Print
Category: Յօդուածագրութիւն

«Ալլահու աքպար, կÿըսեմ, բայց Քրիստոսին կը դիմեմ: Աստուած կը լսէ աղօթքներս: Այս կու գայ իմ ամենախորունկ էութենէս: Այս աղօթքները իմ գաղտնիքն են»:
Այս խօսքերով կը պատասխանէ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ապրող եւ իր հայկական ծագումը թաքցնող կինը, France 24 հեռատեսիլի կայանի թղթակիցին այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս ան իր հաւատքը կարտայայտէ:

Ինչքան յուզիչ եւ տպաւորիչ են այս խօսքերը, որոնք անգամ մը եւս ցոյց կու տան Ցեղասպանութեան ողբերգական հետեւանքները մէկ կողմէն, իսկ միւս կողմէն մեր ազգային ինքնագիտակցութեան ոյժը, ինքնագիտակցում մը որ միաձուլուած է քրիստոնէութեան հետ եւ կրնայ նոյնիսկ նման պայմաններու մէջ գոյատեւել եւ երբ պէտք է ինքզինքը արտայայտել: Ցեղին հառաչանքը կայ մէկ կողմէն այս խօսքերուն մէջ, իսկ միւս կողմէն ալ դիմադրելու անոր աննկուն կամքը:
Անցեալները երբ հայ մը այցելած է Կարսի Սբ. Առաքելոց եկեղեցին, հոն մէկու մը հանդիպած է, որ նախ եւ առաջ. «Մենք լաւ իսլամներ ենք» ըսել է ետք պատմած է, թէ ինչպէս վերջերս իր հայրը մահացած ժամանակ մերժած է որ շէյխը իր վրան աղօթէ, այլ պարզապէս եւ ի զարմանս իր ընտանիքին անդամներուն, խաչակնքած է ու այդպէս իր հոգին աւանդած, միայն այն ժամանակ բացայայտելով իր հայկական ինքնութիւնը:
Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ապրող թաքնուած հայերուն նիւթ, առաջ եկած է մանաւանդ վերջին մէկ-երկու տարիներուն: Ըստ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան‘ անոնց թիւը մօտաւորապէս եօթը հարիւր հազարի կը հասնի, ըստ Հրանդ Տինքին‘ մէկ միլիոնի, իսկ ըստ Անգարայի համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու առարկայի փրոֆէսօր‘ Պասքին Օրանին, Թուրքիոյ մէջ Անգարայէն սկսեալ եւ դէպի արեւելք ընտանիք մը չկայ որուն մէջ հայկական արիւն չի հոսիր:
Թաքնուած հայերը կրնան շատ կարեւոր դեր խաղալ ապագային, որովհետեւ անոնք կրնան կարեւոր լծակ հանդիսանալ, երբ պատմական պահը գայ մեր ազգային երազներուն իրականացման: Մեր Ցեղասպանութեան ամենէն ժխտական հետեւանքը, բացի մարդկային զոհերէն, հողի կորուստն է: Մինչ օրինակ հրեաներուն Հոլոքոսթը իրենց պատմական հողերուն վրայ տեղի չէ ունեցած, մեր պարագային մենք կորսնցուցինք մեր հողերը: Մարդկային կորուստները որոշ չափով արդէն վերականգնած ենք, հողի կորուստն է որ շատ աւելի դժուար է ետ առնել: Իրականին մէջ այս մէկ կէտը կրնայ աւելի կարեւոր գործօն ըլլալ, եթէ այսօր հիմքեր ուզենք ստեղծել ապագային աւելի հիմնաւորուած ձեւով փաստարկելու համար մեր իրաւունքները եւ փոխհատուցումը: Մեր պահանջատիրութեան թոյլ կողմը այն է, որ մինչեւ վերջերս կը կարծէինք թէ ներկայութիւն չունինք մեր հողերուն վրայ, ահա այս պատճառով կարեւոր է, որ առիթը չկորսնցնենք եւ աշխատինք կարելիին չափ թաքնուած հայերը եւ անոնց ընտանիքները բացայայտուած հայեր դարձնելու համար:

Այսօր, մարդկային միտքը դեռ կը պայքարի հաւասարակշռել զիրար հակասող‘ սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքներու սկզբունքները: Այս վիճակը այսպէս չի կրնար շարունակուիլ: Աշխարհը կը փոխուի, պատմութիւնը իր անակնկալները ունի: Ո՞վ կրնար գուշակել ասկէ քսանհինգ տարիներ առաջ, որ Խորհրդային Միութիւնը պիտի փլուզուէր: Ո՞վ կրնար ասկէ դեռ տարի մը առաջ գուշակել, թէ արաբական աշխարհը նման փոփոխութիւններու կրնար ենթարկուէր:Մարդկային բարոյական, հասարակական եւ քաղաքական միտքը դէպի այն ուղղութիւնը կÿերթայ, երբ կանուխ թէ ուշ, միջազգային հարցերը լուծելու որպէս սկզբունք, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը առաջնային պիտի դառնայ: Օրինակ‘ ՄԱԿ-ի կողմէն պաշտօնականացած Քոսովոյի եւ Հարաւային Սուտանի անկախութիւնը, Աբխազիայի, Հարաւային Օսեթիոյ եւ Արցախի փաստացի անկախութիւնը ու միջազգային կարեւոր կեդրոններու կողմէն լռելեայն համաձայնութիւնը: Միւս կողմէն հեռու չէ այն օրը երբ արեւմտեան աշխարհին հաւասար ոյժ մը պիտի ձեւաւորուի ու այլեւս աշխարհը պիտի չըլլայ միակեդրոն: Ասոր կարեւոր մէկ նախանշանը տեսանք վերջերս, երբ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին մէջ, Սուրիոյ դէմ որոշում մը ընդունելու Արեւմուտքի նախաձեռնութիւնը չյաջողեցաւ Ռուսիոյ, Չինաստանի, Հնդկաստանի եւ Պրազիլիոյ դիմադրութեան պատճառով:
Այն օրը պիտի գայ, երբ Թուրքիան ալ ցնցումներու պիտի ենթարկուի, մանաւանդ քիւրտերու հարցին պատճառով, որոնք շատ աւելի ազդեցիկ ու իրենց հետեւանքներով շատ աւելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլան քան մինչեւ այսօր եղածները:
Ահա այդ օրուան մենք պատրաստ պէտք է ըլլանք, եւ պատրաստ ըլլալու ամենէն կարեւոր ձեւերէն մէկը կրնայ ըլլալ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայկական մասսայական ներկայութեան մը ապահովումը:
Ասոր համար կարեւոր է, որ այսօր ապագայի տեսիլքը ունենալով չանտեսենք այս հարցը: Ասոր համար լաւ ուսումնասիրուած, լաւ ծրագրուած, լաւ ֆինանսաւորուած աշխատանքի մը անհրաժեշտութիւնը կայ, աշխատանք մը որ պէտք է տարուի կարելի եղածին չափ առանց աղմուկի: Այս աշխատանքը դժուար կրնայ ըլլալ, այս աշխատանքը վտանգաւոր կրնայ ըլլալ, բայց զայն պէտք է իրագործել, ինչպէս որ կիրագործած ենք մեր ուրիշ ազգային կենսական ծրագիրները: Բնական է, որ Թուրքիան պիտի փորձէ խանգարել նման աշխատանք մը, բայց պէտք է նկատի առնել, որ անոր խանգարելու կարելիութիւնները աւելի սահման փակ են ներկայիս քան առաջ, նկատի առնելով ժամանակակից կապի եւ լրատուական միջոցներուն լայն տարածումը եւ Թուրքիոյ աւելի թափանցիկ ու ժողովրդավարական երկիր մը ըլլալու ճիգը:
Միւս կողմէն, ինչպէ՞ս կարելի է անտարբեր մնալ թաքնուած հայերուն հոգու կանչին, ինչքանո՞վ ճիշդ պիտի ըլլար անտեսել եւ չօժանդակել հետզհետէ անոնց աւելի համարձակ փափաքը իրենց հայկական ինքնութիւնը արտայայտելու համար:
Յստակ է, որ նման ծրագիր մը մեծ դժուարութիւններու կրնայ հանդիպիլ, ոչ միայն արտաքին ճակատի վրայ, այլ նաեւ‘ ներքին: Տեսականօրէն կարելի է երազել իտէալական վիճակի մը մասին, երբ բոլոր թաքնուած հայերը պիտի ուզեն դարձի գալ, այսինքն‘ իսլամութենէն հրաժարիլ եւ քրիստոնեայ դառնալ: Կը կարծեմ կարեւոր մէկ մասը այդ մէկը պիտի ուզէ ընել, բայց կարելիութիւնը կայ, որ ուրիշ մաս մը պիտի ուզէ հայ կոչուելով հանդերձ իսլամ մնալ: Ահա այս հարցը մեր ներքին կեանքին մէջ կրնայ տագնապ ստեղծել: Նման հարց մը առաւել զգայուն եւ փափուկ է նաեւ անձնապէս ինծի համար, որպէս հայ քրիստոնեայ հոգեւորական:
Հարցին մակերեսային նայելով եւ արագ պատասխան մը տալէ անդին անցնելով, պէտք է զայն ուսումնասիրել, խորանալ, ներկայ ժամանակներուն առանձնայատկութիւնները նկատի առնել եւ միաժամանակ ապագայի ճիշդ տեսիլք ունենալով, որոշել մեր առաջնայինութիւնները:
Ի՞նչ կացութիւն կրնայ ստեղծել հայ իսլամներու գոյութիւնը: Հայ հասկացողութիւնը խորունկ ձեւով մը միաձուլուած է քրիստոնէութեան հետ, չնայած ուրիշ հարց է, թէ ինչքանով իսկական քրիստոնեաներ ենք, բայց այս մէկը հեռու է այս յօդուածի նիւթէն: Նոյնիսկ կաթողիկէութիւնն ու բողոքականութիւնը մեծ դժուարութիւններով մեր մէջ մտած են եւ հաստատուած, ալ ուր մնաց հայկական իսլամութիւն մը:

Հոս արժէ նշել քանի մը կէտեր.

1.- Նկատի պէտք է ունենալ, որ ամենալաւ պարագային թաքնուած հայերուն թիւը հաւանաբար մէկ միլիոնի կրնայ հասնիլ, որոնցմէ կարեւոր մէկ մասը կրնայ դարձի ուզել գալ: Ասոր համար նախ եւ առաջ պէտք է ամէն ճիգ թափել բոլոր թաքնուած հայերը դարձի բերելու համար, եւ եթէ լուրջ դիմադրութիւն ըլլայ՝ այն ատեն միայն մտածել հայ իսլամներու հաւանականութեան մասին: Յօդուածին սկիզբը յիշատակուած երկու օրինակները ցոյց կու տան, որ թաքնուած հայերուն մէջ զօրաւոր է քրիստոնէութիւնն ու հայութիւնը որպէս անբաժանելի իրողութիւններ տեսնելու հասկացողութիւնը:
2.- Միշտ պէտք է նկատի ունենալ, առ այժմ դարձի գալու մերժողներուն, ապագային այդ մէկը ընելու կարելիութիւնը: Այս մէկը աւելի արագ կրնայ ըլլալ, եթէ լուրջ քարոզչական աշխատանք տարուի, նաեւ‘ եթէ համբերութիւն եւ հասկացողութիւն ցուցաբերենք անոնց հանդէպ, քրիստոնէաբար վերաբերինք ու վերէն չնայինք անոնց:
3.- Իսլամ հայերը հաւանաբար աւելի արագ պիտի աճին, իրենց կրօնական հասկացողութեան պատճառով:
4.- Թուրքիան իսլամ հայերուն որպէս հայ պիտի չընդունի, պատրուակ ունենալով Օսմանեան օրերէն եկած «Էրմէնի միլլեթ»-ի օրէնքը, ուր պետութեան կողմէն հայութեան ճանաչումը տեղի ունեցած է քրիստոնէական համայնքներու հիման վրայ: Ասոր դիմաց‘ իսլամ հայերը աւելի քիչ դիմադրութիւն կրնան յառաջացնել քան քրիստոնեայ հայերը, հետեւաբար աւելի դիւրին կրնար ըլլալ այդ ուղղութեամբ աշխատիլը:
5.-Հայաստանի պետութիւնը հաւանաբար պիտի չուզէ մասնակցիլ նման ծրագիրի մը, եւ այդ մէկը իրականացման պարագային Սփիւռքն է որ զայն պիտի իրագործէ:
6.- Հայ իսլամներ կան, ուզենք թէ չուզենք եւ մենք չենք կրնար այդ մէկը արգիլել:

Ասոնք հարցեր են, որոնք առնչութիւն ունին հայ իսլամներու նիւթին հետ, բայց միւս կողմէն նկատի ունենալով վերը նշուած պատմական պահի առանձնայատկութիւնները, մանաւանդ պէտք եղած պահին մեր պատրաստ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը, կը կարծեմ որ այս հարցը պէտք է լրջօրէն ուսումնասիրուի եւ յարմար ու իմաստուն ձեւ մը գտնուի հնարաւոր հայ իսլամ համայնքի մը գոյութեան կարելիութեան համար:
Ոչ թէ որովհետեւ քրիստոնեայ հոգեւորական եմ, այլ ամբողջ էութեամբս կը հաւատամ թէ ամենակատարեալ կրօնքը քրիստոնէութիւնն է, պարզապէս այն պատճառով, որ ան՝ ի տարբերութիւն միւս կրօնքներուն, հիմնուած է ուղղակիօրէն Աստուծոյ կողմէն‘ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ:
Միւս կողմէն կը հասկնամ սակայն, թէ կեանքին մէջ շատ յաճախ, մեր ցանկութիւններն ու կարելիութիւնները իրարու չեն համապատասխաներ: Իրականութիւնները յաճախ ուրիշ են քան մեր պատկերացումները: Քաղաքականութիւնը‘ որոշ նպատակներու հասնելու համար, կարելի միջոցներ գտնելու արւեստն է: Իսկական քաղաքականութիւնը արդարութեան կը ձգտի, որ իր կարգին կը նպաստէ Աստուծոյ Արքայութեան հաստատման երկրին վրայ: Տեսիլք ունենալը, ապագային պատրաստ ըլլալը, կարեւոր պայմաններ են ազգի մը գոյութեան եւ բարգավաճման: Այն ազգը, որ այս որակը ցուցաբերած է, յաջողութիւններ արձանագրած է, իսկ այն ազգը որ մերժած է այդ, ձախողութիւններ: Մենք երկու պարագայ ալ ունեցած ենք: Լաւ պիտի ըլլար, որ այսօր ճիշդ կողմնորոշուինք եւ պատրաստուինք պատմական պահին, որ կրնայ գալ մէկ անգամ եւ որը փախցնելը կրնայ ունենալ շատ ժխտական հետեւանքներ:

ՊԵՏՐՈՍ ՔՀՆՅ. ՇԻԹԻԼԵԱՆ
Սփրինկֆիլտ, ԱՄՆ