Print
Category: Յօդուածագրութիւն

ԼՂՀ Մարտակերտի շրջանի Կիչան գիւղին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ուժերով հիմնուած է Նոր Կիլիկիա թաղամասը:

Մինչ այսօր վերաբնեկեցման ծրագիրներու համար ներդրումներ եղած են, սակայն սա առաջին դէպքն է, որ ամբողջ թաղամաս մը կը հիմնուի՝ արդէն գիւղ: 2003 թուականէն Արամ առաջին կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ եւ օրհնութեամբ հիմք դրուած է այս համահայկական բնոյթ ունեցող ծրագիրին:

Առաջին փուլին կառուցուած է 10 հատ երկու սենեականոց տուներ: Մայիս 11-ին տեղի ունեցած թաղամասի պաշտօնական բացման արարողութիւնը, ինչպէս նաեւ դրուած է 24 տուներու հիմքերը, որոնք պէտք է կառուցուին յառաջիկային: Բացման ներկայ էին Սրբազան հայրեր, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Գէորգի Պետրոսեանը, ԱԺ ՀՅԴ խըմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան եւ այլ պաշտօնատար այլ անձիք:

Նոր Կիլիկիա թաղամասի տեղը պատահական չէր ընտրուած, քանի որ Արցախեան պատերազամի տարիներուն ճակատագրական մարտեր կը մղուէին այստեղ, եւ բազում զոհերու գնով ազատագրուած է այդ ձորակը: 10 տուներէն երկուքը տրամադրուած է զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն, իսկ միւս 8-ը երիտասարդ վերաբնակիչներուն:

Իր ելոյթի խօսքին մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Թեհրանի եւ հիւսիսային Իրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արքեպիսկոպոս Սարգիսեան նշեց. “անկախութիւն կերտելը ճիշդ է մեծ զոհողութիւն կ’ենթադրէ, սակայն անկախութիւն պահելը ու ամրապնդելը աւելի մեծ զոհողութիւն, հաւաքական ճիգ եւ ծրագրուած աշխատանք կ’ենթադրէ”:

“Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ` այս եռամիասնութիւնը մեր ուժն է եւ մեր ժողովուրդի ապագայի լուսաւորութեան հիմնական նպատակը, եւ այդ իմաստով պէտք է նշեմ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկութիւնը ցեղասպան թուրքի զոհերէն է, որ Կիլիկիայէն տեղափոխուեցաւ Անթիլիաս, եւ երբ մենք Լիբանանի մէջ դարձեալ կեանք առինք, այդպէս ալ Արցախը ազատագրելէն ետք Վեհափառ հայրապետը ազատագրուած Արցախի մէջ Նոր Կիլիկիա ունենալու ցանկութիւն ունէր, որ իբրեւ վահան եւ պատնէշ պիտի ծառայէ թուրքի դէմ”,- ըսաւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան:

“Ապառաժ”-ի այն հարցին, թէ արդեօք կը նախատեսուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Առաջին կաթողիկոսի այցը Արցախ, սրբազան հայրը պատասխանեց, որ այս մի քանի օրերուն որ անոնք Արցախ եկած են, տարբեր մարդիկ, յատկապէս պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներ, այդ ցանկութիւնը արտայայտեցին. «վեհափառի ցանկութիւնն ալ է Արցախ այցելելը, եւ յառաջիկային Աստուած եթէ լսէ մեր եւ ձեր աղօթքները վեհափառը կ’այցելէ Արցախ”:

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Մայիս 11-ին ընդունած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արքեպիսկոպոս Սարգսեանը, Նոր Ջուղայի թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպիսկոպոս Չարեանը, Սփիւռքէն ժամանած խումբ մը բարերարներ։

Հանդիպման կը մասնակցէր Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, այդ ընթացքին քննարկուած է պետութիւն-եկեղեցի կապերը, Արցախի սոցիալ-տնտեսական իրավիճակը եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող տարբեր հարցեր:

Երկրի ղեկավարը կարեւորած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ դերը Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան գործին, նշելով որ եկեղեցին մեծ ներդրում ունի Հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման եւ ընդլայնման մէջ:

Երկու կողմերը կարեւորած են պետութիւն-եկեղեցի փոխյարաբերութիւններու շարունակական խորացումը, զայն համարելով Հայրենիք-Սփիւռք կուռ միասնութեան առանցքային հիմքերէն մէկը:

 

«Ապառաժ» - Արցախ