1915էն ետք հայութեան որբ բեկորները հաւաքելու համար ամերիկեան Նպաստամատոյցի «Երիտասարդական միութեան» կողմէ դրամահաւաք կազմակերպուեցաւ։ Կոմիտէի ջանքերով «Միացեալ ընկերութիւնների առաջին որբանոց»ը սկսաւ գործել, ուր ապաստան գտան 5-13 տարեկան 30 երեխայ: Անկէ ետք աշխատանքը շարունակուեցաւ։
1919ին Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան Նպաստամատոյց կոմիտէի ջանքերով Ալեքսանդրապոլի փողոցներէն հաւաքուեցան թափառաշրջիկ հայ որբեր, որոնք բժշկական քննութիւններու ենթարկելէ ետք, տեղաւորւեցան հիւանդանոցներու կամ որբանոցներու մէջ։
Կովկասի որբանոցներուն մէջ երեխաները օրական երեք անգամ սնունդ կը ստանային. անոնց թիւը կը հասնէր շուրջ 25 հազարի: Ասիկա մարդկութեան պատմութեան մէջ երբեւիցէ գոյութիւն ունեցած մեծագոյն որբանոցն էր, որ կը կոչուէր «Որբաքաղաք»: Նոյեմբեր 1920ին, երբ Հայաստանի մէջ հաստատուեցան խորհըրդային կարգեր, Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյց կոմիտէն ստացաւ ազատ գործելու կարելիութիւն, քանի որ անիկա զուտ մարդասիրական բնոյթ կրող կազմակերպութիւն էր եւ որեւէ քաղաքական նպատակ չէր հետապնդեր:
Կոմիտէի ծաւալած մարդասիրական օգնութեամբ՝ որբանոցներու հաստատում, դպրոցներու ու հիւանդանոցներու բացում, սննդամթերքի, հագուստի ու դեղօրայքի հայթայթում եւ այլն, ստոյգ մահէն փրկուեցան տասնեակ հազարաւոր հայ երեխաներ: Կոմիտէի որբախնամ գործունէութիւնը կանոնակարգուած բնոյթ ստացաւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան տարիներուն եւ շարունակուեցաւ մինչեւ 1929։
Ընկերային-տնտեսական աննպաստ պայմաններու մէջ սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան գործունէութիւնը: Իրեն բաժին ինկաւ տնտեսապէս թոյլ զարգացած տարածք մը, որ 4 տարի տեւած պատերազմի, ռուսական յեղափոխութիւններու բերած ցնցումներու, Անդրկովկասի տրոհման արդիւնքով աւանդական կապերու խախտման հետեւանքով լիովին քայքայուած վիճակի մէջ կը գտնուէր: Վառելիքի պակասի եւ միջազգային ընդհարումներու պատճառով գրեթէ դադրած էր երկաթուղային հաղորդակցութիւնը: Չէին գործեր սակաւաթիւ ձեռնարկութիւններն ու հանքերը: Արդիւնաբերութեան դադրեցման, ներմուծման բացակայութեան պայմաններու մէջ յառաջացաւ անհրաժեշտ ապրանքներու չգոյութեան պատճառով սով եւ գիներու սոսկալի սղութիւն ու տնտեսական համակարգի կատարեալ քայքայում:
Հայաստանի մէջ այս օրերուն, առաջին անգամ ըլլալով, բացումը կը կատարուի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Ռոքֆելերի արխիւային կեդրոնի հայոց պատմութեան վերաբերող լուսանկարներու հաւաքածոյին: Նիւ Եորքի մէջ տեղակայուած Ռոքֆելեր կեդրոնը 20-րդ դարու մարդասիրական առաքելութիւններուն նուիրուած աշխարհի ամէնամեծ պահոցներէն է, ուր կը պահուին շուրջ 60 միլիոն փաստաթուղթեր, կէս միլիոն լուսանկարներ եւ 2.000 ֆիլմեր։ Հարուստ այս հաւաքածոյի զգալի մէկ մասը ուղղակիօրէն առնչուած է հայոց պատմութեան եւ, ի մասնաւորի, Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց կոմիտէի Հայաստանի մէջ ծաւալած գործունէութեան։
(Հոս օգտագործուած լուսանկարները այս հաւաքածոյի մաս կը կազմեն)
Քայքայուած, թալանուած, բազմահազար գաղթականներով ու որբերով ծանրաբեռնուած երկիրը կրնար յաղթահարել սովի սպառնալիքը միայն դուրսէն արդիւնաւէտ օժանդակութիւն ստանալու պարագային: Սակայն դրացիներու կեցուածքը թշնամական էր եւ ամուր գոցուած էին՝ դէպի Հայաստան բերող բոլոր փրկարար ուղիները: Կացութիւնը հետզհետէ ահաւոր կը դառնար: 1918 թ. Հոկտեմբերին սպառեցան հանրապետութեան հացի վերջին պաշարները եւ սկսաւ սովը, որուն ուղեկից դարձան խոլերան, ապա՝ բծաւոր տիֆը: Այդ ծանր վիճակը տեւեց մինչեւ 1919 թ. գարնան: Վեց ամսուայ ընթացքին սովէն ու հիւանդութիւններէն մահացաւ 150-180 հազար մարդ:
Ժողովուրդին սովէն ու համաճարակէն փրկելու, բազմահազար գաղթականներու եւ որբերու առաջնահերթ կարիքները բաւարարելու համար կը պահանջուէին արտակարգ միջոցներ: 1918 թ. Օգոստոսին Հայաստանը յայտարարուեցաւ խոլերայի կողմէ վտանգուած երկիր:
Սովի սպառնալիքը յաղթահարելու համար 1919 թ. Յունուարին կառավարութիւնը եւ Հայաստանի Խորհուրդը որոշեցին դիմել դաշնակից պետութիւններուն եւ յատկապէս ԱՄՆ-ին՝ մեծ քանակութեամբ հաց ներմուծելու համար: Այդ նպատակով վարչապետ Հ. Քաջազնունին գործուղուեցաւ Եւրոպա եւ Ամերիկա: Ի վերջոյ, 1919 թ. Մայիսին տեղ հասաւ երկար սպասուած ամերիկեան օգնութեան առաջին խմբաքանակը: Օգնութեան ծաւալները հետզհետէ աւելցան, ինչ որ թոյլ տուաւ սովը մեղմացնելու եւ հարիւր հազարաւոր մարդոց կեանքը փրկելու:
Արտակարգ միջոցառումներ ձեռնարկուեցան 40-50 հազար որբերու եւ շուրջ 300 հազար գաղթականներու անյետաձգելի կարիգները հոգալու համար: 1918 թ. Հոկտեմբեր 11-ի օրէնքով պետութիւնը իր վրայ վերցուց գաղթական որբերու խնամատարութեան ու դաստիրակութեան գործը: Աւելի ուշ որբանոցներ ու աշխատանոցներ ստեղծուեցան հանրապետութեան տարբեր բնակավայրերու մէջ: Այդուհանդերձ բնակարաններու ու միջոցներու բացակայութեան պատճառով պետութիւնը ի վիճակի չէր իրականացնել բոլոր որբերու խնամքը: Ուստի՝ 1919 թ. Մարտին Ամերիկեան Նպաստամատոյց կոմիտէին յանձնուեցաւ 15 հազար որբերու խնամքի գործը: Ընդհանուր առմամբ պետական եւ ամերիկեան որբանոցներուն մէջ ընդգրկուեցան շուրջ 20 հազար որբեր: