Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Կիպրոսէն տիկին Ազնիւ Պալատունի «Ազատ Օր»ի խմբագրութեան վստահած է երկար տարիներու իր կատարած աշխատանքին արդիւնք՝ «Ճանչնանք սփիւռքի մեր թրքական մականունները» խորագրով ուսումնասիրութեան:

Հոս տեղ գտած են մօտ 2.500 մականուն-ազգանուններ, որոնց 1.600ի իմաստն ու ծագումը կարելի եղած է գտնել: Կան տեսակաւոր, ընդհանրապէս տեղանուն, արհեստ, կենդանիներու անուններ կամ մարմնական թերութիւն մը ցոյց տուող անուններ, ինչպէս նաեւ որոշ անվայել (կամ ամօթալի) մականուններ:

Ծաւալուն այս աշխատանքը կը սկսինք հրատարակել՝ օրինակելի որոշ ազգանուններու շարքով: Յետ այսու հրատարակութիւնը մաս առ մաս պիտի շարունակուի Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը, յաջորդական գլուխներու բաժանումով:

Գլուխները բաժնուած են հետեւեալ ձեւով՝

1 - Ծննդավայրերու եւ բնակավայրերու անուններ,
2 - Արհեստներու եւ զանազան զբաղումներու անուններ,
3 - Ածականներով կազմուած անուններ,
4 - Մարմնական թերութիւններ ցոյց տուող անուններ,
5 - Կենդանիներու անուններ,
6 - Թռչնազգիներու անուններ,
7 - Պտուղներու անուններ,
8 - Ծաղիկներու անուններ,
9 - Բանջարեղէններու անուններ,
10-Ձուկերու անուններ,
11-Զանազան,
12-Տարօրինակ,
13-Օրինակելի:

 Օգտագործուած են՝

1) Թրքական քարտէսներ, 
  
 ա) Turkiye karayollar Haritasl
    
բ)  Turkey Tourist Map
2) Բառարաններ,
   
ա) Turkee-ermenice - թրքերէնէ-հայերէն, Առձեռն բառարան, աշխատասիրեց՝ Հ. Արիստակէս վրդ. Պօհճալեան, Վիեննա, Մխիթարեան Ուխտէն
   
բ)  Redhouse sorlugu, Turkce - Ingilizce
  
գ)  Yunanca Turkce, Turkce -Yunanca - standart sozluk, FONO Egitim kurumlari
   
դ)Turceden - ingilizceye mini lugat 

1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք, երբ համաշխարհային Ա. տարերազմը վերջացաւ եւ խաղաղութիւն տիրեց, ողջ մնացող հայերը վերադարձան իրենց գիւղերն ու քաղաքները։ Սակայն երբ ֆրանսական կառավարութիւնը որոշեց Կիլիկիան յանձնել թուրքերուն, հայերը վախնալով թուրքին վայրագութիւններէն, ակամայ լքեցին իրենց տուներն ու հողերը, եկեղեցիներն ու դպրոցները եւ 1921-ին գաղթականութեան ցուպը ձեռքերնին գաղթեցին օտար երկիրներ։ Այսպէս կազմուեցաւ գաղութահայութիւնը-սփիւռքը։

Երկու տարիէն, 2015-ին պիտի ոգեկոչենք Ապրիլեան Եղեռնի 100-ամեակը բոլոր գաղութներու մէջ։ Պատշաճ կերպով ոգեկոչելու համար պիտի կազմենք յանձնախումբեր, որոնց մաս պիտի կազմեն բոլոր կուսակցութիւններն ու միութիւնները։ Պիտի պատրաստենք զանազան ձեռնարկներ, ինչպէս՝ քայլարշաւներ, Ապրիլեան յուշակոթողներու առջեւ ծաղկեպսակներու զետեղում, մոմավառութիւն, հսկում, հոգեպարար արարողութիւն։ Յաջորդ օր, Ապրիլ 24-ին, Սուրբ պատարագի արարողութիւն, հոգեհանգիստ մեր բիւրաւոր նահատակներու անմեղ հոգիներուն համար, ուր ներկայ պիտի ըլլանք յուզուած ու արցունքոտ աչքերով։ Պիտի կազմակերպենք յուզիչ ու յանդուգն բանախօսութիւններ։

Հայութիւնը դարձեալ միակամ իր արդար իրաւունքը պիտի պահանջէ աշխարհէն։ Ձայնասփիւռներէն պիտի խօսինք, թերթերու մէջ պիտի գրենք թէ մենք, հայերս, չենք մոռնար ո՛չ Ցեղասպանութիւնը, ո՛չ մեր բռնագրաւեալ հողերը եւ ո՛չ ալ մեր եկեղեցիները, վանքերն ու դպրոցները։ Չե՛նք մոռնար ու պիտի չմոռնանք Հայկական Դատը։ Պիտի հետապնդենք մինչեւ որ աշխարհը ղեկավարող մեծերը անդրադառնան ու լսեն մեր ձայնը եւ արդարութիւնը ի գործ դնեն։

Եւ այս բոլորը մեր ճակտին փակած թրքական մականուններով։

Մինչեւ ե՞րբ պիտի պահենք այս թրքական մականունները ոմանք ամօթալի, ոմանք անիմաստ, հայուն անվայել, տարօրինակ եւ տեսակաւոր։ Դա՞ր մը եւս...։

Արդեօ՞ք ժամանակը դեռ չէ եկած այս մասին մտածելու։

Շատ մեծ անհոգութիւն եւ անտարբերութիւն կը տիրէ մականուններու նկատմամբ։ Մեր մականունները մեր ինքնութեան թուղթերն են, մեր անցագիրները, պէտք է լրջօրէն մտահոգուինք։

Աշխատանք հետզհետէ հայացնելու մեր մականունները, որպէս նախանձախնդիր հայեր։

Առաջին ակնարկով, վստահ եմ, շատ դժուար պիտի թուի, բայց բարեբախտաբար հայը ունի զօրաւոր եւ յարատեւող կամք, որ միշտ երաշխիքն է մեր յաջողութիւններուն ու փափաքներուն իրականացման։ Ուր կամք՝ հոն ելք։

Մեր մականունները փոխելու եւ հայացնելու ճիգը կը պակսի մեր մէջ։ Աշխատինք միասնաբար հայացնելու մեր մականունները, եւ վստահ եմ որ մենք մեզ աւելի հայ պիտի զգանք։

Հաւաքած եմ մօտ 2500 թրքական մականուններ, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու ազդեցութիւնները կրող մականուններ, Ամերիկա, Յունաստան, Եգիպտոս, Լիբանան, Սուրիա, Կիպրոս հրատարակուող օրաթերթերէ, շաբաթաթերթերէ, ամսաթերթերէ, պարբերաթերթերէ, բացառիկներէ, տարեգիրքերէ, եւայլն։ Մականունները ընդօրինակած եմ ինչպէս որ տեսած եմ, իրենց ուղղագրական սխալներով կամ ոչ։ Նոյն մականուններու կը հանդիպինք տարբեր ուղղագրութեամբ, մանաւանդ նմանաձայն գիրերու պարագային։ Կրնան գոյութիւն ունենալ նաեւ տպագրական սխալներ։

Օգտագործած եմ Թուրքիոյ երկու մեծ քարտէսներ եւ բառարաններ։ Աշխատեցայ մեր թրքական մականուններուն իմաստները գտնել եւ արձանագրել։ Որքան յաջողեցայ չեմ գիտեր։ Եթէ սխալներ ունիմ ներողամիտ եղէք։

Եթէ ձեր մականուններուն իմաստները գրելով ձեր արժանապատուութիւնը վիրաւորեցի ներողութիւն կը խնդրեմ։

Թրքական մականնուներէն զատ ունինք նաեւ կըր- ճատուած մականուններ, որոնք կորսնցուցած են իրենց իմաստները։ Ունինք մականուններ հայերէնի վերածուած կամ թարգմանուած, որոնք մեծապէս գնահատելի եւ օրինակելի են։ Կան նաեւ արաբական եւ պարսկական ազդեցութիւն կրող մականուններ։ Կան բազմաթիւ տարօրինակ մականուններ, մօտ 600, որոնց իմաստները կարելի չեղաւ գտնել։

Թրքերէն շատ բառեր ունին մէկէ աւելի իմաստներ։ Այն մականունները որոնք աստղանիշ կը կրեն (*) ունին նաեւ տարբեր իմաստներ, որոնց կը հանդիպինք մականուններու յաջորդող խումբերուն մէջ։ Նման մականուններ կրող ընտանիքները իրենք կրնան ճշդել իրենց մականուններու ծագումը։

Ազնիւ Պալատունի

Օրինակելի են հետեւեալ թարգմանուած կամ հայերէնի վերածուած մականունները

ՄԱԿԱՆՈՒՆ             ԻՄԱՍՏ
Գույումճեան - Ոսկերիչեան
Գուզուեան -  Գառնուկեան
Գըրշըքեան -  Գանգրունի
Եէնիտիւնեայեան - Նորաշխարհեան
Զարիֆեան -  Շնորհալի (zarif=շնորհալի)
Էօլմէսէքեան -  Անմահունի
Էքմէքեան - Հացունի
Էքմէքճեան - Հացագործեան
Էօքսիւզեան -  Որբունի
Թօփճեան - Գնդունի
Թիւճարեան - Վաճառականեան
Թերզեան - Դերձակեան
Թաճեան - Թագունի
Կիւզէլեան- Գեղուն
Ճիւմպիւշեան - Խրախունի
Նօխուտեան - Սիսեռեան
Շէքէրեան - Շաքարեան
Շիրինեան - Սիրունեան
Ուզունեան - Երկանեան
Չիլինկիրեան - Դարբինեան
Չօպանեան -  Հովիւեան
Չիչէքեան - Ծաղիկեան
Չիֆթճեան -Հերկունի
Պահճէեան - Պարտէզեան, Պարտիզեան
Պչաքճեան -  Դուրեան
Պաղճեան - Այգունի
Պարտաքճեան - Կուժնունի
Սարայտարեան - Պալատունի
Տարագճեան - Սանտրունի
Տէմիրճեան -  Երկաթեան
Տէյիրմէնճեան - Ջաղացպանեան
Տէվլէթեան - Տէրունեան
Քէօքճեան -  Արմատունի
Քէտէրեան - Տխրունի
Քիւչիւքեան -  Պզտիկեան
Քէլէշեան - Գեղանի


Ա. Պալատունի ծնած է Նիկոսիա՝ Կիլիկիայէն գաղթական բարիքան ծնողքէ։

Տեղւոյն Ազգային Մելիքեան վարժարանը աւարտելէ ետք, ուսումը շարունակեց Մելքոնեան կրթական հաստատութեան մէջ։ Շրջանաւարտ եղաւ մանկավարժական բաժինէն։

Մելիքեան նախակրթարանին մէջ բաց պաշտօնի չգոյութեան պատճառով, մնաց անգործ։ Համաշխարհային Բ. պատերազմի բուռն տարիներն էին։ Դիմեց անգլիական NAAFI-ի հաշուապահական կեդրոնական գրասենեակ, NAAFI ACCOUNTS BRANCH OF CYPRUS։ Յաջող քննութենէ մը ետք սկսաւ աշխատիլ որպէս հաշուապահի օգնական։

1947-ին ամուսնացաւ Խաժակ Պալատունիին հետ, որ Մելքոնեան դասընկերներ էին, եւ առեւտրական բաժնէն շրջանաւարտ։ Որդին էր հիւսիսային Յունաստանի դպրոցներուն մէջ պաշտօնավարող երաժիշտ-ուսուցիչ Գրիգոր Պալատունիի։ Ունեցան երկու աղջիկներ՝ Սիլվա, Շողեր եւ երկու թոռներ՝ Գրիգոր, Խաժակ։

Նախակրթարանի ուսուցչուհիներէն մէկը ամուսնանալով իր հրաժարականը տուաւ դպրոցէն։ Անմիջապէս պաշտօնի կոչուեցաւ Ա. Պալատունի։ Քսաներեք տարի նուիրուեցաւ իր սիրած ասպարէզին։ Սիրած էր ուսուցչութիւնը փոքր տարիքէն, երբ ներքին զգացում մը զինքը կը մղէր պուպրիկները շարելու եւ անոնց սորվեցնելու իր մօրմէն սորված երգերն ու ոտանաւորները։

Սիրեց աշակերտները, ջանք չխնայեց անոնց բան մը աւելի սորվեցնելու։ Ուրիշ դասերու կարգին, բարձրագոյն երկու դասարաններուն դասաւանդեց Հայոց Պատմութիւն եւ Հայաստանի աշխարհագրութիւն, աշխատելով անոնց հոգիներուն մէջ սերմանել հայրենասիրութիւն, սէր ու գուրգուրանք՝ հայոց լեզուին ու գրականութեան։

Տարիները սահեցան լեցուն դասարանային աշխատանքներով եւ հանդիսութիւններով. ապա հասաւ վաթսունը եւ հանգստեան կոչուեցաւ։ Յուզումով բաժնուեցաւ աշակերտներէն եւ դպրոցական միջավայրէն։ Յանկարծ շուրջը պարապութիւն մը զգաց։ Այդ պարապութիւնը լեցուց Յունաստան ապրող իր երկրորդ աղջիկը երբ զաւակ մը ունեցաւ՝ Գրիգորը։ Անկէ ետք զբաղեցաւ թոռնիկներուն դաստիարակութեամբ։ Երբ Մելքոնեան գացին իրենց ուսումը շարունակելու, մօտէն հետեւեցաւ անոնց աշխատանքներուն։

Մօտ չորս տարի յօդուածներ գրեց ուսուցիչներուն եւ Մելքոնեանի ներքին ու արտաքին գործունէութեան մասին «Ազատ Ձայն» ամսաթերթին մէջ։

Այժմ կը զբաղի «Ճանչնանք Սփիւռքի մեր թրքական մականուները» աշխատասիրութիւնը ճոխացնելով։ Ինչո՞ւ ընտրեց այս նիւթը։ Երբ լսեց թէ Լոս Անճելըսի հայ երիտասարդները, հաւաքոյթի մը ընթացքին, արտայայտուած են ըսելով «մենք մեր մականուններուն իմաստները չենք գիտեր»: Այդպէս որոշում տուաւ գործի սկսելու։ Սկսաւ հաւաքել մականուններ զանազան թերթերէ։

Երկու տարի աշխատելէ ետք ուսումնասիրութիւնը իր աւարտին հասաւ: Այսուհանդերձ գործ մըն է որ կը շարունակուի եւ միշտ ալ նոր անուններով ճոխանալու հնարաւորութիւնը ունի: