Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Անցեալ տարուան Օգոստոսին եւ Սեպտեմբերին, նախ Պոնտոսի պատմական Այիա Սումելա եկեղեցւոյ, ապա Վանայ լճի Աղթամար կղզիին վրայ գտնուող հայկական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ արտօնելով Պատարագներու մատուցումը՝ Թուրքիոյ պետութիւնը փորձեց նոր դիմագիծով ներկայանալ միջազգային հանրութեան։

Փաստօրէն տեղի տալով հետզհետէ խստացող արտաքին ճնշումներուն, թրքական պետութիւնը փորձեց հաւաստիացնել բոլորին, թէ ինք պատրաստ է յարգելու իր երկրէն ներս ապրող փոքրամասնութիւններու իրաւունքները:
Իսկ անցեալ շաբաթ կայացած թրքական բանակի սպայակազմի փոփոխութիւններով, ապա յոյն եւ հայ փոքրամասնութեանց թերթերուն նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերելու տրամադրութիւն ցոյց տալով պաշտօնապէս (տեսնել Ուրբաթ 5 Օգոստոսի «Ազատ Օր»ը), վարչապետ Էրտողանի կառավարութիւնը առիթներ կը ստեղծէ (կամ կօգտագործէ), որպէսզի կարենայ ցոյց տալ Եւրոպական Միութեան շրջանակներուն, թէ ինք կը վարէ Թուրքիոյ յաւելեալ ժողովրդավարացման սատարող քաղաքականութիւն, իր հակակշռին տակ առնելով Թուրքիոյ զինուորական հզօր համակարգը եւ երկրի եւրոպական համարկումին ընդդիմացող շրջանակները:
Օգոստոս 15ի եւ Սեպտեմբեր 11ի նախօրեակին ենք դարձեալ:
Արդէն յայտարարուած է թուականը Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ արտօնուած Պատարագին, որ այս անգամ պիտի մատուցուի պատմական եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ զետեղուած երկաթեայ ծանր խաչի շուքին տակ:
Իսկ յոյն պոնտոսցիները ուրախութեամբ կը նշեն, որ դար մը ամբողջ անգործածելի մնալէ ետք, Այիա Սումելայի մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով Պատարագ պիտի մատուցուի այս տարի եւս, դարձեալ Օգոստոս 15ին, հակառակ Տրապիզոնի նահանգապետին կողմէ տրուած Պատարագին մատուցումը Սեպտեմբերին արտօնելու որոշումին։
Անցեալ տարի յունական մամուլը մեծատառ վերնագրերով ողջունած էր թրքական արտօնութեամբ Ս. Պատարագի մատուցումը, որ միջազգային ուշադրութեան կեդրոնը բերած էր Սումելայի յունական պատկանելի-ութեան հարցը, ինչպէս նաեւ Խալքիի Աստուածաբանական եկեղեցւոյ հարցը: Բայց յայտնի է, թէ արդէն դժուարութիւնները սկսած են. Պատարագին ներկայ պիտի գտնուին միայն այն յոյն պաշտօնատարները եւ եկեղեցական շրջանակները, որոնք յատուկ հրաւիրատոմսերով միայն պիտի կարողանան մուտք գործել վանքէն ներս: Հրաւէր ստացած է Ամերիկայի մէջ յունական պատրիարքարա- նը, մինչ ռուս եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ հրաւիրուած չէ: Յայտնի է, թէ Սումելայի վայրը աշխարհաքաղաքական եւ եկեղեցական տագնապներու պարարտ հողի մէջ  «ընկղմած է»: Ռուսաստանի յոյները, որոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը պոնտական ծագում ունին եւ Մոս-կուայի պատրիարքութեան կը պատկանին, անտեսուած զգացած են այս որոշումէն: Ամէն կողմէ բարձրացող ձայ- ները եւ պատգամները ընդհանրապէս հասցէագրուած  են երրորդ եւ չորրորդ կողմերու...
Թէ՛ յունական պետութիւնը, թէ՛ եկեղեցական շրջանակները, թէ՛ Ֆանարի տիեզերական պատրիարքութիւնը ուշադիր եւ նուրբ պէտք է շարժին այս գծով, որովհետեւ անդին կանգնած է «եւրոպական դէմք ցուցադրողը», որ իր պարտականութիւնը լիուլի կատարած ըլլալու հոգեբանութեամբ կը շարժի եւ միայն օգուտներ կÿուզէ քաղել այսպիսի իրերամերժ կացութիւններ ըս-տեղծող  վարուելակերպէ:
Յունական օրինակն ու ահազանգը որպէս նախազգուշացում թող ընկալուին հայ պատասխանա-               տուներուն կողմէ:
Հնադարեայ հայկական եւ յունական եկեղեցիներէն ներս, տարին անգամ մը, Պատարագ մատուցելու իրաւունքն ու արտօնութիւնը երբեք դիւրութեամբ չտուաւ Թուրքիան, ոչ ալ հոգը կþապրի փոքրամասնութեանց իրաւունքներուն այնքան ատեն, որ անոնք չեն փակեր Եւրոպա տանող իր ճանապարհները ու չեն խոչընդոտեր տարածաշրջանէն ներս «մեծ ուժ» ըլլալու իր մարմաջին:
Չմոռնա՛նք, որ երկար տարիներու պայքարներու  արդիւնք են այս կէս-բերան արտօնութիւնները, որոնք պէտք չէ խանգարուին ներքին խռովութեանց պատրուակով։

Հռիփսիմէ Յարութիւնեան-Եաղուպեան