Կը շարունակենք հրատարակումը Կիպրոսէն տիկին Ազնիւ Պալատունիի «Ճանչնանք սփիւռքի մեր թրքական մականունները» խորագրով ուսումնասիրութեան:
Հոս տեղ գտած են մօտ 2.500 մականուն-ազգանուններ, որոնց 1.600ի իմաստն ու ծագումը կարելի եղած է գտնել: Կան տեսակաւոր, ընդհանրապէս տեղանուն, արհեստ, կենդանիներու անուններ կամ մարմնական թերութիւն մը ցոյց տուող անուններ, ինչպէս նաեւ որոշ անվայել (կամ ամօթալի) մականուններ:
Կը շարունակենք «Արհեստներ, զանազան զբաղումներու անուններ» գլուխին տակ տեղ գտած անուններու շարքը:
Մականուն Զբաղում
Չաքըճեան գրպանի պզտիկ դանակ, փոքր կտրոց շինող
Չաքմաքճեան հրահան շինող
Չէլէպճեան ոչխարի, արջառի վաճառական
Չէմպէրճեան տակառներու համար երկաթէ գօտի շինող
Չէնկէլեան ճանկ, կեռ
Չէրչիլէրեան փերեզակ
Չէօմլէքճեան կաւագործ, կաւէ պտուկ, կուժ շինող
Չէօրէքճեան բոկեղ շինող
Չիթճեան ցանկապատ, լաչակ, բամպակէ կերպաս շինող
Չիլինկիրեան դարբին
Չիֆթճեան, Չիֆթչեան երկրագործ, հողագործ
Չուլհաճեան ջուլհակ
Չուլճեան կարպետագործ, կարպետ շինող
Չուլֆայեան, Չուլֆէեան ջուլհակ
Չուխաճեան, Չուքաճեան կտաւագործ
Չպուքճեան ծխամորճ շինող
Չրախճեան աշկերտ պատրաստող
Չօպանեան հովիւ
Չօրապճեան գուլպայագործ
Չօրպաճեան ապուր պատրաստող, ծախող
Պագանեան նախարար
Պազիրկանեան, Պէզիրկանեան հին ատեն հագուստեղէնի վրայ շրջուն վաճառական
Պալըգճեան, Պալըքճեան ձկնորս
Պալճեան մեղր ծախող
Պալմումճեան մեղրամոմ ծախող
Պահճէճեան, Պահչէճեան պարտիզպան
Պաղճեան այգեպան
Պայթարեան անասնաբոյժ
Պառութճեան վառօդ շինող
Պասմաճեան կտաւագործ, տպածոյ կերպաս շինող
Պաստաճեան կարկանդակ շինող
Պաստըրմաճեան ապուխտ շինող
Պարտաքճեան կաւէ կուժ, սափոր, գաւաթ շինող
Պաքամճեան հնդկափայտ ծախող
Պաքըրճեան պղնձագործ
Պաքքալեան նպարավաճառ
Պեզճեան բամպակէ կտաւ շինող
Պէզիրճեան կտաւագործ
Պէրպէրեան սափրիչ
Պէքճեան դռնապան, պահապան
Պիլէմճեան մկրատ, դանակ սրցնող
Պիչաքճեան, Պչաքճեան դանակագործ
Պոսթանճեան բանջարեղէն մշակող
Պուլղուրճեան ձաւար շինող
Պօզաճեան կորեկէ խմիչք պատրաստող
Պօզապաշեան պօզա խմիչքը պատրաստողներու մեծը, գլխաւորը
Պօյաճեան ներկարար
Սաաթճեան ժամագործ
Սագաճեան, Սագայեան ջրկիր, ջուր կրող
Սազճեան սազ (նուագարան մը) նուագող
Սաթըճեան վաճառորդ
Սամանճեան յարդ պատրաստող կամ ծախող
Սայաճեան կօշիկի երեսի կաշին կարող
Սանտալճեան կիսակօշիկ կարող, նաւավար
Սապունճեան օճառագործ, օճառ շինող
Սարաճեան համետագործ
Սարաֆեան լումայափոխ
Սէթէթճեան կողով շինող
Սէմէրճեան թամբագործ
Սէմիրճապաշեան գլխաւոր թամբագործ
Սընըքճեան բեկաբոյժ
Սիլահճեան զինագործ