Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Երբեք կարելի չէ բաղդատել, Ապրիլ 2, 2013ի առաւօտեան պատահած քստմնելի արարքը՝ Պռոշեանի (Կոտայքի շրջան) մէջ, տեղւոյն գիւղապետ ընկ. Հրաչ Մուրատեանի դէմ, Ֆիոտոր Տոսթոյեւսքիի կոթողային «Ոճիր եւ Պատիժ» նորավէպի նիւթին հետ:

Տոսթոյեւսքիի գործին հերոսը՝ Ռոտիոն Ռասքոլնիքով որոշած էր դիմել ծայրայեղութեան եւ սպաննել վաշխառու մը, որ բարձր տոկոսով դրամ փոխ տուած էր: Ընթերցողը կառչած մնալով այդ հետաքրքրական էջերուն, հետզհետէ կը համոզուէր թէ ոճրագործը մարդկային զգացումներու տէր անձնաւորութիւն մըն էր, որ ստիպողաբար կատարած էր արարքը:

Սակայն պարագան նոյնը չէ Արցախի ազատագրութեան համար պայքարած ընկ. Հրաչ Մուրատեանին մասին:

Այս պարագային կարիքը չկար հոգեբանական խոր վերլուծումներ կատարելու: Ոճրագործներ կատարած էին ոճիրը: Տիպար հայորդի, ան իր կեանքը զոհած էր իր հայրենիքին համար: Կորսնցուցած իր ամենամօտիկ գործընկերները, ան եղած էր ազատամարտի բոլոր ճակատներուն վրայ՝ Շահումեանէն մինչեւ Ֆիզուլի:

Ի՜նչ ճակատագիր: Օր մը առաջ, ինք եւ իր նման «սուրբ»եր կը տօնէին Քալվաճարի ազատագրման քսանամեակը…: Մուրատեաններու նման խոնարհ հերոսներու դէմ ուղղուած փամփուշտը շատ աւելի սադրիչ ու քանդիչ էր…մանաւանդ որ ճակատամարտներէ հեռու էր եւ այդ դէպքի ետին կը գտնուին նենգամիտ խուլիկաններ:

Սպասելով մութ ծալքերուն բացայայտման (միթէ արդեօք բացայայտ չէ՞), այժմէն իսկ պէտք է շեշտել թէ ո՛վ որ ալ կանաչ լոյս տուած ըլլայ այդ արարքին, եւ ի՛նչ նպատակով ալ որ գործուած ըլլայ անիկա, ոչ մէկ արդարացման պատճառ գոյութիւն ունի: Աւելին, բառին լայն, իսկական ու համապարփակ իմաստով, պատահածը կ՛արտայայտէ Հայաստանի ու ողջ հայութեան անյարիր նկարագիր, որ դժբախտաբար այլ ձեւերով կը սնուցանուի հայրենիքէն ներս:

Անհրաժեշտ է, որ արարքին ետին կանգնողերը շուտափոյթ կերպով եւ անյա- պաղօրէն ենթարկուին «ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ» կոչեցեալ բառի հասկացողութեան կամքին:

Նմանօրինակ սակայն ձախող մահափորձ մը պատահած էր, Հ.Հ. ընտրութիւններու նախօրեակին, թեկնածու Պարոյր Հայրիկեանի (Արցախի եւ Հայաստանի ազատագրման պայքարած այլ հերոս մը) դէմ:

Ժամանակը չէ սեթեւեթաբանութիւն եւ աւելորդաբանութիւն բուրող խօսքերու, արտայայտութիւններու եւ վերլուծումներու: Ահազանգային է վիճակը: Շաբաթներ առաջ թիրախը նախագահութեան թեկնածու մըն էր, իսկ քանի մը օր առաջ…Ապրիլ 2ին, համեստ ազատամարտիկ մը, յարգուած գիւղապետ մը:

Պռոշեանի մէջ պատահած է ՈՃԻՐ մը…կը սպասուի ՊԱՏԻԺին:

«Հայրենիք»