Այսօր կ'աւարտենք հրատարակումը Կիպրոսէն տիկին Ազնիւ Պալատունիի «Ճանչնանք սփիւռքի մեր թրքական մականունները» խորագրով ուսումնասիրութեան:

Մեր ընթերցողները հետեւեցան 10 շարունակութիւններով ամբողջացած տիկին Ազնիւ Պալատունիի «Ճանչնանք սփիւռքի մեր թրքական մականունները» խորագրով ուսումնասիրութեան: Այս խնամուած աշխատասիրութեան մէջ տեղ գտած են 2.500 մականուն-ազգանուններ, որոնց 1.600ի իմաստն ու ծագումը կարելի եղած է գտնել:
1915ի Ցեղասպանութենէն ետք, երբ Համաշխարհային Ա. պատերազմը աւարտեցաւ եւ հայութեան բեկորները տարածուեցան Սփիւռքի մէջ իրենց հետ անշուշտ տարին թրքական մականունները, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու ազդեցութիւնները կրող մականուններ, կամ տեսակաւոր, ընդհանրապէս տեղանուն, արհեստ, կենդանիներու, բոյսերու, բանջարեղէններու, կամ մարմնական թերութիւններ մատնանշող մականուններ: Տիկին Պալատունիի օգտակար աշխատանքը եկաւ բացայայտելու մականուններու իմաստին գաղտնիքները: