Ստորեւ կը հրատարակենք Աւօ Գաթրճեանի գրչին պատկանող երգեր՝
նուիրուած 1918 Մայիս 28ի Մայիսեան հերոսամարտին,
որ տեղ գտած են «Ձօն անկախութեան» խտասալիկին մէջ:
ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Խօսք՝ Աւօ Գաթրճեանի
Երաժշտ.՝ Րաֆֆի Ապէճեանի
Պայքարի հնոցի մէջ թրծուած,
Նախնիներու արիւնով շաղախուած,
Պայծառամիտ շանթերով իմաստուն,
Համակեցիր բովանդակ հայութիւն:
Կրկներգ.-
Հայաստանի անկախութեան կերտիչ,
Լեռնաշխարհի ծնունդ՝ հրաշք կտիճ,
Ազատասէր արծիւ դաշնակցական,
Շունչ եւ ուժ սփռող՝ Արամ Մանուկեան:
Նպատակդ դարձաւ սուրբ նպատակ,
Կռանիթեայ կամքով կուռ ու կրակ,
Ճառագայթի փայլքերով շողշողուն,
Մեր պատմութեան նոր էջ բացիր փայլուն:
Կրկ.- Հայաստանի անկախութեան կերտիչ...
Հայրենիքի փրկութեան ռահվիրայ,
Ազատութեան շարժման վեհ հսկայ,
Վերջ տուիր վիճակին ստրկական,
Հաւատալով Մահ կամ Ազատութեան:
ՄԱՅԻՍ 28
Խօսք՝ Աւօ Գաթրճեանի
Երաժշտ.՝ Րաֆֆի Ապէճեանի
Հնչեց շեփորը մեծ ահազանգին,
Պատրաստ են զաւակները մեծ ազգին,
Յանուն Սուրբ հայրենիքի փրկութեան,
Կամաւոր զինուորներ մկրտուեցան:
Կրկներգ.-
Փառք քեզ, անկախութեան ճակատամարտ,
Ղարաքիլիսէ եւ Սարդարապատ
Ու դուն անյաղթելի Բաշ-Ապարան,
Պոռթկումն էիք բովանդակ հայութեան:
Հայկի կորիւններ կրակ աչքերով,
Հզօր հաւատքի անվերջ պայքարով,
Արարատեան դաշտ կ՛իջնեն կռուելու,
Հայու պատիւը բարձր պահելու:
Կրկներգ.-
Փառք քեզ, անկախութեան ճակատամարտ...
Ռազմի դաշտն էին անխախտ կորովով,
Առաջ սլացին անվեհեր կամքով,
Թշնամու դէմ կանգնեցան անխորտակ,
Պարզելով ազատութեան դրօշակ:
ԶՕՐԱՎԱՐ
ԹՈՎՄԱՍ ՆԱԶԱՐԲԷԿԵԱՆ
Խօսք՝ Աւօ Գաթրճեանի
Երաժշտ.՝ Րաֆֆի Ապէճեանի
Տանջուող ցեղիդ ձայնին ականջ տուիր,
Օրհասական ժամուն հասար երկիր,
Գերագոյն պոռթկումը ժողովուրդի,
Վերածեցիր ռազմական վերելքի:
Կրկներգ.-
Սպարապետ, Սպարապետ Թովմաս Նազարբէկեան,
«Երկաթէ Փաշա», պարծանք, պարծանք հայութեան:
Զինուորական տաղանդով ահարկու,
Առաջնորդեցիր զինուորներ հուժկու,
Հայոց բանակի հմուտ Զօրավար,
Վճռականօրէն մարտի դաշտ իջար:
Կրկներգ.- Սպարապետ, Սպարապետ...
Մրրկաշունչ խոյանքով սլացար,
Խորտակելով թշնամին անհամար,
Հայաստանի անկախութեան դարբին,
Երազելի յարութեան դուն ոգին: