Թերեւս մարդիկ...
Թերեւս մարդիկ ձանձրանան ինձմէ
երբ ամէն անգամ Հայաստան ըսեմ,
բայց ինծի համար ուրիշ ելք չկայ
մեր փրկութիւնը ես հոն կը տեսնեմ:
Ես կը նմանիմ այն վանականին
որ օր ու գիշեր զԱստուած կը գովէ,
զի իրեն համար ուրիշ նպատակ
ուրիշ սրբութիւն չկայ կեանքին մէջ:
Իրեն պէս ես ալ սրբաջերմ տենչով
դէպի հայրենիք կ՛ երթայ իմ հոգին,
դէպի ժողովուրդ, դէպի հայութիւն,
դէպի ապագան իմ պաշտած ազգին:
Զի կը հաւատամ երբ ազգս մնայ
յաւիտենական հզօր եւ անգին,
Աստուած ալ նոյնպէս յաւերժ կը դառնայ
աշխարհին վրայ նաեւ երկնքին:
Ամէն անգամ...
Ամէն անգամ երբ գրիչս մտածէ
ներքին ուժով հայրենիքս կը յիշեմ,
զի հոն է որ կը նոյնանամ ես ինծի
զի իրմէ զատ ուրիշ խոհեր չունիմ ես:
Տարիներով Սփիւռք պահեցինք, պատիւ մեզ,
զի ուզեցինք, որ հայ մնանք, այնպէս չէ՞,
բայց բնական պայմաններու բերումով
տարուէ տարի մենք ձուլուեցանք տոկալով:
Այժմ օտար հողերուն վրայ չմնանք,
օտարը մեր ինքնութիւնով չի սոնքար,
ինչ որ կ՛ընենք կը նահանջէ զառիվայր,
հայրենիքն է մեզ փրկողը, իմացէք:
Ես կը գրեմ ապագային նայելով,
կը հաւատամ ինչ որ թուղթին կը յանձնեմ,
հայութիւնը սրբութիւն մ՛է ինձ համար
առանց անոր ուրիշ արժէք չի մնար:
Գերի էինք...
Գերի էինք, երկիր ունինք այժմ մենք,
երկիր, որուն պէտք է փարինք հաւատքով,
ի շահ իրեն, ի շահ մեզի, մենք մնանք
իր հողերուն որպէս պաշտպան յաւիտեան:
Գանգատելով տեղ չենք հասնիր, իմացէք,
աջին, ձախին անճիշդ խօսքեր նետելով,
զիրար սիրող պէտք է դառնանք ազգովին
միասնակամ պէտք է ապրինք գործելով:
Ոչ ոք կրնայ տէրը դառնալ մեր կեանքին,
միայն մենք ենք տէրը անոր վերելքին,
ոչ ոք կրնայ սուտ բառերով մեզ վարել
ու կեանքը մեր սին խօսքերով օրօրել:
Մեր հողերը երբ լքելով մենք կ՛երթանք
օտար հողեր հանգստութիւն փնտռելով,
դաւաճանած կ՛ըլլանք երկրին, հայութեան,
մեր անձերը օտարներուն զոհ տալով:
Ժողովուրդն է մեր ապագան, իմացէք,
որքան կրնանք անոր նեցուկ մենք կանգնինք,
ժողովուրդին եթէ կռնակ դարձնենք
օտարին մօտ նորէն ստրուկ կ՛ըլլանք մենք:
Հայրենիքի հողը սուրբ է ինձ համար,
ոչ մէկ ուրիշ օտար հողի նման չէ,
հո՛ն կը տեսնեմ ժողովուրդիս ապագան
հո՛ն է որ մենք պէտք է ապրինք միակամ:
Կը հաւատամ...
Կը հաւատամ հայու հզօր կուռ կամքին
Կը հաւատամ իր ազգային զօրութեան
Կը հաւատամ իր պատմական անցեալին
Կը հաւատամ իր լուսաշող գալիքին:
Իմ կեանքին մէջ ուրիշ սէրեր չունիմ ես
Հայրենիքն է, որ կը տիրէ բոլորին
Զի անոր մէջ իմաստ կ՛առնէ իմ կեանքը
Զի անոր մէջ կ՛երջանկանայ իմ հոգին:
Մարգար Շարապխանեան