
«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:
Նամակի խնդիր
Ես մէկն եմ որ գրելը շատ կը սիրէ ու շատ ալ կը գրէ: Ամէն տեսակ բան կը գրեմ, գրելու բոլոր տեսակներէն ալ հաճոյք կը զգամ: Բայց շատեր ինծի պիտի չհաւատան եթէ ըսեմ որ ինծի համար ամենասիրելին՝ նամակ գրելն է: Խենդ կÿըլլամ նամակ գրելու համար: Մանաւանդ եթէ բարեկամէ մը համով նամակ մը ստանամ: Նախ յափշտակութեամբ կը կարդամ այդ նամակը, եթէ արտակարգօրէն լաւ է անմիջապէս երկրորդ անգամ մըն ալ կը կարդամ զայն: Անկէ վերջ ալ իսկոյն կը պատասխանեմ: Ակնթարթային արագութեամբ կը պատասխանեմ: Եւ թէ երկար ու հանգիստ նամակով մը կը պատասխանեմ: Կեանքիս մէջ պատահած չէ որ նամակ մը ստանամ ու նոյն երկվայրկեանին երկար նամակ մը գրած չըլլամ իբր պատասխան: Միայն թէ հարց մը կայ: Ասիկա իրական պատսխան մը չէ: Մտքէս գրուած պատասխան մըն է: Մտքիս թուղթին վրայ գրուած պատասխան մըն է: Այսինքն յօրինուած է բայց չէ ղրկուած: Պատասխան մըն է որմէ դիմացինս լուր չունի: Պատասխան մըն է որ դիմացինս կը նկատէ «չտրուած պատասխան»:
Ասիկա փաստ մըն է որ ես շատ կը սիրեմ նամակ գրել, մանաւանդ նամակի պատասխանել: Եւ ասիկա կարեւոր կէտ է, որովհետեւ ես շատ նամակ կը ստանամ, մանաւանդ հիմա, որ ստեղծուած է նաեւ համացանցի վրայով ելեկտրոնիկ նամակ: Ո՛չ բանաստեղծութիւն կարդամ, ո՛չ պատմուածք կամ վէպ, կամ գրական ուսումնասիրութիւն: Միայն թէ նամակ կարդամ: Կրնամ ըսել որ կեանքիս մէջ մասամբ ձանձրացած եմ գրականութիւն կարդալէ, բայց չեմ ձանձնրացած նամակ կարդալէ
Նամակը հրաշալի է եթէ կուգայ սիրուած անձէ մը: Ելեկտրոնիկ նամակ ըլլայ կամ սովորական նամակ, սիրելի բարեկամէ մը եկած նամակը յանկարծ ելեկտրական հոսանք մը կը ստեղծէ կարծես անոր ու քու միջեւ:
Եւ մտքէս անմիջապէս պատասխանելէ վերջ այդ նամակին, կը մտածեմ որ իսկոյն պէտք է նստիմ ու գրեմ իրական պատասխանը: Գրաւոր պատասխանը: Ճիշդ այս կէտին վրայ է որ ծնունդ կ՝առնէ ահաւասիկ նամակագրութեան խնդրի իմ ողբերգութիւնը: Կ՝ըսեմ.
- Այո՛, անմիջապէս պէտք է պատասխանեմ: Աստուած իմ, իրեն ըսելու եմ սա բանը, նա բանը: Միայն թէ ասիկա լաւ ու երկար նամակ մը պէտք է ըլլայ: Հիմա ժամանակ չունիմ, քիչ վերջ, երբ գործս վերջանայ, կը նստիմ ու կը գրեմ:
Ասիկա շատ անկեղծօրէն ըսուած խօսք է, բայց այս անկեղծ խօսքը քանի մը թշնամիներ ունի իր դիմաց եւ այդ թշնամիներուն պատճառաւ չիրականանար, կը մնայ որպէս խօսք կամ մտածում:
Առաջին թշնամին, տրամադրութեան պակասն է: Իրաւ ալ, քիչ վերջ երբ գործս պիտի աւարտի ու ժամանակը յարմար պիտի ըլլայ նամակ մը գրելու, յանկարծ պիտի անդրադառնամ որ տրամադրութիւն չունիմ գրելու: Յոգնած եմ թերեւս, կամ ուրիշ նիւթէ մը տարուած եմ, կամ պարզապէս տխուր եմ, հարց մը սրտնեղութիւն պատճառած է ինծի: Հիմա այդ նամակը գրելու ժամանակը չէ, կը մտածեմ:
Երկրորդ թշնամին խանդավառութեան խախտումն է, կորսուիլը: Այն վայրկեանին երբ նամակը կարդացած էի, իսկապէս շատ խանդավառ էի, իսկապէս կ՝ուզէի անմիջապէս պատասխանել ու լաւ բաներ գրել, եւ այդ վայրկեանին սիրտս պայթելու չափ լեցուն էր: Բայց անցնող ժամերու ընթացքին այդ խանդավառութիւնը քիչ մը շիջեցաւ, սիրտս, որ պայթելու չափ լեցուն էր, կարծես քիչ մը պարպուեցաւ: Ինչեր ու ինչեր որոնց մասին պիտի գրէի, կարծես թռան գացին մտքիս մէջէն: Ուստի կը մտածեմ. Չէ՛, աւելի լաւ է որ քիչ մը սպասեմ ու աւելի յարմար առիթ մը գտնեմ սա պատասխանը գրելու համար:
Եթէ իրականութեան մասին խօսիլ պէտք ըլլայ, պիտի ըսեմ որ նամակագրութեան խնդրին մէջ իմ ամենամեծ թշնամիս այդ «քիչ մը վերջը» նախադասութիւնն է: Քիչ մը վերջը կը գրեմ: Քիչ մը վերջը՝ դարձեալ քիչ մը վերջը: «Քիչ մը վերջը» ասութիւնը մէկն է մարդուս կեանքը լեցնող այն դժբախտ բայց արգասաբեր ասութիւններէն, որոնք իրենց իրենց ծնունդ կուտան, այսինքն իրենց զիրենք կը վերանորոգեն անվերջ կերպով: Քիչ մը վերջը վերջ չունի իրականութեան մէջ: Այդ պատճառաւ ալ պատասխան-նամակը չի գրուիր: Այն պատասխան-նամակը որ քանի մը ժամ առաջ խենդի չափ անհամբեր դարձուցած էր զիս, շատ անգամ երբեք պիտի չգրուի այլեւս եւ դիմացինս ալ երբեք պիտի չգիտնայ թէ ես առաջին վայրկեանին որքան անհամբեր էի իրեն պատասխանելու: Ողբերգութի՛ւն: Ճիշդ այնպէս ինչպէս բանաստեղծը ըսած էր.
- Ես սիրեցի, բայց ոչ ոք գիտցաւ թէ որքան սիրեցի:
Վերջերս երբ բարեկամուհիի մը օգնութեամբ սկսած էինք դասաւորել քառասուն տարուան ընթացքին ստացուած նամակները, այսպէս մտածեցի: Աստուած իմ, հոս հազարաւոր մարդիկ կան որոնք ինձմէ պատասխան չեն ստացած, կամ ստացած են միայն այն պատասխանը որ իմ գրել ուզածս չէր: Եւ անոնք կարծեցին, կամ եթէ ողջ են, կը շարունակեն կարծել թէ ես չուզեցի պատասխանել իրենց: Ով գիտէ անոնք ալ որքան գոհ պիտի ըլլային, եթէ գիտնային թէ ինչպիսի հաճոյքով նամակ մը գրած պիտի ըլլայի իրենց, եթէ ...
Եթէ ի՞նչ:
Աստուած իմ, այս «եթէ»ն ալ վերջ չունի, ինչպէս որ վերջ չունի «քիչ մը վերջը» ասութիւնը:
Բաց գիշեր ցերեկ կ՝աղօթեմ որ բարեկամներս նամակ գրեն ինծի: Թող գրեն: Որովհետեւ ես շատ կ՝երջանկանամ երբ իրենցմէ նամակ մը կը ստանամ:
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» - Ռ. Հատտէճեան
(Յուշատետր - 71)