Համացանցի գոյառումէն ի վեր, լուրերն ու կարծիքները ազատ-համարձակ կը թեւածեն եթերին մէջ եւ առիթ կու տան բոլորիս ոչ միայն անյապաղ իրազեկ դառնալու աշխարհի անցուդարձերէն, ծանօթանալու մեր համաերկրագնդեցիներու մտածումներուն, այլեւ ներշնչուելու անոնցմէ, շարունակելու խորհրդածութիւնները, մասնակից դառնալու մտքերու զարգացման։
Ունիմ մի քանի ընկերներ, որոնք հաւատարմօրէն զիս կը սնանեն իրենց ել-առաքումներով։ Պէտք է խոստովանիմ, որ ել-նամակատուփս կը յորդի, ու չեմ հասնիր արժանավայել կերպով ճաշակելու անոր հայթայթած ճոխ ուտեստեղէնը, սակայն եւ այնպէս պարբերաբար կը յաջողիմ համտեսելու ստացածներէս ոմանք։
Առ այդ, կÿ'ւզեմ շնորհակալ ըլլալ այդ ընկերներուս, ու յատկապէս անոր, որ սոյն գրութիւնը ուղարկեր էր ինծի։ Ստորեւ, գրեթէ նոյնութեամբ ու թարգմանաբար զայն կը ներկայացնեմ, իմ կողմէ նուազագոյն միջամտութեամբ, այդ մասին խորհրդածութիւններս ալ այլ առիթով մը ներկայացնելու խոստումով։
* * *
Ընթրիքի մը շուրջ, խումբ մը սեղանակիցներ կը զրուցեն կեանքի տարբեր երեւ ոյթներուն կամ խնդիրներուն մասին։ Անոնցմէ մէկը, որ մեծ ընկերութեան մը գլխաւոր գործադիր պաշտօնատարն (ԳԳՊ - CEO) էր, կ'արծարծէ կրթութեան հարցը.
- Պզտիկ մը ի՞նչ պիտի սորվի մէկէ մը, որուն կեանքի լաւագոյն ընտրանքը ուսուցիչ ըլլալը եղած է, - կ'ըսէ ան, ու դառնալով ներկաներէն մէկուն, որ ուսուցչուհի էր, հարց կու տայ. - Ըսէ՛, Պոնի, դուն ուսուցչուհի ես, եւ անկեղծ եղիր, ի՞նչ կը վաստկիս (անգլերէն՝ what do you make?, իսկ այդ վերջինը բազմիմաստ բառ մըն է, որ կը նշանակէ նաեւ շինել, մղել, ընել, ընել տալ, եւ այլն)։
Պոնին, որ ճշմարտախօսութեան ու անկեղծութեան համբաւ ունէր (նաեւ, ինչպէս կ'երեւի՝ լաւ բառապաշար, ու խօսքին տակը մնացողը չէր - Վ-Ա.), կը պատասխանէ.
- Կ'ուզե՞ս, իսկապէս ըսեմ, թէ ի՞նչ կը շինեմ (այստեղ արդէն ան բառը կը գործածէ ո՛չ փոխաբերական իմաստով)։ Ու երկվայրկեան մը սպասելէ ետք՝ կը շարունակէ.
- Լաւ, ես պզտիկները կ'աշխատցնեմ աւելի՛ եռանդուն կերպով, քան անոնք երբեւիցէ կը կարծէին որ կրնան։
Միջակ աշակերտին այնպէս զգալ կու տամ, որ Ազգային ժողովի պատուոյ մետալին դափնեկիրն է։
Պզտիկները նստիլ կու տամ 40 վայրկեան տեւող դասապահին ամբողջ ընթացքին, մինչ իրենց ծնողները չեն կրնար հինգ վայրկեան նստիլ տալ՝ առանց ել-սարքի մը (iPod, Game Cube) կամ վարձուած շարժանկարի մը օգնութեան։
* * *
- Կ'ուզէ՞ք գիտնալ ի՛նչ կը շինեմ, - կը հարցնէ ան ու դարձեալ պահ մը կանգ կÿառնէ եւ կը նայի սեղանին շուրջ նստածներէն իւրաքանչիւրին.
- Աշակերտներուն՝ զարմանա՜լ կու տամ։ Հետաքրքրուի՛լ (կամ հարցում ընել) կու տամ։
Ներողութիւն խնդրել կու տամ, եւ ատիկա՝ ո՛չ երեսանց։
Իրենց կը սորվեցնեմ յարգանք ունենալ իրենց արարքներուն նկատմամբ, ու պատասխանատու զգալ անոնց համար։
Իրենց գրե՛լ կը սորվեցնեմ ու գրե՛լ կու տամ։ Ստեղնաշարելը (keyboarding) ամեն ինչ չէ՛։
Կարդալ, կարդա՛լ, կարդա՜լ կու տամ։
Ուսողութեան իրենց հաշիւները ցոյց տալ կու տամ։ Անոնց իրենց աստուածատուր ուղեղները կը գործածեն, եւ ոչ թէ արհեստական հաշուիչները։
Այլ երկիրներէ եկած աշակերտներուս կը սորվեցնեմ ինչ որ պէտք են գիտնալ անգլերէն լեզուին մասին, պահելով հանդերձ իրենց իւրայատուկ մշակութային ինքնութիւնը։
Դասարանս կը վերածեմ վայրի մը, ուր աշակերտներս ապահով կը զգան։
Վերջապէս, իրենց կը հասկցնեմ, որ եթէ իրենց տրուած շնորհները գործածեն, ջանադիր աշխատին ու հետեւին իրենց սրտին՝ կեանքի մէջ կրնա՛ն յաջողիլ։
Պոնի կարճ դադար մը կÿառնէ վերջին անգամ մը եւս, ապա կը շարունակէ.
- Յետոյ, երբոր մարդիկ փորձեն զիս դատել իմ նիւթական վաստակիս համաձայն, ու ես գիտնալով, որ դրամը ամեն ինչ չէ, կրնամ գլուխս պահել բարձր եւ կարեւորութիւն չտալ անոնց, որովհետեւ տգէ՛տ են անոնք։
Կ'ուզէ՞ք գիտնալ ի՞նչ կը շինեմ։
Ես իմ ազդեցութիւնը կ'ունենամ ձեր բոլորին կեանքերուն վրայ՝ դաստիարակելով պզտիկները, ու զանոնք պատրաստելով, որ ԳԳՊ-ներ- բժիշկներ ու ճարտարագէտներ դառնան։
Իսկ դո՞ւն, պարոն ԳԳՊ, դո՛ւն ինչ կը շինես...
Ան, կզակը կախ, լռած էր։
Այս դրուագը դպրոցի մը տնօրէնը պատմեր է շրջանաւարտից ամավերջի հանդէսին։
Մտածենք ըսուածին մասին, մանաւանդ զայն փոխադրենք մե՛ր իրականութեան մէջ, ու բաղդատենք մե՛ր կեցուցածքներուն հետ՝ հա՛յ ուսուցիչին նկատմամբ...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ