Պատմական թուական մը։
Թուական մը որ խորհրդանիշն է ժողովուրդի մը, ազատութեան եւ անկախութեան։
Թուական մը որը անկիւնադարձ մը ստեղծեց ազպնչական եւ հիւրընկալ այս երկրի անհատական եւ հաւաքական ազատութիւններու ըմբռնումին մէջ։
Ըմբռնում մը, որ դարեր ու դարեր դարձաւ առողջ դաւանանք մը իմաստութեան օրրան՝ Հելլադայի եւ յատկապէս հելլէն ժողովուրդի հոգիին մէջ։
Դարերու հոլովոյթը ցոյց տուած է, որ մարդ արարածը ձգտումը ունեցած է միշտ ազատ անկաշկանդ կեանք ապրելու։
Հաւաքականութիւններ եւ ժողովուրդներ փորձած են թօթափել իրենց վրայէն բռնատիրական ծանր թաթը. մենատիրական անիրաւութիւններն ու դժուարութիւնները վայելելու համար կեանքի բարիքները ճշդելու իրենց ուղին իբրեւ ազգ ու հաւաքականութիւն անկախ հայրենիքով։
Այս ըմբռնումով շարժեցաւ հելլէն ժողովուրդը 1821 Մարտ 25-ին, ստեղծելու համար իր ազատ ու անկախ հայրենիքը։
Հնագոյն եւ նորագոյն ժողովուրդներու ազատութեան ու անկախութեան ձգտումին հիմը կազմած է ազգային եւ մշակութային հասարակաց նկարագրով մարդկային հաւաքականութիւններու ինքնորոշման իրաւունքի գիտակցութիւնը։ Այս գիտակցութիւնն էր որ առաջնորդեց հելլէն ազատատենչ ժողովուրդը 19-րդ դարու առաջին քառորդին, փշրելու հարիւրամեակներու բռնակալական շղթան, թօթափելու ստրկութեան եւ հպարտութեան ամէն կարգախօս եւ ծառանալու իր ազատութիւնն ու հայրենիքը բռնաբարող թուրքին դէմ, ստեղծելու համար իր ազատ ու անկախ հայրենիքը, իւրայատուկ դրօշով ու ազգային սահմանադրութեան կարգ ու սարքով։
Ազատութիւնները չեն տրուիր այլ կþառնուին։
Կþառնուին ի գին մեծ զոհողութիւններու։
Անոնք յեղափոխութեամբ կþիմաստաւորուին, արիւնով կը շահուին ու պայքարով ձեռք կը ձգուին։
Հոն ուր չկայ յեղափոխութիւն հոն չկայ պայքար, չկայ արիւն, չկայ ազատութիւն, չկայ հայրենիք։
Պատմութիւնը մեծագոյն դաստիարակը եղած է անիրաւուած եւ ընկճուած ժողովուրդներուն, սորվեցնելու որ ազատ ու անկախ հայրենիքի վարդաբոյր արշալոյսները զէնքի շունչով կը բացուին ու անհամար զրկանքներով ու զոհողութիւններով կը կնքուին։
Կ. Գ.