Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Երկրորդ անգամ ըլլալով թերթի էջերէն ներս տեսանք Համազգայինի ընդհանուր ժողովի հրաւէրը, որ կը կրկնուի՝ մասնակիցներու անբաւարար թիւի պատճառով: Այս շաբաթավերջին դարձեալ ժողով կը հրաւիրուի, գալ Կիրակի, 16 Յունիսին կայանալիք միութեան ներկայացուցչական ժողովին առիթով, մեզի ալ խորհրդածելու առիթ տալով:

Համազգայինը սիրուած ու յարգուած միութիւն է մեր բոլոր գաղութներէն ներս, կրթական եւ մշակութային իր տարածուն գործունէութեամբ: Սիրուած է աշակերտներուն, ծնողներուն, իր երգչախումբերուն եւ պարային համոյթներուն մասնակցող երիտասարդներէն, թատերական դերեր ըս-տանձնող մեր հայրենակիցներէն: Յարգուած է բոլոր անոնց կողմէ, որոնք Սիմոն Վրացեանի, Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի շունչը կը տեսնեն այս միութեան մէջ, որ կը փոխանցուի իրերայաջորդ հայ սերունդներուն մօտ:

Համազգայինը այն միութիւնն է, որու հիմնադիրները եւ անոնց հետեւորդները ազգապահպանումը տեսան կրթութեան ու մշակոյթի ուղիներուն ընդմէջէն, որպէս շարունակական գործընթաց ու հետեւողական ճիգ պահանջող ուղեգիծ: Այս առաքելութիւնը շեշտուած կերպով կը ներկայանայ հիմա, երբ ազգային գիտակցութեան պահպանումը ճնշիչ կացութիւններու տակ պէտք է իրագործել:

Հայաստան-Սփիւռք առողջ գործակցութիւնը նոր հորիզոններ բացաւ մշակոյթի բնագաւառէն ներս, հայկական ամբողջ ներուժ մը մատուցելով Համազգայինի գործելադաշտէն ներս: Մշակոյթին ծառայող ազնիւ նուիրեալները վստահաբար կը գիտակցին համաշխարհային իրենց ցանցի ունեցած ուժականութեան, որը կ'օգտագործուի ոչ միայն մշակութային մարզերէն ներս, այլ հիմնականօրէն քաղաքական-քարոզչական ու Հայ Դատի պահանջատիրութեան հարցերու մէջ ալ իր նպաստը բերելով:

Յունաստանի Համազգայինի կառոյցը իր երկարամեայ աւանդը ունի մշակութային մեր կեանքէն ներս, իր պարախումբերու, երգչախումբերու, թատերական խումբերու, նուագախումբերու համակարգումով, որ մշակութային թափանցումներու առիթը ստեղծած են բազմիցս, թէ մեր կեանքէն թէ ալ յունական շրջանակներէն ներս: Ներկայիս կը տեսնենք թէ դժուարութեամբ կ'ընթանայ այս գործը, տարբեր պատճառներու առկայութեամբ: Բայց եթէ կ'ուզենք շարունակել եւ ընդլայնել միութեան գործունէութիւնը, պէտք է լրջօրէն դիտել ստեղծուած կացութիւնը, որպէսզի իրազեկ դառնանք հարցերուն եւ ըստ այնմ կարողանանք նոր ուղի ճշդել կրթամշակութային հարցերու դիմագրաւման մէջ: Հոս անհրաժեշտ է համապատասխան մարմիններու հոգատարութիւնը, անդամներու հետեւողական գործելաոճը, սփիւռքի նոր պայմաններուն համահունչ աշխատելու հայեցակարգի մշակումը եւ անշուշտ բոլորի անկեղծ խրախուսանքը:

Համազգայինը մեր գուրգուրանքին պէտք ունի, մեր գաղութի մշակութասէր անձերու գործօն ներկայութեամբ:

- Որպէսզի կարողանանք թափ տալ միութեան աշխատանքներուն:

- Խնայելու համար յունահայ նոր սերունդի մշակութային կառչածութիւնն ու ապագան:

Հ.