ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԺՈՂՈՎԱԾՈՒՆ՝ ՇՈՒԷՏԵՐԷՆՈՎ
Հայ տպագրութեան 500ամեակի միջոցառումներու ծիրէն ներս, Հայաստանի Գրողներու միութիւնը լոյս ընծայեց ժամանակակից հայ բանաստեղծութեան ժողովածու մը՝ շուէտերէն լեզուով:
Ժողովածուն կը կրէ «Արարատի շուքի ներքեւ» խորհրդանշական խորագիրը եւ առաջին հրատարակութիւնն է շուէտերէն լեզուով:
1968ին Սթոքհոլմի մէջ տպագրուած էր հայկական արձակի քանի մը նմոյշներու ժողովածու մը, միջնորդ լեզուներէն թարգմանութեամբ:
Նորատիպ բանաստեղծական ժողովածուն կազմած են բանասէր, թարգմանիչ Արծուի Բախչինեան (Երեւան, բանաստեղծ Կարօ Յակոբեան (Շուէտ) եւ շուէտ բանաստեղծ թարգմանիչ Սթիկ Լիւնտսթրեոմ: Գիրքի նախաբանը գրած է գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան:
Ժողովածուի մէջ ներկայացուած են Հայաստանի ու Սփիւռքի ժամանակակից հայ 22 բանաստեղծներու գործեր: Առաջին բաժնի մէջ՝ Պարոյր Սեւակ, Համօ Սահեան, Սիլվա Կապուտիկեան, Գէորգ Էմին, Ռազմիկ Դաւոյեան, Յովհաննէս Գրիգորեան, Հենրիկ Էտոյեան, Արտեմ Յարութիւնեան, Եուրի Սահակեան, Դաւիթ Յովհաննէս, Վարդան Յակոբեան, եւայլ:
----------------------------------------------
«Արաս»ի նոր հրատարակութիւնը
ՏԵՐՍԻՄ
Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատունը այս օրերուն հրապարակ հանած է «Անդրանիկ»ի հեղինակած «Տերսիմի ճանապարհորդութիւն» գիրքի թրքերէն թարգմանութիւնը. «Տերսիմ Սէյահաթնամէ»: Հեղինակը, որ ստորագրած է միայն«Անդրանիկ» անունով, Երէցեան մականունով անձ մըն է, որ 1888 թուականին ճամբայ կÿելլէ Քղիէն դէպի Տերսիմ: Բայց Տերսիմ հասնելէ առաջ ան պիտի անցնի բազմաթիւ հայաբնակ գիւղերէ ու պիտի պատմէ հոն իր տեսածները: Այս բոլորը բնականաբար լեցուն են շատ հետաքրքրական տուեալներով ու ապրումներով, որոնք անգամ մը եւս կը ցոլացնեն այդ աշխարհագրութեան այսօր անհետացած եւ մոռցուելու սեմին հասած տուեալները: Բոլոր այս վայրերուն մէջ քիչ թիւով քիւրտեր ալ կը բնակին, բայց մեծամասնութեամբ հայաբնակ վայրեր են: Հեղինակը ազգագրական մեծ ծառայութիւն կը մատուցանէ նշելով անոնց հայկական անունները:
Անդրանիկ ապա կը հասնի Տերսիմ ու կը սկսի վայկութիւնենր բերել Տերսիմի աշխարհագրութենէն. բնական դիրքը, կլիման, բուսականութիւնը, ջուրերը, հանքերը, կրօնական սովորութիւնները, Տերսիմցի հայերը, անոնց մօտ բժշկագիտութիւնը, եւայլն:
Գիրքին հայերէնէ թրքերէն թարգմանութիւնը կատարուած է Փայլինէ Թովմասեանի կողմէ: Խմբագրին Արտաշէն Մարկոսեան շատ օգտակար նօթագրութիւններ աւելցուցած է գրքի վերջաւորութեան: