը մեծապէս կարեւորելով Հայաստանէն արտագաղթը իր երկրի ռազմավարութեան համար, արդէն մեր հայրենի իշխանութիւններուն կը յուշէ իրենց առաջնահերթ պարտականութիւնները։

Շարունակուող արտագաղթը թէեւ նոր երեւոյթ չէ մեր հայրենիքին համար, սակայն տակաւ կը զգենու մղձաւանջող հանգամանք։ Որովհետեւ ժողովրդագրական անվտանգութիւնը լուրջ եւ համալիր  խնդիր է։

Անառարկելիօրէն, հայրենահայութեան արտագաղթի գլխաւոր դրդապատճառներէն կը նկատուին երկրի ընկերատնտեսական թշուառ կացութիւնը, աղքատութիւնը, գործազրկութիւնը, աշխատաւորի սահմանափակ ու անբաւարար եկամուտը, կեանքի յարատեւ սղաճը…։ Անհանդուրժելի նման իրավիճակի իբրեւ արդիւնք՝ բազում հայրենակիցներ կը պարտաւորուին վերցնել պանդխտութեան ցուպը, օտար երկրակամարներու տակ իրենց կեանքը շարունակելու, տաժանակիր աշխատանքով եւ դառն վաստակով իրենց ընտանիքի ապրուստը հոգալու համար։

Սակայն վերոյիշեալները ճշմարտութեան մէկ երեսը կը ներկայացնեն միայն։ Որովհետեւ, բացի ընկերատնտեսական դժուարութիւններէն, արտագաղթի գլխաւոր հիմնապատճառներ կը հանդիսանան նաեւ իրաւազրկութիւնն ու ընկերային անարդարութիւնը։ Արհամարհելի չէ թիւը այն քաղաքացիներուն, որոնք տեւաբար պետական ատեաններու եւ պատկան մարմիններու մօտ արդար ու սրտցաւ վերաբերմունքի չհանդիպելով, անպաշտպանուածութեան զգացողութեան անձնատուր կը դառնան, կը խորշին եւ կ'արտագաղթեն իրենց հայրենիքէն։

Հայաստանի մէջ "պիւզնէս" ծաւալելու, առեւտրական կամ ձեռնարկատիրական ծրագիրներ մշակելու եւ յաջողցնելու մենաշնորհը վերապահուած է միայն պետական պաշտօնեաներուն ու անոնց զաւակներուն, երբեմն ալ անոնց դրամատէր ազգականներուն, իսկ հանրութեան մեծամասնութեան առջեւ դռները առհասարակ փակ են։

Սփիւռքահայ գործարարներ ու դրամատէրեր յաճախ գանգատած են, որ Հայաստանէն ներս իրենց տնտեսական նախաձեռնութիւնները ընդհանրապէս անպաշտպան մնացած են, պետական պաշտօնեաներ եւ տեղական հեղինակութիւններ արհեստական խոչընդոտներով ու սպառնալիքներով ահաբեկող եւ անապահով մթնոլորտ ստեղծած են երկրէն ներս եւ ձախողութեան մատնած՝ իրենց առեւտրա-արդիւնաբերական եւ գիւղատնտեսական ծրագիրները, որոնք այլապէս՝ օգտակար եւ փոխշահաւէտ կրնային ըլլալ թէ՛ ձեռնարկատիրոջ, թէ՛ հայաստանցի աշխատաւորին եւ թէ՛ հայրենի պետութեան։

Յիշեալներուն զուգահեռ, մտահոգիչ տարողութեամբ բազմացած են նաեւ երկրէն հեռացող արհեստավարժ, զարգացած, մտաւորական եւ արդիւնաբերող տարիքի քաղաքացիները, որոնք իրենց աշխատանքային ասպարէզի լաւագոյն մասնագէտները ըլլալով հանդերձ, տարիներ շարունակ ըստ արժանւոյն գնահատ-ւելու, ընկերային համապատասխան վարկ եւ դիրք գրաւելու հնարաւորութիւն չեն ունեցած, պարզապէս ընկերային արդարութեան բացակայութեան պատճառով։

Սեփական քաղաքացիներու դէպի արտասահման արտահոսքէն բացառուած չէ որեւէ երկիր։ Քաղաքացին իր երկրին մէջ պէտք է բարօր, ուրախ, երջանիկ ու արժանապատիւ կեանք ապրի, որպէսզի չմտածէ պանդխտանալու մասին։

Սակայն կան նաեւ մարդիկ, որոնք լաւ թէ վատ ինչ պայմաններով ալ ապրին կը ցանկան անպայման դուրս գալ իրենց երկրէն, որովհետեւ սեփական ապագան ու յաջողութիւնը կը տեսնեն միայն օտար երկրակամարներու տակ։

Մարդիկ կը հեռանան իրենց երկրէն, որովհետեւ օտար ափերու վրայ կը յաջողին կեանքի աւելի նպաստաւոր պայմաններ ապահովել, բարգաւաճ գալիքի առնչութեամբ լուսաւոր տեսլական ուրուագծել։ Մեր հայրենակիցները կը գաղթեն Հայաստանէն առանձին կամ իրենց ընտանիքներով, մշտական թէ առժամեայ դրութեամբ։

Պատմութեան ողջ տեւողութեան մեր երկրէն արտագաղթը եղած է անպակաս։ Հաւանաբար պատճառները եղած են համանման, նոյնատեսակ։ Հայը այն հազուագիւտ ժողովուրդներէն է, որուն գրականութիւնը կ'ընդգրկէ պանդխտութեան երգեր։ Հարազատներու եւ հայրենի կարօտը իր սրտին՝ օտարութեան մէջ ապրող պանդուխտներու կեանքն ու դժուարութիւնները յաճախ դարձած են մեր բանաստեղծներու եւ ստեղծագործ արուեստագէտներու ներշընչանքի կենարար, հարուստ աղբիւր։

Անցեալին մեր հայրենակիցները առհասարակ օտար երկիրներ կը ճամբորդէին դրամ վաստկելու, ապա իրենց ծննդավայր կամ հայրենիք վերադառնալով սեփական ընտանիքի կենսամակարդակը բարելաւելու համար։

Արտագաղթը, այսօր, հսկայական ծաւալներու հասած է, ահագնացած, որուն դէմ յանդիման ձեռնածալ մնալը հաւասարազօր է ինքնասպանութեան։

Համաձայն վիճակագրական պաշտօնական տուեալներու՝ ընթացիկ 2013 թուականի առաջին չորս ամիսներուն օդային ճանապարհով Հայաստանէն մեկնողներու թիւը 15 հազարով կը գերազանցէ անցեալ տարուան նոյն ամիսներուն ճամբորդածներու քանակը։ Ասոնց պէտք է գումարել նաեւ տուեալ ժամանակամիջոցին ցամաքի ճամբով երկրէն հեռացած քաղաքացիները, որոնք եւս նկատառելի թիւ կը կազմեն։

Այս տարի տասը հազարով նուազած է Հայաստանի տարբեր կրթական հաստատութիւններէն շրջանաւարտ աշակերտներու քանակը, ինչ որ դարձեալ մտահոգիչ եւ ուսանելի պարագայ է։

Իսկ ամենաանհանգստացնող երեւոյթը կը մնայ այն, որ հայրենիքը լքելու հնարաւորութեան տէր ոչ արհամարհելի թիւով քաղաքացիներ, որոնք կը շարունակեն տոկալ եւ կը մերժեն հեռանալ սեփական բնօրրանէն, համապատասխան գնահատականի, դրական վերաբերումի չեն արժանանար, չեն խրախուսուիր։

Անցնող քսան տարիներուն մեր հասարակութեան իւրաքանչիւր անդամ ապրած ու գոյատեւած է գրեթէ մեկուսի՝ առանց շօշափելիօրէն զգալու պետութեան օժանդակութիւնը։ Անոր կեանքը եղած է դժուար, ցաւոտ ու զրկանքներով յագեցած։

Մեր երկրի քաղաքացիները անտէր ու լքուած պէտք չէ մնան։ Պետութիւնը պէտք է կիսէ անոնց մտահոգութիւնները, տեւաբար պէտք է փութայ յաղթահարելու անոնց դժուարութիւնները։ Նման դրական եւ յուսատու վերաբերումի ականատես դարձանք վերջերս, երբ մեր հայրենի իշխանութիւններ չուշացան հինգ տասնեակ գիւղական համայնքներ պատուհասած կարկուտէն տուժածներուն անմիջականօրէն օգնութեան ձեռք երկարելու։

Յուսադրող ու գօտեպնդիչ է միանգամայն այն հանգամանքը, որ վերոնշեալ բնական աղէտէն վնասուած գիւղացիներուն աջակցելու նպատակով ստեղծուած ֆոնտին իրենց յատուկ միջոցներէն գումարներ կամ նպաստներ տրամադրեցին ու կը շարունակեն տրամադրել պետական տարբեր կառոյցներ եւ նախարարութիւններ, ինչպէս նաեւ առանձին գործարարներ։

Ճիշդ է, որ կարելի չեղաւ աղէտեալ բերքը փրկել, սակայն անհրաժեշտ է անյապաղօրէն օգնութեան հասնիլ տուժած գիւղացիներուն։

Անշուշտ՝ պետութիւնը կարկուտի եւ բնական աղէտի պիտի չսպասէ, որպէսզի կանգնի քաղաքացիներու կողքին։ Բարենպաստ եւ արեւոտ եղանակին եւս մեր երկրի հասարակութեան զգալի մէկ զանգուածը օժանդակութեան կարիք ունի։ Առ այդ՝ համապարփակ միջոցներու պէտք է ձեռնարկուին շարունակ՝ բնական պայմաններու տակ թէ արտակարգ իրավիճակներու պարագային։ Պետութեան ներկայութիւնը զգալի պէտք է դառնայ երկրի ողջ տարածքին՝ ամէնօրեայ դրութեամբ։ Այլապէս՝ արտագաղթի կենսունակութենէն օգտուող ճամբորդական ընկերութիւններու գործունէութիւնը առաւել պիտի բարգաւաճի։

Մեր հայրենի պետութեան կը մնայ համընդհանուր զօրաշարժով, ընձեռուած կարողականութեանց ու հնարաւորութիւններու անմնացորդ տրամադրումով արտասովոր աշխատանքի ձեռնարկել եւ արդիւնատար լուծումներու հասնիլ։ Այլապէս երկիրը վտանգուած է։

"Գանձասար"
Հալէպ