Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ուրբաթ 15 Մարտի մեր թիւով հրատարակուած «Մեր աղբիւրները - եւ մեր սահմանները» Յարութիւն Քիւրքճեանի յօդուածի Բ. բաժնին մէջ, կետադրական սխալ մը փոխած է վերջին պարբերութեան իմաստը:

Սրբագրուած ձեւով կը հրատարակենք տուեալ պարբերութիւնը:

Այս բոլորը՝ ո՞չ որովհետեւ, ինչպէս անցեալները համարձակօրէն կ՛ախտաճանաչէր երիտասարդ գրիչ մը (Ա. Գոճայեան, հարցազրոյց Ասլը Թիւրքերի հետ, «Ազդակ», 8 Յունիս, 2012), «մէկ կողմէ Սփիւռքի մեր հանգիստ պայմաններուն մէջ շատ աւելի դիւրին կը ձուլուինք ու կ՛ուրանանք մեր ինքնութիւնը, իսկ միւս կողմէ շատ դիւրին կը դառնանք այլամերժ եւ անհանդուրժող»: Եւ յաճախ կը մնանք անթափանց՝ այն ակնյայտ փաստին, որ դար մը ամբողջ գաղտնիութեան մղձաւանջը ապրած, ինքնութենէ զրկուած «սուրի մնացորդ» այդ հայերու «զաւակները մեր ալ զաւակներն են, որոնց կարիքը ունինք մենք, որքան որ անոնք մերինին»: Կամ շատ-շատ «Լսարան»ներու մէջ կը համակերպինք գաղջօրէն ունկնդրելու՝ հրատապ այս նիւթին մօտէն առնչուած հազուագիւտ պատգամաբերի մը յանձնառու խօսքը - բայց շատ հաւանօրէն՝ փութալով մնալ... ինչ որ էինք:  

Ո՞չ որովհետեւ, ի վերջոյ, մեզմէ շա՜տ քիչեր ունին՝ իրենց հոգեմտաւոր ոլորտին մէջ՝ իրենց «Հաւաւի աղբիւրը» - գոնէ մտերիմ, գաղտնի ուխտի մը երազով այցելուած, նորոգուած...: Ո՞չ որովհետեւ մեր խորքի՛ աղբիւրները շատ յաճախ կիսաքանդ են՝ ինչպէս էին Հաւաւի աղբիւրները, սփիւռքեան տեղայնութեան ռութինի հողակոյտներու տակ կորսուած: