«Ձեր հնամենի լեզուն ես չեմ գիտեր, բայց կը սիրեմ զայն։ Անոր մէջ Արեւելքը կը զգամ, դարերը կը նշմարեմ անոր մէջ, կը տեսնեմ անցեալի խորհրդաւոր նշոյլի շաղարձակումը։ Ինծի համար պարծանք է գիտնալ, որ իմ ստեղծագործութիւններս կը թարգմանուին հայերէնի»։
Վ. ՀԻՒԿՕ
Ֆրանսացի գրող
«Դժուար է գտնել ազգի մը տարեգրութիւնը, որ աւելի զերծ ըլլայ պարտաւորող ոճիրներէն, քան հայերունը, որոնց առաքինութիւնները խաղաղասիրութեան արգասիք են, իսկ արատները՝ բռնադատման հետեւանք։ Սակայն, ինչպիսին ալ ըլլար անոնց ճակատագիրը, որ դառն եղած է, ինչպիսին ալ ըլլայ ապագային, անոնց երկիրը յաւէտ պիտի մնայ աշխարհի ամենէն հետաքրքրական երկիրներէն մէկը, եւ անոնց լեզուն աւելի խոր ուսումնասիրութիւն կը պահանջէ՝ աւելի գրաւիչ դառնալու համար»։
ՃՈՐՃ ՊԱՅՐԸՆ
Անգլիացի բանաստեղծ, հայագէտ
«Ի՞նչպէս կարելի է կարդալ Նարեկացի ու չսիրահարիլ Հայաստան երկրին, ունենալ Թումանեան, Իսահակեան, Չարենք, Սեւակ եւ ուրիշ մեծեր ու չապրիլ յաւերժող մշակոյթի ժառանգներու օրինական հպարտութիւնը։ Կը մնայ, որ դուք, թանկագի՛ն հայ ուսուցիչներ, համաշխարհային հնչեղութիւն ունեցող այդ դասերը հաղորդէք ձեր սաներուն, զանոնք տոգորէք աշխարհի ամենէն հարուստ եւ հմայիչ լեզուներէն մէկուն՝ հայերէնի տիրոջ բարձր զգացումներով»։
ՉԻՆԿԻԶ ԱՅԹՄԱՏՈՎ
Խրղըզ գրող, պետական մրցանակներու դափնեկիր, աշխատանքի հերոս
«Հայոց լեզուին միւս կողմը, որ արժանի է հիացմունքի, անոր բառային եւ ոճային հարստութիւնն է։ Այս առանձնայատկութիւնը հայ բանաստեղծներուն հնարաւորութիւն կուտայ համաշխարհային գրականութեան գանձերը բոլոր նրբերանգներով թարգմանելու հայերէն։ Եւ բառապաշարի ճիշդ այս հարստութիւնն է, որ դժուարութիւն կը յարուցէ օտարազգի թարգմանիչներուն՝ հայ գրականութիւնը իրենց լեզուներով թարգմանելու ժամանակ»։
ԷՏ ՇՈՒՑ
Հունգար բանասէր, հայագէտ
«Սուրբ է հայրենիքը։ Անիկա մեր հացն է, մայրական գիրկը, մեր մանկութիւնը, մեր պապերու գերեզմանն է ու մեր մանուկներուն զուարթ օրօրոցը։ Հայրենիքը մեր տարեգիրքն է եւ մեր հին ու նոր քնարը։ Հայրենական տան ծուխն է, որ մեր հրճուանքն ու վիշտը կը տանի աստղերուն։ Նուիրական է ան, որովհետեւ մեզ գրկող բազուկներն ու սիրող սրտերը հող դարձած են հոն։ Հայրենիքը լեզուն է, ան կը միացնէ անցեալը, ներկան ու ապագան, մեռածն ու ապրողը, ան կը յաւերժացնէ ազգը, շտեմարանի մէջ առկայ ազգի հոգեւոր գանձերը։... Հայոց լեզուին մէջ մարմնացած է հայ ժողովուրդի ոգին։ Ամէն մէկ բառը անոր ոգիին մէկ կտորն է։ Այդ բառերուն մէջ են մեր զրկանքները, դառն ու զուարճալի մեր ապրումները, մեր երազները, յոյսերը, իղձերը, սէրը՝ մեր ողջ ժողովուրդը։ Անոր համար ծով արիւն թափած են մեր նախնիները։ Մեր լեզուն բարձր լեռներէն եւ խորունք ձորերէն ծնուած լեզու է՝ բարձունքների եւ խորութիւնների լեզու»։
ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ
«Զարմանալի է մեր ազգի կենսունակութիւնը. ես լեցուն եմ այդ կենսունակութեան անսասան հաւատքով։ Կենսունակութիւն՝ խօսքի բարձր ու ազնիւ իմաստով։ Եւ ոչ մէկ բռնակալ, ոչ մէկ բարբարոս չեն կրցած նուաճել եւ ընկճել հայկական ցեղի այդ հզօր յատկութիւնը։ Ամէն անգամ, ամէն մէկ բռնակալի առջեւ հայ ժողվուրդը կարող է կրկնել Վարդանանց խօսքը, թէ՝ «կարող ես տանջել հայի մարմինը, բայց անոր հոգիի հետ ի՞նչ կարող ես անել...։
«Լեզուն է ամէն մէկ ժողովուրդի ազգային գոյութեան եւ էութեան ամէնէն խոշոր փաստը, ինքնուրոյնութեան եւ հանճարի ամէնէն խոշոր դրոշմը, պատմութեան եւ հեռաւոր անցեալի կախարդական բանալին, հոգեկան կարողութիւններու ամէնէն ճոխ գանձարանը, հոգին ու հոգեբանութիւնը»։
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ
«Մեր նախնիները մեզ եւ աշխարհին փոքր ժառանութիւն չէ, որ կտակած են։ Բայց մենք պիտի հասկնանք եւ հասկնալով չմոռնանք երբեք, որ մեր ժառանգութեան մեծագոյն գանձը մեր լեզուն է։ Գալով անյիշելի ժամանակներից, անցնելով բազում դարերի միջով, շփուելով բազում ազգերի լեզուներին՝ հայոց լեզուն իւրատեսակ հանրագիտարան է անյիշելի ժամանակների, բազում դարերի եւ բազմաթիւ այլ ազգերի։ Այսպէս դատելով՝ մեր լեզուն միայն մեզ չի պատկանում, այլ՝ աշխարհին. նա նաեւ միայն մե՛ր սրբութիւնը չէ, այլ՝ մասունքը հանուր մարդկութեան... համայն մարդկութեան այդ լեզուի խնամքը, նրա անաղարտութիւնը, պաշտպանութիւնը դրուած է մեզ վրայ»։
ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ
«... Մեր լեզուն արիւնն է մեր
Արիւնից աւելի թանկ,
Մեր բուրմունքն ուգոյնն է մեր,
Մեր լեզուն մենք ենք ու կանք։
Նա պիտի մեր առաջին
Ու վերջին սէրը լինի,
Ի՞նչ ունենք էլ աշխարհում,
Որ այսքան մերը լինի»։
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ
«Մեր շուրջը լեզուներ նոր ու հին,
Մեր շուրջը խօսում են այլօրէն,
Եկ խօսենք, եղբայր իմ, հայերէն։
Կուլ չերթանք այս ահեղ լափումին,
Թոյլ չտանք մեր լեզուն աւերեն,
Եկ խօսենք, միշտ խօսենք հայերէն»։
ԽԱՉԻԿ ԴԱՇՏԵՆՑ
«Դպրոցի ազգութիւնը կախեալ չէ աշակերտների եւ վարժապետների լոկ հայութենէն. լեզուն է միայն, որ կարող է այդ վերնագիրը դնել դպրոցի ճակատին... Թող ուրեմն, հայ մանուկը, նախ եւ առաջ, որպէս հայու զաւակ, ուսանի իր սեփական լեզուն եւ ապա՝ օտարինը։ Ազգի հոգին եւ ազգի սիրտը կարող են իրենց յատկութիւնը եւ որակը մաքուր պահել միայն կերպարանոգործուելով ազգային լեզուի ազդեցութեան տակ. այս ճշմարտութիւնն ուրցողը՝ ուրացող է ազգութեան։
«Լեզուն է այն սարսափելի ուժը, որու դէմ տկար են նաեւ միլիոնաւոր բարբարոսների սուինները։ Բնութեան ահարկու ուժերէն յետոյ... Լեզուն առաջին զօրութիւնն է, որ կը յայտնուի բնութեան մէջ՝ բովանդակուած բարոյական աշխարհին մէջ։ Լեզուն է ազգութեանց դրօշակը, լեզուն է նոցա որպիսութեան եւ վիճակի յայտարարը։ Չկայ աշխարհիս երեսին ազգ մը, որ բարբարոս ըլլալով, լեզուն ըլլար վսեմացած, չկայ նոյնպէս ազգ մը, որ քաղաքագործուելով՝ բարբարոս լեզու մը ունենար»։
ՄԻՔԱՅԷԼ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
«Որքան աւելի կը զբաղուիմ հայոց լեզուով, ինձ կը թուի ճոխութիւն, հրաշք եւ ոսկիի հանք։ Որքան կը մշակեմ, այնքան կը զգուի, կը շողշողայ։ Որքա՜ն գոյներ ունի լեզուն եւ որքա՜ն արտայայտչական հնարաւորութիւններ»։
ՆԱՐ-ԴՈՍ
«Լեզուն իրաւ գանձ մըն է, որին չի կարող փոխարինել աշխարհի ոչ մէկ հարստութիւն։ Իր մայրենի լեզուն վատ գիտցող մարդը կէս մարդ է, չգիտցողը՝ թշուառ, ծառէն ինկած տերեւ մը, որը կը տատանուի ամէն մի պատահական քամուց»։
ՍՏԵՓԱՆ ԶՕՐԵԱՆ
«Յունարէնը մեղմ է, հռոմէական լեզուն՝ հզօր, հոներէնը՝ ահաբեկող, ասորերէնը՝ աղերսական, պարսկերէնը՝ պերճ, ալաներէնը՝ գեղեցկազարդ, գոթերէնը՝ հեգնական, հնդկերէնը՝ ճռուողեկէն, հայերէնը՝ քաղցր, որը միաժամանակ կարող է միւս բոլոր լեզուներու յատկութիւններն ամփոփել իր մէջ»։
ԵՂԻՇԷ
«Բաւական չէ ազգասէր եւ հայրենասէր ըլլալը, քիչ մըն ալ պէտք է լեզուասէր ըլլալ, պէտք է սիրել, պաշտել, գգուել լեզուն, ինչպէս՝ հարազատ զաւակ եւ հարազատ մայր։ Սիրոյ այդ սերմը միայն մեր աչքի առջեւ կը բացի լեզուի անհատնում ճոխութիւնը, անոր նրբութիւնն ու քաղցրութիւնը»։
ՂԱԶԱՐՈՍ ԱՂԱՅԵԱՆ