Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Հայաստանեան մամուլին մէջ լոյս տեսած յաջորդական եւ հակասական լուրերը ցոյց կու տան, որ դեռ ոչինչ յստակ է «Գարֆուր»ի հայաստանեան ճակատագրին մասին:

Արդէն անցեալին գրած էին որոշ թերթերու այն պնդումին մասին, թէ իր անհամեմատ աժան գիներով՝ «Գարֆուր» կրնայ մեծ վնաս պատճառել ընդհանրապէս՝ հայաստանցի օլիկարխներուն, յատկապէս՝ «Երեւան սիթի» հանրախանութներու ցանցի սեփականատէր, գործարար-երեսփոխան Սամուէլ Ալեքսանեանին: Այս եւ յարակից պատճառներով՝ «Գարֆուր»ի Հայաստան հաստատումը  խնդրայարոյց ընող վարկածներէ ետք՝ լսուեցաւ նաեւ ձայնը «Գարֆուր»ի հայաստանեան ներկայացուցչին, որ կÿըսէր, թէ ծրագիրը բարձիթողի չէ եղած եւ ի մօտոյ կը բացուի համաշխարհային հսկային երեւանեան հանրախանութը՝ մայրաքաղաքի նորաբաց «Դալմա գարդեն» առեւտրական կեդրոնին մէջ:

Նիւթին վերջին արձագանգողն է «Հայկական ժամանակ» օրաթերթը, որ անցեալ շաբթուան իր թիւերէն մէկուն մէջ կը գրէր, թէ հաւաստի տեղեկութիւններու համաձայն՝ «Գարֆուր»ի ներկայացուցիչները բաւական ժամանակէ ի վեր կը փորձեն հանդիպում ունենալ Հայաստանի բարձրաստի- ճան ղեկավարութեան հետ, բայց «չի ստացւում»:

««Կարֆուրի» ներկայացուցիչներին մերոնք «ցրում» են՝ ասելով, որ նախագահական ընտրութիւններ են, եւ թէ՛ Սերժ Սարգսեանը, թէ՛ Տիգրան Սարգսեանը խիստ զբաղուած են: Սակայն «Կարֆուրի» ներկայացուցիչների հետ հանդիպումները հնարաւորինս ձգձգելը պայմանաւորուած է նրանով, որ այստեղ չեն կարող առայժմ պատասխանել նրանց հարցերին», կը գրէ թերթը:

Այս լուրերուն յաջորդած է Emedia.am-ի կողմէ հրապարակուած այլ լուր մը, ըստ որու՝ «Գարֆուր»ի փոխարէն «Դալմա գարդեն»ի մէջ հաւանաբար բացուի «Երեւան սիթի» ցանցի հանրախանութ մը:

Իսկ «Արմենիա Նաու» համացանցային թերթին կողմէ «Գարֆուր կրուփ»ին ուղղուած գրաւոր հարցումին ի պատասխան՝ «Մաճիտ ալ Ֆութթաիմ կրուփ»ը, որ Միջին Արեւելքի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ «Գարֆուր»ի ծաւալումով կը զբաղի, պատասխանած է, թէ օրակարգի վրայ կը մնայ երեւանեան խանութի բացումը, որ նախատեսուած է յառաջիկայ 12 ամիսներու ընթացքին:

Civilnet.am ալ կը գրէ, թէ «Գարֆուր», բացի «Դալմա գարդեն»էն, կը նախատեսէ Երեւանի մէջ բանալ երկու գերհանրախանութ՝ մէկը Արշակունեաց պողոտային վրայ՝ «Հայրենիք» կինոթատրոնի մօտ, միւսը՝ Աւանի մէջ՝ Երեւան-Սեւան ճամբուն վրայ:

Ինչպէս կ'երեւի, ժողովրդական ասացուածքով, «դեռ շատ ջուր կը վերցընէ» «Գարֆուր»ի թղթածրարը:

 

«Նոր Յառաջ»