... Երբ կը կորսնցնենք մեր մտերիմ ընկերը, որդին կամ ծնողքը՝ դատարկութեան եւ լքուածութեան զգացում մը կ’ապրինք: Կեանքիս գրեթէ կէսը նուիրած եմ պատմահնագիտական հետազօտութիւններուն, եւ այդ տարիներու ընթացքին յաճախ
կորսնցուցած եմ ինծի համար թանկ ու հարազատ ընկերներ: Անոնց հեռանալուն պէս ինքզինքս զգացած եմ դատարկ, միայնակ եւ անկարող՝ շարունակելու համար ապրիլ ու գործել: Կը յիշեմ մօրս խօսքերը, որոնք նման պահերուն զիս քաջալերելով եւ կարծես խոր քունէն արթնցնելով ոտքի կը հանէին: Սակայն ինծմէ հեռացաւ նաեւ մայրս՝ թողելով զիս անասելի դատարկութեան եւ խոր լռութեան մէջ: Չէ որ մայր կորսնցնելը բոլորովին այլ բան է: ...Այսպէս, որոշեցի երկար տարիներու յուշերս յանձնել թուղթին եւ ներկայացնել ընթերցողին:
... Երազներուս մէջ յաճախ կը տեսնեմ Արարատ լերան հարաւային կողմը՝ երեք հազար մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող քրտական այն վրանը, որ ինծի պատահած ողբերգական իրադարձութիւններէն յետոյ դարձած էր առաջին տունս: Ընտանիքի մայրը, որ հիւանդութիւններու պատճառով կորսնցուցած էր իր ութ զաւակները, դեռ ունէր վեց դուստր եւ մէկ որդի: Անոր մեծ մայրը հայ էր: Փրկուած էր 1915-ի կոտորածի ժամանակ քիւրտ հովիւներու կողմէ: Ուսումնասիրութեանս համաձայն՝ հայերու Ցեղասպանութեան տարիներուն՝ Արարատ լերան վրայ ապրող շատ հայեր բռնի կերպով իսլամացած եւ քիւրտ ընտանիքներու մաս կազմած են: Ամենեւին հեշտ չէր արգիլուած գօտիի մէջ հետազօտութիւններ կատարելը՝ ուր թրքական զօրքի եւ քիւրտերու միջեւ ռազմական բախումները շարունակական բնոյթ կը կրեն, եւ հրաձգութիւններն ու ձերբակալութիւնները կարծես վերջ չունին: Խաղաղութիւնս կը գտնէի ինծի ծանօթ քիւրտ ընտանիքի մը վրանին մէջ: Արարատի հարաւային կողմը՝ 3500 մեթր բարձրութեան վրայ այս ընտանիքը ունէր ամենաբարձր արօտադաշտը: Անոնց համար գնեցի դմակաւոր ոչխարներ: Գիշերները կովկասեան հուժկու քամիի սուլոցին հետ՝ ականջիս կը հասնէին հինգ հարիւր ոչխարներուս մայիւնը: Կէսօրին, երբ կը մագլցէի վայրի լեռը, լաւաշի անոյշ բոյրը կարծես զիս կ’արթնցնէր քունէն, ստիպելով հայեացքս պահ մը դարձնել լերան հիւսիս¬արեւմտեան կողմը, ուր Արաքս գետէն այն կողմ բարեբեր Հայաստանն էր՝ երկրորդ հայրենիքս: Այնտեղ եւս հացը նոյնն էր, նոյն անունն ունէր, եւ կեանքն ալ հայ հովիւներուն համար Արագած լերան վրայ դիւրին չէր այնպէս, ինչպէս Արարատ լերան վրայ իմ քիւրտ ընկերներուս համար: Ձուկերով հարուստ Արաքսը՝գետի ափերուն պտղատու ամէն տեսակ իր ծառերով, դարձած է անիմաստ եւ աւելորդ, անանցանելի սահման երկու ժողովուրդներու միջեւ: Քսանհինգ դար շարունակ Արարատը յանձնուած էր իր հայ խնամակալներուն, որոնք լերան՝ մինչեւ 2500 մեթր բարձրութեան վրայ
ժամանակին հողամշակութեամբ կը զբաղէին, որու մասին կը վկայեն լերան բարձունքներուն իմ կողմէս յայտնաբերուած հսկայական ալրաղացները: Տխուր փաստ է այն, որ այդ տեղանքները այսօր անմշակ են եւ բնակեցուած սողուններով: ...Առաջին տարիներու կատարած հետազօտութիւններս պարզեցին, որ հայաստանեան թանգարաններու մէջ եւ, յատկապէս, Վենետիկի Ս. Ղազար հայոց կղզիին մէջ Արարատի եւ Նոյեան Տապանի վերաբերեալ բազմաթիւ հին ձեռագիր մատեաններու եւ քարտէսներու մէջ մատնանշուած է Նոյեան Տապանի ճշգրիտ վայրը, ուր հայերու կողմէ դարեր շարունակ գաղտնի կերպով ուխտագնացութիւններ իրականացուած են՝ քահանաներու ուղեկցութեամբ: Այս հին ձեռագիրերն էին, որ զիս ուղղորդեցին դէպի աստուածաշնչական լերան քարանձաւները: Գրի առի այն հայ հովիւների վկայութիւնները, որոնք 1915 թուականէն սկսեալ մասնակցած էին նման ուխտագնացութիւններու: Անոնց վկայութիւններէն շատերը կը զուգադիպէին իրարու, եւ ես փորձեցի գտնել լերան վրայ գտնուող համապատասխան այդ վայրերը, յատկապէս՝1916 թուականին, ցար Նիկոլայ երկրորդի՝ շուրջ 150 մարդոց վկայութիւնները Արարատի վրայ սեւ խորխորատի վերաբերեալ: Ասոնք մարդիկ են, որ զիրար չեն ճանչցած իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին, սակայն անոնց պատմած մանրամասնութիւնները ակընյայտ նոյնանման էին: Օրինակ այն, որ տեղանքը միակողմանի ուղղաձիգ կիրճ էր, որուն ծայրը՝ տապանն էր կամ տապանի մնացորդները...: Շատ հետաքրքիր էր լսել 1970 թուականին մահէն քիչ առաջ, հայ հովիւի՝ Գէորգ Յակոբեանի վկայութեան ձայնագրութիւնը այն մասին, թէ ինչպէս երեխայ ժամանակ՝1902 եւ 1904 թուականներուն, երկու անգամ Տապանի վրայ եղած է: Ուխտագնացութեան ժամանակ՝ հօրեղբօր հետ միասին, յաջողած է քալել աստուածաշնչական տապանի տանիքին վրայ: Պարզեցի, որ այդ տեղանքը Ահոր եւ
Պառոտ կոչուող կիրճերու միջեւ է, որ ժամանակին հետազօտած եմ: Ցաւալի պատահարը, որ տեղի ունեցաւ լերան 4000 մեթր բարձրութեան վրայ, կանգնեցուց զիս, սակայն յաջորդ տարի վերսկսելով հետազօտութիւններս, վերջապէս կրցայ գտնել հայերու գաղտնի կայքը: Այդ կախարդական վայրի յիշողութիւնը՝ 1915 թուականին, լերան վրայ քրիստոնեայ հայերու բնաջնջումէն յետոյ անհետացած էր: Մինչ այս, անցեալին փայտէ զանազան հին գերաններ գտած էի լերան բարձունքներուն: Հետաքրքրաշարժ է այն փաստը, որ բոյսերէ զուրկ այս լեռը, աւելի քան 4300 մեթր բարձրութեան վրայ կը կրէ միջագետքի բնորոշ բոյսերու մնացորդներ, 2700 տար-ւայ հնադարեան նետեր եւ հինաւուրց կուռք՝ աւելի քան քան 4000 մեթր բարձրութեան վրայ: Պատմական հնագոյն ձեռագիրները եւ այս դաշտին մէջ կատարած հետազօտութիւններս խաչուելով իրարու՝վերջապէս ցոյց տուին իրենց անհաւատալի արդիւնքները: Կազմակերպուեցան շարք մը գիտաժողովներ նաեւ՝ միջազգային: Արարատին նուիրուած ցուցահանդէսները՝ սկսած Վենետիկ քաղաքէն, այս ամէնը, կարող էին ըլլալ տարիներու կատարած աշխատանքիս վարձատրութիւնները: ... Լերան վրայ իմ կողմէս յայտնաբերուած ալրաղացները միակը չէին, որ կը վկայէին հայ հին ժողովուրդի մասին, այլ գտայ նաեւ գիւղեր եւ փոքրիկ քաղաքներ Արարատի բոլոր լանջերուն՝ մինչեւ իսկ լերան բարձունքները: Գիւղերէն մէկուն մէջ, լերան 2700 մեթր բարձրութեան վրայ յայտնաբերեցի կարպետներէ պատրաստուած մանուկի օրօրոց, որով ցեղասպանութենէն առաջ հայ հովիւները ձիերու վրայ երեխայ տեղափոխած են: Լերան այլ տեղանքներու մէջ գտայ նաեւ զանազան զարդեր, ապարանջաններ եւ յուռութներ: Հնագոյն քրիստոնէական եկեղեցիները, ոռոգման ջրատարները, ախոռնեը եւ բակերը կը խօսէին լաւ կազմակերպուած եւ զարգացած քաղաքակրթութեան մասին: Հնագոյն եկեղեցիներու ոճը նոյն էր՝ ինչ որ տեսած էի Հայաստանի մէջ: Քրիտոնէական այս կառոյցները շատ են Անատոլուի մէջ՝մինչեւ Վանայ լիճ: Անոնցմէ շատերը այսօր ալ լաւ պահպանուած վիճակի մէջ են: ...Քիւրտ զինեալներու ուղեկցութեամբ այցելեցի այն քարանձաւները, որ ծառայած էին որպէս զանգուածային գերեզմանոցներ: Ահա աչքիս առջեւ էր այն, ինչ որ շուրջ մէկ դար արդէն կը թաքցնեն թուրքերը: Հազարաւոր հայերու՝ կիներու եւ երեխաներու ոսկորներ ... : Այդ քարէ սպանդանոցին մէջ՝ հայերէն շատերը սպաննուած էին հիմնականին դաշոյններով: Այս ամէնը լուսանկարեցի եւ տեսանկարեցի, քարտէսագրեցի այդ տեղանքները, ինչ որ յետագային ներկայացուցի տարբեր մակարդակի գիտաժողովներու ընթացքին: Բոլորը կ’ապշէին, երբ կը տեսնէին քանի մը տարուան հաւաքած աշխատանքիս պտուղները‘լուսանկարները եւ փաստերը: Հայ ժողովուրդը կատարելապէս անտեղեակ էր Արարատի վրայ նման տեղանքներու եւ այնտեղ կատարուած ողբերգական մանրամասնութիւններու մասին: ...Մեծագոյն ուրախութիւն էր ինծի համար ջերմօրէն ընդունուիլ հայ հասարակութեան մէջ, հայկական համալսարաններու մէջ, Վեհափառ հօր՝ Կաթողիկոսի մօտ: Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը ամենեւին ալ մարած չէ եւ արիւնն ալ, որ թափուած է այդ աստուածշնչական Սուրբ լերան վրայ, այլեւս չի կրնար լռել, այլ այսօր արդէն յետմահու արդարութիւն կը պահանջէ: ... Արարատ լերան վրայ վերջին հետազօտութիւններու ժամանակ յայտնաբերեցի պատմական հին ձեռագիրերներու մէջ յիշատակուող Սուրբ Յակոբի հնագոյն աղբիւրը: կը պատմուի, որ մինչ Նոյեան Տապանի մնացորդներուն հասնիլը, հայ ուխտաւորները կը խմէին այդ աղբիւրէն: Այս զարմանահրաշ աղբիւրի ջուրը յայտնի էր իր բուժիչ յատկութիւններով: Ըստ աւանդութեան, ան կը բուժէր նաեւ մարդոց ամլութիւնը: Աղբիւրը կը գտնուի Ահոր կոչուող տեղանքին մէջ, ուր քիչ հեռու ալ ճգնաւոր Յակոբ Մծբնեցի Հայրապետի գերեզմանն է: Ըստ աւանդութեան, դէպի Նոյեան Տապան ուղեւորուող ուխտաւորները սովորութիւն ունէին քար դնել Ս. Յակոբի գերեզմանի մօտ ու խնդրել իրեն՝ որ դիւրացնէ Տապան տանող դժուարանցանելի ճանապարհը: Գերեզմանէն քիչ հեռու խաչքար է, ուրկէ ալ կը սկէր Տապան տանող ուղին:
... Լերան վրայ կանգնած, հայեացքս պահ մը դէպի վար կը սեւեռեմ, ուր Արաքս գետն է՝անհեթեթ սահման, որմէ այն կողմ իմ Հայաստանս է իր հնագոյն վանքերով ու եկեղեցիներով, խաղողի այգիներով ու ընդարձակ արօտավայրերով, ուր իմ հայ եղբայրներս են, որ կը նային իրենց Մասիս Լերան՝ իբրեւ կորսուած երկրի մը, իբրեւ սփիւռք դարձած հնագոյն ժողովուրդի մը խորհրդանիշի:
Արդէն հրատարակուած կան շարք մը գիրքեր, որոնց կարգին «Արարատ, Խորհրդաւոր Լեռը» խորագրով՝ իտալերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով: Նոյն խորագրով թողարկուեցաւ փաստավաւերագրական տեսաժապաւէն մը՝ իտալերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով: Շուտով պատրաստ կ’ըլլան նաեւ սպաներէն եւ հայերէն: Ֆիլմի ռեժիսորն է Ռոպերթոյ Սորամաէն: Ֆիլմին մէջ հաւաքուած են, աւելի քան քսան տարիներու հետազօտութիւններս Արարատ լերան վերաբերեալ:
Մանրամասն տեղեկութիւններու համար այցելել www.noahsark.it
ԱԶԱՏ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Իտալացի Լեռնագնաց (TITO DE LUCA) Թիթոյ Տէ Լուքա
(գրական ծածկանունով Ազատ Վարդանեան)