Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Հայ Կապոյտ Խաչը՝ Սիրտն է հայութեան

Ծաղկազարդի Կիրակին եղաւ հպարտութեան եւ ուրախութեան օր մը:

Կիրակի առաւօտ, որպէս հայ քրիստոնեայ այցելեցի Ս. Կարապետ եկեղեցին եւ հետեւեցայ Ծաղկազարդի արարողութեան:

Պատարագի աւարտին, ուրիշներու հետ, ուղղուեցայ դէպի Զափիօ, ուր տեղի կ'ունենար Հ. Կ. Խաչի տարեկան աւանդութիւն դարձած Սիրոյ Պազարը, հին Աթէնքի ամէնէն շքեղ «Էղլի» սրահէն ներս:

Սրահին շրջապատը տարբեր եռուզեռ կը տիրէր. ոմանք գնումներ ըրած կը վերադառնային, իսկ ուրիշներ նոր կ'երթային: Ժողովուրդը եկած էր կանուխէն գնումներ ընելու եւ համտեսելու Կապոյտ Խաչի տիկիններու ձեռքով պատրաստուած համեղ ուտելիքները եւ անուշեղէնները:

Եկած էին վարձատրելու մեր ընկերուհիներուն ջանքը, վերջին ամիսներու ընթացքին անոնց տարած անխոնջ աշխատանքը, որոնք մոռցած տուն եւ ընտանիք՝ փարած էին պազարի պատրաստութեան, լաւագոյնս կատարելու համար:

Մեր ընկերուհիները բոլորուած զանազան իրերով սեղաններու շուրջ հաճոյքով եւ լայն ժպիտով մը կը դիմաւորէին եւ կը սպասարկէին ներկայ այցելուները:

Ժողովուրդը գիտէ գնահատել ընկերուհիներու մտածելակերպը եւ գործելու ձեւը, գիթէ թէ անոնք որեւէ ջանք չեն խնայեր չգաւոր ընտանիքներու, անկարողներու եւ հիւանդներու մօտ գտնուելու. զուր տեղը չէ ըսուած թէ Հ. Կ. Խաչը Սիրտն է հայութեան: Հ. Կ. Խաչը նաեւ յանձնառութիւն մը ունի՝ հայ դպրոցներուն հանդէպ, ուր կը հոգայ ներկայացող նիւթական որեւէ կարիք:

Շնորհաւորելի են բոլորը, մանաւանդ երիտասարդ ընկերուհիները, որոնք կը հետեւին երէց ընկերուհիներու օրինակին: Յուսադրիչ է այս պատկերը: Ուժ եւ կարողութիւն կը մաղթեմ բոլորին:

 

Աթէնքի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ոտնագնդակի խումբի աննախընթաց տօնը

Վերոյիշեալ Կիրակին շարունակուեցաւ ոտնագնդակի մրցումով մը: Կէսօրէ ետք, մարզասէրներու ժամադրավայրը եղած էր Վիրոնայի քաղաքապետարանի ոտնագնդակի դաշտը:

Աթէնքի Հ.Մ.Ը.Մ.ի խումբը ապահոված ըլլալով ֆետերասիոնի 3րդ դասակարգի առաջնութիւնը՝ բարձրանալով 2րդ դասակարգի, վերջին իր մրցումը պիտի կատարէր Փանկրաթի խումբին դէմ:

Խանդավառութիւնը եւ եռուզեռը կանուխէն յայտնի էր դաշտին մէջ: Հոն փութացած էին քոյրեր եւ եղբայրներ, ամէն տարիքի: Ներկաներուն մէջ նկատեցի տարեց ֆութպոլիստներ եւս, որոնք ժամանակին Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզիկներ եղած էին. անոնք եկած էին քաջալերելու խումբը, միանալով երիտասարդերուն. բոլորը կ'ուրախանային, կը ծափահարէին:

Հոն կային փող ու թմբուկներ, որ վայրկեան մը կանգ չառին մրցումի ամբողջ տեւողութեան, աշխուժութեան եւ կենդանութեան մէջ պահելով ներկաները:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզիկները դաշտ իջան, իրենց շապիկներու թեւերուն վրայ սեւ երիզներ հագած՝ ի յիշատակ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի խումբը ներկայացուց զուսպ եւ թեքնիք խաղարկութիւն, որու արդիւնքը եղաւ մեր սպասած յաղթանակը: Մեր խումբը 6 կէտերով վարձատրեց ներկաները. նշենք, թէ բոլոր կէտերը հիանալի էին, իսկապէս շնորհաւորելի է աշխատանքը, որ տարած էր խումբի մարզիչը:

Երբ առաջին կէտը նշանակուեցաւ, կարծես կրակ առաւ դաշտը, ուրախութիւնը եւ խանդավառութիւնը գագաթնակէտին հասան, վայրկեանի մը համար հայկական դաշտ կը յիշեցնէր:

Մրցումին յաջորդեց մեր փոքր տարիքի մարզիկներու մրցումը: Մեր պատանիներու խաղարկութիւնը օրինակելի էր, լուրջ եւ թեքնիք. անոնց մէջ նկատելի են աչքառու մարզիկներ, որոնք մի քանի տարի վերջ պիտի միանան մայր խումբին եւ պիտի յաջողցնեն մեր միակ նպատակը՝ խումբի հայացումը: Հոս եւս շնորհաւորելի են մարզիչները, իրենց տարած աշխատանքին եւ ճիգին համար: Յայտնի է վարչութեան տարած ծրագրուած աշխատանքը:

Մրցումներէն վերջ վարչութեան ատենապետ եղբ. Ֆիլիփ Ծերոնեան հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ ներկայացնելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութենէն մինչեւ օրս ունեցած օրինակելի ընթացքը, բարձր պահելով միշտ հայ անունն ու մարզական ոգին: Ի միջի այլոց, ան ըսաւ թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի խումբը մասնակցած է մրցաշարքերու, ուր մաս կազմած են Փանաթինայքոսի, ԱԷՔի եւ Աթէնքի Ափոլոն խումբերը, այս մէկը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ներկաներուն: Յաջորդաբար, ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց եղբայրներ Սերգօ Էրջէնեանին, Յարութիւն Օհանեանին եւ Նազար Աւագեանին, որոնք ամբողջ տարին հետեւած են խումբի խաղերուն եւ մօտէն հետաքրքրուած են մարզիկներով:

Յաջորդեց խումբի մարզիկներու ներկայացումը: Ապա հրաւիրուեցաւ Նէա Զմիռնիի փոխ քաղաքապետը, որպէսզի իր խօսքը փոխանցէ:

Պրն. Փոլիտորաս Սիրիղոս հաստատեց եղբ. Ֆիլիփին խօսքերը, շնորհաւորեց խումբի յաջողութիւնը եւ խոստացաւ ինչպէս միշտ, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան աջակցութիւնը չզլանալ, հաւաստիացնելով թէ քաղաքապետութիւնը միշտ մեր կողքին պիտի մնայ, կարելի ամէն տեսակի օգնութիւն պիտի ընձեռէ: Պրն. Սիրիղոս յանձնեց առաջնութեան բաժակը:

Յաջորդաբար Նէա Զմիռնիի փոխ քաղաքապետ Վանկելիս Խաչատուրեան ֆութպոլիստներուն յանձնեց անձնական մետալները:

Ապա Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատուակալ նախագահ եղբ. Կարպիս Գույումճեան մրցաշարքի տեւողութեան ամէնէն շատ կէտերը արձանագրած մարզիկին յուշամետալը յանձնեց:

Խանդավառ մթնոլորտի մէջ վերջ գտաւ այս աննախընթաց տօնական օրը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի տղոց քայլարշաւով եւ քայլերգով:

Այս առթիւ կոչ կ'ուղղեմ բոլոր ծնողներուն եւ մանաւանդ երիտասարդ զոյգերուն, մօտեցնել իրենց զաւակները մեր ակումբներուն եւ վստահիլ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշին, մասնակից դարձնել մեր միաւորներուն, սկաուտական, լողորտական, հեծելանաւորդներու, ոտնագնդակի, պասքեթի, վոլէյի եւ ճատրակի խումբերուն:

Ի սրտէ կը շնորհաւորեմ վարչութիւնը, իր տարած ազգօգուտ աշխատանքին համար եւ կը մաղթեմ նորանոր յաջողութիւններ:

Վարձքը կատար բոլորին:

 ԿԱՐՕ ԱՒԱԳԵԱՆ