Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Այս Կիրակի  Հայ առաքելական եկեղեցին կը տօնէ  Սբ. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը, որ  եկեղեցւոյ հինգ  Տաղաւար (գըլխաւոր) տօներէն է, եւ կը  նշուի ամէն տարի Օգոստոս 15-ին մօտ Կիրակի օրը։
Աւանդութեան համաձայն՝ Քրիստոսի խաչելութենէն  12 տարի յետոյ Գաբրիէլ հրեշտակապետը Մարիամին աւետեց երկրային  աշխարհէն Վերին Երուսաղէմ վերափոխուելու լուրը։ Մինչ’երկինք փոխադրուիլը առաքեալներու  խնդրանքով Մարիամը իր պատկերը դրոշմեց տախտակի վրայ, որպէսզի այդ տախտակի միջոցով մարդիկ բժշկուին իրենց ախտերէն եւ զանազան հիւանդութիւններէն։


Տիրամօր յուղարկաւորութենէն կը   բացակայէր Սբ. Բարդուղիմեոս Առաքեալը. ան վերադառնալով  Երուսաղէմ, փափաք կը յայտնէ վերջին անգամ տեսնել Աստուածածինը։ Սակայն երբ Առաքեալները կը բանան գերեզմանը, այլեւս չեն գըտներ Սբ. Կոյսի մարմինը այնտեղ։ Որպէս մխիթարութիւն՝ առաքեալները փայտի վրայ դրոշմած պատկերը կուտան  Բարդուղիմեոսին։
Ըստ Մովսէս Խորենացիի՝ Հայաստանի առաջին լուսաւորիչը այն պատկերը կը բերէ Հայաստան եւ կը զետեղէ Անձեւացեաց գաւառի Դարբնոց կոչուած տեղը, ուր հետագային ի պատիւ Աստուածամօր եկեղեցի եւ կուսանոց կը հիմնադրուի:
Սբ. Կոյսի երկրային կեանքի վախճանը եկեղեցին մահ բառով չի որակեր, այլեւ այն կ՝անուանէ նինջ կամ երկրայինից երկնայինի Վերափոխում։
Աստուածածնի Վերափոխման տօնի օրը պատարագ կը մատուցուի, ապա խաղողօրհնէքի արարողութիւն եւ կ՝օրհնուի տարուայ ամբողջ բերքը: