Print
Category: Յօդուածագրութիւն

(«Ազատ Օր»ի պարագային՝ 8րդ էջը)

Թոշակառու եղած օրէն ասդին, Փանոս աղբար, աւելի յաճախ սկսաւ այցելել ինծի։ Մանաւանդ Ուրբաթ օրերը, անպայման կուգար, ու խանութիս աշխատանոցի վերածուած փոքր մասին մէջ, իր տեղը կը գրաւէր։

Թաշկինակին ծայրով ակնոցին ապակիները կը մաքրէր, ու կոր, ծայրը սուր քթին վրայ զետեղելէ յետոյ, նայուածքը չորս կողմը կը պտտցնէր, կարծես ստուգելու համար տեսողութեան կարողութիւնը. այն ատեն միայն, քովը՝ պատին առջեւ դրուած, սեղանին վրայ գտնուող թերթերը մէկիկ, մէկիկ կը սկսէր թղթատել։

Նախ՝ չորրորդ էջին վրայ աչք մը կը պտտցնէր։ Այդ պահուն, չոր, անորոշ ծիծաղ մը անոր թաւ պեխերուն ծայրերը կը շարժէր, ու կը շոյէր դէմքին ակօսները։ Լերկ, կնճռոտ գլուխը կ'երերցնէր ետ, առաջ։ Վայրկեան մը լուռ կը մնար, յետոյ միայն միւս կողմերը կը դարձնէր։ Շատ քիչ անգամ էջի մը վրայ կը յամենար՝ «կարեւոր լուրեր չկան», ըսելով կը ծալլէր մէկ կողմ կը դնէր, ուրիշ մը ձեռքը կþառնէր։

Կրկին նոյն գործողութիւնը։

Չորրորդ էջին վրայ՝ ձախէն աջ, վերէն վար, Փանոս աղբօր սեփ-սեւ, սակայն պղտորած բիբերով աչքերը արագօրէն կը սահէին։ Երբեմն գոհունակութեան ժպիտի մը ցոլքով կը լուսաւորուէր անոր դէմքը, կամ հակառակը՝ թախծոտ, անմերձենալի կը դառնար, որ ժամանակին հետ աւելի կը շեշտուէր։ Անոր տխրութիւնն անգամ արտայայտիչ վեհութիւն մը ունէր։ Վեհութիւն մը, որ կարելի է տեսնել, վսեմ գաղափարի մը հետեւելուն համար դատարան յանձնուածին քով։

Ան ատեն մը կը մնար լռակեաց ու անհաղորդ։ Նայուածքը կը հետեւէր բերնէն դուրս տուած գլանիկի ծուխին, որ ծուէն, ծուէն ամպի պէս կը բարձրանար, քունքերուն սպիտակ մազերը շոյելէ ետք, առաստաղ չհասած հալելու համար։ Յետոյ կը սկսէր պատմել, թաւ, խառնիխուռն յօնքերը կիտած, դէմքին պրկումէն սարսռեցնելով կնճիռները, բնազդական ու ինքնաբուխ «ա՛խ» մը թռցնելով բերնէն։ Կը նկարագրէր իր ծննդավայր Զէյթունը, տօնական օրերը, ընտանեկան հաւաքոյթները, որոնք հակառակ տնտեսական նեղ պայմաններուն՝ ուրախ, երջանիկ օրեր կը պարգեւէին մեծ քաղաքներու ապականութիւններէն զերծ, անկեղծութիւնն ու վեհանձնութիւնը, աշխատասիրութիւնը եւ իրերօգնութիւնը, անձնուիրութիւնը եւ քաջութիւնը, իրենց առաքինութիւնը, պատիւը գոյութեան նպատակ ըրած լեռնականներուն։

Որսորդներու յատուկ աշխոյժ խանդավառութեամբ կը պատմէր, ընկերներու հետ կամ առանձին, լեռներու վրայ ըրած արշաւները, ուր քարայծի պէս մէկ ծայրէն միւսը կþոստոստէր, յանձնուած զեփիւռի շոյանքներուն, կաքաւներ որսալու պատրաստ երկփող հրացանը ձեռքին մէջ։ Կուշտ ու կուռ կը ծծէր բազմատեսակ ծառերուն, ծաղիկներուն բոյրով օծուած օդը։ Բարձունքի մը վրայ կանգնած կը չափէր անծայր հորիզոնը, որ իրեն կը հաղորդէր հրճուանքներուն գերագոյնը, ազատ մարդու հպարտութիւնը։ Հպարտութիւն մը, որ կ'ուզէր փոխանցել ամբողջ Կիլիկիոյ, նոյնիսկ աւելի հեռուն։

Կը պատմէր տասնեակ մը ինքնապաշտպանութեան կռիւները, նախնական հրացաններով, սուրերով, երբեմն նոյնիսկ բիրերով՝ Րէմզի, Ազիզ փաշաներու, Ալի պէյերու հազարաւոր զինուորներուն, պաշըպօզուքներուն դէմ։ Տակաւին մանուկ 1895 թուականին, հերոսական դրուագներ կը յիշէր։ Կը յիշէր զօրանոցին գրաւումը, Բերդիզ Չային, Անտըռունի, Կապանի, Ֆռնուզի, Սանտօքի կռիւները՝ մէկը հարիւրի դէմ։ Վեղարաւոր հերոս Բարթողոմէոս վարդապետ, Շամքէշիշեանը, Նազարէթ չավուշը, Խաչեր քէհեան, Մարկանեան հաճին, Չոլաքեան Փանոսը, Աղասին, Հրաչեան, Ապահը եւ ուրիշներ։ Այս անունները տալու ատեն սուրբեր յիշող ջերմեռանդ հաւատացեալի մը երկիւղածութիւն կար ձայնին մէջ։

Հոգիով ու մտքով յափշտակուած, արցունքոտած աչքերը փակ, յիշատակներուն մէջ թափառելով, ան կարծես կը մենախօսէր, ձայնին մէջ յատնելով սրտէն ցայտող յուզումները։ Երբ 1915 թուականին կը հասնէր, «ի՞նչպէս եղաւ», «ի՞նչպէս եղաւ» կը կրկնէր բազմաթիւ անգամներ։ Ի՞նչպէս, ո՛չ մէկ ուժի առջեւ գլուխ ծռող, դարերով թշնամիին դաւերը երեւան հանող իր առիւծ հայրենակիցները, մէկ օրէն միւսը, ոչխարները դարձած, խոստումներու շիճուկէն թմրած, գացած էին, հուրին, սուրին բերանը։

Անոր գանկը փոթորկող տխուր խորհուրդները, ելեկտրական հոսանքի պէս, ամբողջ մարմինը կը սարսռեցնէին, ու ատեն մը անդամալուծութեան կը մատնէին։

Ահաւոր լրջութիւն մը կը յաջորդէր, քանի մը վայրկեան յետոյ, Փանոս աղբար կը սկսէր «ինչո՞ւ»ները կրկնել անվերջ, որոնք անզօր զայրոյթի մը կրակ բառերը կ'արտաբերէին անոր դալկացած շրթներէն։

Թէեւ կիսագրագէտ լեռնական, սակայն առողջ տրամաբանութեան տէր, ան չէր կրնար հասկնալ, թէ ինչո՞ւ 1909-ի Կիլիկիոյ ջարդը դաս չէր եղած, ու եղբայրական ողջագուրումները շարունակուած էին մինչե՜ւ չարաբաստիկ թուականը։ Ինչո՞ւ, գոնէ մեր ժողովուրդին մէկ կարեւոր մասը չէր հետեւած իրեն խմբապետ եղած Արամ Չոլաքեանի, Սամուէլ Չավուշի, Տօնիկի խումբերուն օրինակին, որոնք Զէյթունի, Ագ Տաղի, Բիւթանիոյ լեռներուն վրայ, մինչեւ պատերազմին վերջաւորութեան, կռուելով, կրցած էին իրենց գոյութիւնը պահել։

Կը դժուարանայի Փանոս աղբօր այս «ինչո՞ւ»ներուն պատասխանը տալու, ինչպէս անճարակ բժիշկ մը, որ իր հիւանդը փրկելու համար կարելին չի փորձեր։

Ան՝ միշտ երկար «ախ»ով մը կը վերջացնէր։ Զսպուած հեկեկանք կ'ըլլար անոր կոկորդին մէջ, որ ցասում էր, զայրոյթ ու անէծք։ Երբ ակռաները կը կճռտեցնէր, այն տպաւորութիւնը կþունենայի, թէ անոր ոսկորները կը քայքայուէին, կը հալէին։

 

Բ.

Օր մը, սովորականին պէս, Փանոս աղբար մօտս նստած, երբ նոր հասած թերթերը կը թղթատէր, յուսահատ կսկիծով կարծես կոկորդը սեղմուեցաւ։ Յուզմունքէն դալկացան այտերը։ Փարոսի լոյսերուն պէս բաց-խուփ ընող աչքերուն սառնութեան մէջ դառնութեան ստուերներ կը նկատուէին։ Չի կրցաւ զսպել մինչեւ այսօր պահած ներքին փոթորիկը։ Վիշտը՝ որ կը կրէր ներսը, պարպել ուզեց։ Զինք կը դիտէի գէշ լուր սպասողի անձկութեամբ։

- Կարդա՛, սա թերթերուն չորրորդ էջերը, ըսաւ աղաչական շեշտ դնելով յուզումէն ղեկը կորսընցուցած, բեկբեկուած ձայնին մէջ։

Գործս մէկ կողմ դրած, հապճեպ հետաքրքրութեամբ աչք մը պտտցուցի։

-Կարեւոր բան մը չեմ տեսներ։

- Ի՞նչպէս թէ ...։

Կրկին սկսայ բոլոր թերթերուն ինծի ցոյց տրուած էջերը զննել, այս անգամ աւելի ուշադրութեամբ, սրբագրիչի մը բծախնդրութեամբ։ Յետոյ, առեղծուածի մը առջեւ գտնուողի նման, բան չհասկցողի կերպարանք առի։

- Ինչպէ՞ս թէ, ի՞նչպէս թէ կը գոչէր ան բարձրաձայն, քունքերուն մկանները սարսռեցնելով, կարծես Զէյթունի սարերուն վրայ կը գտնուէր։ Ո՞ւր են մահազդներուն մէջ յիշուած մեռնողներու անուններուն քով՝ Խարբերդցի, Չնքուշցի, Արաբկիրցի, Մշեցի, Վանեցի, Սեբաստացի, Քղեցի, Զէյթունցի, եւ մեր արեւմտեան հայաշխարհին միւս քաղաքներուն ու գիւղերուն անունները։ Ո՞ւր են, ո՜ւր..., կորսուելու, անյայտանալու վրայ են այդ անունները, ինչպէս մեր քրիստոնեայ ըլլալէն առաջ ունեցած յիշատակարանները։

Մահազդները մեր սփիւռքին տեւողութեան աստիճանաչափը կը ցուցնեն, ինչպէս հիւանդի սրտին զարկերը։ Քանի քաղաքներուն, գիւղերուն անունները նուազին անոնց մէջ, նոյն չափով մեր գոյութեան տեւողութիւնը կը պակսի։

Փանոս աղբօր պատկերացուցած տռամին առջեւ ընկճուած, ու համոզումին ճիշդ տրամաբանութենէն կաշկանդուած, չի կրցայ պատասխանել, ու ես ալ անոր պէս մտաչարչար, վշտէս ըզ- գետնուած գլխահակ, ի զո՜ւր փնտռեցի խօսք մը, հայու այս նորայայտ ողբերգութենէն առաջացած, անոր վիշտը, իմ վիշտս մեղմելու։

- Կօշիկնե՛րս, գոչեց յաճախորդ մը դռնէն ներս մտնելով։ Սթափեցայ, քունը տարած պահակ զին-ւորի մը նման, որ յանկարծ իր մեծաւորին ձայնը կը լսէ։ Մինչ՝ Փանոս աղբար կը մնար նոյն դիրքին մէջ, առանց ուշադրութիւն դարձնելու շուրջը, կարծես տարբեր աշխարհ մը կþապրէր, անել, դաժան խորհուրդներու ցանցին մէջ, զգալով հոգեկան գոյութեան ամբարտակներուն քայքայումը։

ՀՐԱՆԴ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
«ԵՐԵՔ ՍԵՐՈՒՆԴ», 1966