
Ապրիլեան Եղեռնի 98-րդ տարեդարձի ոգեկոչումներու նախօրեակին ենք կրկին։
98 տարիներ մեզ կը բաժնեն մահասփիւռ այն թուականին որուն «1915 Ապրիլ 24» բացատրութիւնը կուտանք։ Թուական մը որ անջնջելիօրէն դրոշմուած է հայ ժողովուրդի եւ հայոց պատմութեան տխրայուշ դէպքերու եւ եղելութիւններու կողքին։
Ապրիլ է կրկին։
Տխուր Ապրիլ։
Ոտքի ենք ամէնուրէք մեծերով ու փոքրերով։
Ոտքի ենք մեր անկորնչելի իրաւունքներու խորագոյն գիտակցութեամբ։
Ոտքի ենք մեր անժամանցելի դատին շեփորահարները դառնալու աշխարհի քաղաքակիրթ մարդկութեան։
Ոտքի ենք ազատութեան ու անկախութեան նորաբաց արեւը մեր ճակտերուն մեր իրաւունքներու ձեռքբերման անմաշելի եւ անփոխարինելի ճանապարհին վրայ։
Պիտի ոգեկոչենք մեզմէ անդարձ մեկնած մեր բիւրաւոր նահատակներու անմեռ յիշատակը։
Չենք կրնար չոգեկոչել։
Մեր իրաւունքն ու պարտքն է ան։
Հայրենի երկնակամարին տակ, Երեւանի պողոտաներու երկայնքին, Արցախի խրամներուն մէջ. ամէն ոգեկոչում նոր թափ ու ուժգնութիւն պիտի տայ զոհողութեան պայքարի ճակատներուն վրայ մարտնչող մեր ազգի հերոս զաւակներուն։
Նահատակներու անմեռ երազը մեր հոգիներուն մէջ զգաստ ու արթուն, վճռակամ ու բարձրաճակատ պիտի քալենք զոհողութեան եւ նուիրումի ճանապարհներէն, քայլ պահելով ժամանակին հետ ու առնաճակատ կեցուածքով ցոյց պիտի տանք աշխարհին որ թէեւ ջարդ ու աքսոր ճաշակած սերունդի մը մնացորդն ենք բայց յարութեան գաղափարով ապրող ու յարութենական յաղթանակին հաւատացող սերունդ մըն ենք։ Եւ ոչ մէկը կրնայ ժխտել ասիկա։
Բիւր յարգանք հայոց գողգոթայի անգերեզման նահատակներուն։
Փա՛ռք վերածնած ու յաւերժ յաղթական մեր հորոսածին ժողովուրդին։
Կ. Գ.
Ապրիլեան խոհերով
Ապրիլ է նորէն
Ու սրտիս խորէն
Շարժանկարի ողբերգ-ժապաւէնի նման
Մտքիս պաստառին վրայ կերպար կը ստանան
Անվերջ շարանները ՃԱՆԱՊԱՐՀ ԽԱՉԻՆ
ծիւրած ու հալած խլեակներ դարձած
դէպի մահ քշուող՝
ՄԷԿ ՈՒ ԿԷՍ ՄԻԼԻՈՆ ԱՆՄԵՂ ՀԱՅԵՐՈՒՆ
մեր ծնողներուն, եղբայր քոյրերուն։
Ապրիլ է նորէն,
Ուրիշներու մօտ վարդեր կը բացուին
ծառ ու ծաղիկներ կը ծլարձակուին,
բայց մենք հայերս
Չենք կրնար մոռնալ
ՈՒ ՊԻՏԻ ՉՄՈՌՆԱՆՔ
Փոխանակ կեանքի մեզի վիճակուած
ՉԱՐԱՇՈՒՔ ՏԱՐԻՆ։
Մինչեւ որ,
Մեր ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ դահիճները,
Ասոնց ժառանգորդներն ու
Պաշտպան մեծամեծերը,
ԶԳԱՆ ԹԷ ՀԱԶԱՐՆԵՐՈՎ ՈՐԲԵՐ ՄՆԱՑԻՆ
ՈՒ ԲԻՒՐԱՒՈՐ ՈՐԲԵՒԱՅՐԻ
ՀԱՅ ՄԱՅՐԵՐ ԼԱՑԻՆ,
ԽՂՃԻ ԳԱՆ, հնչեցնեն արդարութեան ԿՈՉԸ,
Ընդունին իրենց «ՀԵՐՈՍ»ներու գործած ՈՃԻՐՆԵՐԸ,
ՈՒ ՍՏԱՆՁՆԵՆ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԻՐԱՒԱՑԻ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ՝
ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ ՄԵՐ ՀԱՅ ԱԶԳԻ ՄՆԱՑՈՐԴԱՑԻՆ։
ԱՐԱՄ ԿԱՇԵԱՆ
«Ապրիլեան խոհ ընծայուած այս յօդուածը արտատպած ենք նախկին յունահայ ու ապա Արժանդինաբնակ, չարագործութեան զոհ գացած եղբ. Արամ Կաշեանի՝ իր խմբագրութեամբ լոյս տեսած Հ.Մ.Ը.Մ.ի բնութենասէրներու մասնաճիւղի «Թերթիկ» պարբերականի 1986 տարուայ 68 թիւէն, յաւերժացնելու մտածումով արժանաւոր եղբօր անմոռանալի ու քաղցր յիշատակը։
Կ. Գ.