Կը շարունակենք հրատարակումը Կիպրոսէն տիկին Ազնիւ Պալատունիի «Ճանչնանք սփիւռքի մեր թրքական մականունները» խորագրով ուսումնասիրութեան:
Հոս տեղ գտած են մօտ 2.500 մականուն-ազգանուններ, որոնց 1.600ի իմաստն ու ծագումը կարելի եղած է գտնել: Կան տեսակաւոր, ընդհանրապէս տեղանուն, արհեստ, կենդանիներու անուններ կամ մարմնական թերութիւն մը ցոյց տուող անուններ, ինչպէս նաեւ որոշ անվայել (կամ ամօթալի) մականուններ:
Կը շարունակենք «Արհեստներ, զանազան զբաղումներու անուններ» գլուխին տակ տեղ գտած անուններու շարքը:
Մականուն Զբաղում
Սիմիթճեան Վրան սիսամով բոկեղ (չէօրէք) շինող կամ ծախող
Սիմսարեան Առեւտուրի միջնորդ
Սիրքէճեան Քացախ շինող
Սիւթճեան Կաթնավաճառ
Սիւրմէքեան Վարող, հերկող, քշող
Սողանճեան Սոխ մշակող կամ ծախող
Սոմունճեան Ուռած կլոր հաց շինող
Սոպաճեան Վառարան շինող, մաքրող
Սվաճեան Ծեփիչ, շպարար
Սվաճիպաշեան Գլխաւոր ծեփիչ
Տամպորաճեան, Թամպուրաճեան Արեւելեան մանտոլինի նման երաժշտական գործիք
նուագող (կիթառ, ուտ, սազ)
Տարագճեան Սանտր շինող
Տաւուլճեան Թմբկահար
Տէմիրճեան Երկաթագործ
Տէմիրճիպաշեան Գլխաւոր երկաթագործ
Տէյիրմէնճեան Ջաղացպան
Տէվէճեան Ուղտապան
Տէօշէմէճեան Տախտակամած շինող, գետինը քարերով յարդարող
Տէօքմէճեան Ձուլիչ, մետաղ հալեցնող
Տիմիճեան Կտաւագործ
Տիշչէքէնեան Ակռայ քաշող
Տիւզէնճեան Կարգ - կանոն հաստատող
Տիւլկէրեան, Տիւրկէրեան Ատաղձագործ
Տիւտիւքճեան Սրինգ նուագող
Տիքիճեան Կարուհի, հնակարկատ, նոր կօշիկներու երեսը կարող
Տոլապճեան, Տոլաբճեան Պահարան շինող
Տոլմաճեան Լիցք, խճողակ շինող
Տողրամաճեան Ատաղձագործ, կահագործ
Տուզաքճեան Թակարդ լարող
Փաշփեհլիվանեան Գլխաւոր ըմբիշ
Փամպուքճեան Բամպակ ծախող
Փափազեան քահանայ
Փեհլիվանեան Ըմբիշ, ըմբշամարտիկ
Փեստիլճեան Պաստեղ շինող
Փեքմեզճեան Խաղողի ջուրէն րուպ շինող
Փէշթիմալճեան Ղենջակ, անթանոց, սփածանելի շինող
Փոստաճեան Նամակաբեր
Քաբուճեան, Քաբըճեան Դռնապան, բարապան
Քազազեան Չգործուած մետաքսէ դերձան եւ ապրուշում շինող
Քաթարճեան Փոխադրամիջոցներու շարքը կանոնաւորող անձ
Քալէմքեարեան, Գալէմքէրեան Քանդակագործ, ոսկիի եւ արծաթի վրայ քանդակող
Քահեայեան, Քեհեայեան Հին ապրանքներու տնտես, ուրիշի գործերուն խառնուող
Քայմաքամեան Գաւառապետ
Քայմաքճեան Սեր շինող
Քավալճեան Հովուական սրինգ, եղէգնափող նուագող
Քաւուքճեան Գտակ շինող
Քաֆէսճեան Վանդակագործ
Քեպէճեան Թաղիքէ ժաքէթ, թաղիք շինող կամ ծախող
Քերվանճեան Կարավան (ուղեւորներու խումբ) առաջնորդող, ղեկավարող
Քէթէնճեան Վուշէ կտաւ շինող
Քէնտիրճեան Չուան շինող
Քէշիշեան Քահանայ, կրօնաւոր, կուսակրօն քահանայ
Քէչէճեան Թաղիք շինող
Քէչիճեան Այծ պահող
Քէպապճեան Խորոված շինող
Քէսէճեան Քսակ, բաղնիքի շփոց շինող