98 տարիներ առաջ հայութեան հասցուած ծանրագոյն հարուածէն ետք, իւրաքանչիւր Ապրիլ ամիս մէ՛կ բան կը խորհրդանշէ համայն հայութեան համար.-
Հայոց Ցեղասպանութեան վերյիշում եւ հայոց նահատակներու ոգեկոչում՝ պայքարը շարունակելու նորօրեայ վճռակամութեամբ:
Ապրիլը խորհրդանիշն է հայ ազգի յոյսի, հաւատքի եւ յարատեւութեան, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս այս ամսուան անունը կը պարտադրէ:
Ահա այս նպատակէն առաջնորդուած՝ յանձնառուներու զօրաւոր փաղանգ մը եռուն գործունէութիւն կը ծաւալէ մեր շուրջ: Սկիզբը կատարուեցաւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան մշակութային երեկոյի կազմակերպութեամբ, շարունակուեցաւ Հ. Կ. Խաչի արիւնատուութեան արշաւով, ընդարձակուեցաւ Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէի նկարներու ցուցահանդէսով, կը շարունակուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան հեծելարշաւով եւ իր գագաթնակէտին կը հասնի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպած քաղաքական ձեռնարկներով եւ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան բողոքի ցոյցով:
Աթէնքէն մինչեւ Թեսաղոնիկէ եւ հասնելով Քսանթի ու հիւսիսային Թրակիոյ մնացեալ քաղաքները, համախմբուած ու կազմակերպ շարքերով՝ Յունաստանի հայութիւնը դարձեալ իր ուժերը կը լարէ եւ պահանջատիրական իր ներկայութիւնը կը յիշեցնէ, օրակարգի վրայ բերելով հայ ժողովուրդին անկորնչելի իրաւունքներուն վերատիրացման սրբազան պայքարը:
ՆԵՐԿԱ՛Յ ԵՆՔ կ'ըսեն մեր աշխուժ միութենականները, իրենց գործունէութիւնը կատարելով ամենայն նուիրումով, յանձնառութեամբ, խղճմտութեամբ ու պատրաստակամութեամբ:
Ուրախալի է հաստատել անցեալին ցանուած սերմերուն մերօրեայ բեղմնաւորումն ու ուռճացումը, հպարտառիթ է դիտել նոր սերունդի աշխոյժ ներկայացուցիչները, որոնք բարձր տրամադրուածութեամբ կը գործեն եւ նոր թափ կու տան Սփիւռքի մէջ մղուող հայատեւումի հսկայական ճիգին: Ազգային եւ միութենական մեր կառոյցներու համալրումը եւ թարմացումը նոր ուժերով կարեւոր ա՛յն ազդակն է, որ անհատ հայորդիները սերունդի՛ կը վերածէ, կը մղէ, հասուն հաւաքականութեամբ, նոր էջեր գրելու՝ կենդանի օրինակներով, բարոյական կեցուածքներով, զոհաբերուող, համեստ ու կարգապահ ուժերով:
Ապրիլ ամիսը առիթն է, որպէսզի իւրաքանչիւրս բարոյական վերածնունդ մը ապրինք, անսակարկ նուիրուելով ազգային մեր գործերուն, հի՛մա, երբ համայն հայութիւնը ուժերու գերլարումին պէտք ունի. երբ հրամայական է դիմադրութիւնը՝ մեր առջեւ ցցուող բարդ խնդիրներուն. երբ նահանջը վտանգաւոր է ու մահացու...
Մեր գաղութէն ներս գործող միութիւններն ու կառոյցները դրօշակիրները կը հանդիսանան այս գործին: Անոնց միջոցաւ կազմակերպուած աշխատանքն ու համադրուած շարժումները՝ յաջողութեան հասնելու լաւագոյն ընտրանքն են ու անոնց շարքերէն ներս հայութեան համախմբումը՝ ամբողջական ներուժի արդիւնաւորման ապահով գրաւականն է։